2024.09.20 Incontro dei Movimenti Popolari

Քահանայապետը Ժողովրդական Շարժումներուն. Պայքարեցէք անարդարութիւններուն դէմ, ձայն տուէք աղքատներուն

Վատիկանի մէջ կայացած առաջին հանդիպումէն տասը տարիներ ետք երէկ 20 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապը «San Callisto»ի Վատիկանեան կառոյցէն ներս, ուր կեդրոն ունի նաեւ Մարդկային Համապարփակ զարգացումի Վերատեսչութիւնը, հանդիպեցաւ այնտեղ համախմբուած Ժողովրդական Շարժումներու ներկայացուցիչներուն հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2014ն էր երբ առաջին անգամուայ համար Վատիկանի մէջ կազմակերպուեցաւ Քահանայապետի եւ Ժողովրդական Շարժումներու միջեւ անդրանիկ հանդիպումը, որուն կիզակէտը եղած էին «տուն, հող եւ աշխատանք» հասկացողութիւնները եւ ահա այս նոյն բառերը ներշնչում կը շարունակեն ըլլալ հանդիպումներուն, որոնք նաեւ տարածք են «եղբայրութեան» ու «հանդիպումի մշակոյթին», միասին դիմագրաւելու համար ժամանակակից մարտահրաւէրները ի նպաստ ընկերային արդարութեան, խաղաղութեան եւ հասարակաց տան խնամքին։

Վերոյիշեալ թուականէն տասը տարիներ ետք, երէկ, 20 սեպտեմբեր 2024-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը Սան Քալլիսթոյի Վատիկանեան կառոյցէն ներս, ուր կեդրոն ունի նաեւ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Վերատեսչութիւնը, հանդիպեցաւ այնտեղ համախմբուած Ժողովրդական շարժումներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ

Ընկերային արդարութիւնը

Նորին Սրբութիւնը այս առիթով ներկաներուն ուղղեց շատ երկար ճառ մը, սպաներէն լեզուով, գրաւոր ճառին վրայ աւելցնելով իր անպատրաստից խօսքերն ու մտքերը, որոնց մէջ ակնարկեց ընկերային արդարութեան հրաւիրելով հոգ տանիլ ամենավերջիններուն, տարեցներուն, մանուկներուն, մօտիկ ըլլալով անոնց եւ ձայն տալով անոնց որոնք ձայն չունին, ինչպէս ընկերութենէն անտեսուածները եւ մոռցուածները։ Ան ապա կոչ ուղղեց անոնց որոնք «աւելի» ունին իրենց բարիքները դնելու միւսներու տրամադրութեան տակ, որովհետեւ «հարստութիւնները եղած են որպէսզի բաժնեկցուին, ստեղծագործ ըլլան ու խթանեն եղբայրութիւնը» ըսաւ Ան, յիշեցնելով` որ «առանց սիրոյ մենք ոչինչ ենք»։

Բոլորս ալ կախեալ ենք աղքատներէն

Սրբազան Քահանայապետը անգամ մը եւս ուզեց ընդգծել թէ մինչեւ այն ժամանակ որ աղքատներուն հարցերը արմատական կերպով չլուծուին կարելի չէ լուծել աշխարհին հարցերը, որովհետեւ «բոլորս ալ կախեալ ենք աղքատներէն» ըսաւ Ան յիշեցնելով, որ աղքատները Աւետարանին կիզակէտն են»։

Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ շատ անգամ հարուստներն են անոնց, որոնք արգելք կը հանդիսանան ընկերային արդարութեան, «ժլատութեան» պատճառաւ, ու ճնշում կատարելով կառավարութիւններուն վրայ, իրենց ի շահ քաղաքականութիւններ որդեգրելու համար։

Բաժնեկցիլ Հարստութիւնը ու զայն դիզել երկինքի մէջ

Ան ապա «անբարոյ» համարեց քիչերու ձեռքերուն մէջ դիզուած հարստութիւնը եւ դարձեալ շեշտեց հարստութիւնները բաժնեկցելու հարկաւորութիւնը` «ոչ որպէս մուրացկանութիւն այլ եղբայրաբար»։

Յիսուս արդարեւ չէր դիզեր այլ կը բաժներ» եւ մեզի թելադրեց «հարստութիւններ չդիզել երկրի վրայ ուր ցեցն ու ժանգը կը փճացնեն զանոնք եւ գողերը պատը քանդելով կը գողնան։ Այլ հարստութիւնը դիզել երկինքի մէջ, ուր ցեցն ու ժանգը չեն կրնար փճացնել զայն, եւ ոչ ալ գողերը կրնան պատը քանդելով ներս մտնել եւ գողնալ։ «Որովհետեւ ձեր հարստութիւնը հոն է ու է նաեւ ձեր սիրտը» (Մտ 6.19-21):

Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ

Յաղթողի մշակոյթը

Սրբազան Պապը հուսկ դատապարտեց «յաղթողի մշակոյթը» որ «մնացորդացի մշակոյթին» մէկ երեւոյթն է, ուր կայ չարաշահում, բնութեան շահագործում, կաշառակերութիւն, եւ կազմակերպուած ոճրագործութիւն» եւ ուր շատեր «իրաւունք կը համարեն ամբարտաւանօրեն արհամարհել «պարտուողները»։ Այս մէկը սակայն հակառակ է «կարեկցութեան» եւ կարող է յառաջացնել բռնութիւն, «անտարբեր լռութիւն» հաստատեց Նորին Սրբութիւնը եւ ասկէ մեկնելով առաջարկեց սէր։

Առանց սիրոյ մենք ոչինչ ենք

«Սէր պէտք է» հաստատեց Ան, սէր` որուն ինք հանդիպեցաւ վերջերս Տիլի կատարած առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս «Իրմաշ Ալմա» դպրոցին մէջ, ուր կը խնամուին անկար մանուկներ։ «Առանց սիրոյ այդ մէկը հասկնալի չէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ միայն սիրոյ միջոցաւ է, որ կարելի է հասկնալ ընկերային արդարութիւնը եւ համապարփակ բնապահպանութիւնը, սէր` զոր պէտք է ապրիլ առօրեայի մէջ, ընտանեկան յարաբերութիւններու եւ հասարակական բոլոր վայրերուն մէջ։ Առանց սիրոյ մենք ոչինչ ենք»

Անհատապաշտութիւնն ու դրամ աստուածի ծառայողները

Նորին Սրբութեան արծարծած նիւթերէն եղաւ նաեւ անհատապաշտութիւնը որ «կ՛արդարացնէ անտարբերութիւնը, դաժանութիւնն ու բնաջնջումը» ըսաւ Ան հրաւիրելով նաեւ թոյլ չտալ` որ յափշտակուի պատմական յիշողութիւնը եւ սեփական ժողովուրդի պատկանելիութիւնը։ Ան առ այդ դատապարտեց «դրամ աստուածի» ծառայողները, ըլլան անոնք քաղաքական անձնաւորութիւններ կամ քաղաքացիական ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ ու մտաւորականներ, ու նաեւ քահանաներ։

Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ

Ժողովրդական տնտեսութեամբ պայքարիլ յանցաւոր տնտեսութեան դէմ

Նորին Սրբութեան ճառին մաս կազմեց նաեւ կազմակերպուած ոճրագործութեան դատապարտումը, որուն ծիրէն ներս ան յիշեց, «Թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան, մանկական մարմնավաճառութեանն, մարդավաճառութեան, դաժան թաղային բռնութեան» ողբերգութիւնները, զոր «պէտք է դիմագրաւել» ըսաւ Ան ու խրախուսեց Ժողովրդական Շարժումները շարունակելու ժողովրդական տնտեսութեամբ պայքարիլ «յանցաւոր տնտեսութեան դէմ»։

“«Մի յանձնուիք... Ոչ մէկ մարդ, առաւել եւս ոչ մէկ երեխայ, պէտք չէ ապրանք դառնայ մահուան առևտրականներու ձեռքերուն մէջ, այդ նոյն անձերը` որոնք յետոյ արեան փողերը կը լուան և ապա ընթրիքներ կը սարքեն, որպէս յարգարժան պարոններ լաւագոյն ճաշարաններուն մէջ» եղաւ Սրբազան Պապին այլ մէկ թելադրանքներէն մին։”

Կանխել ատելութեան, բռնութեան, կեղծ լուրերու, գեղապաշտութեան տարածումը

Ան չի մոռցաւ ակնարկելու նաեւ «առցանց խաղադրույքներու» մասին, որոնք կախուածութիւն կը ստեղծեն եւ կը կործանեն ընտանիքներ։ Ապա հրաւիրեց «կանխել ատելութեան, բռնութեան, կեղծ լուրերու, գեղապաշտութեան տարածումը և կանխել նաեւ ցանցերու օգտագործումը մանկական պոռնկութեան կամ այլ յանցագործութիւններ տարածելու համար»:

Համընդհանուր հիմնական աշխատավարձ

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը վերահաստատեց «Համընդհանուր հիմնական աշխատավարձի» առաջարկը, որպէսզի «արհեստական բանականութեան, ոչ պաշտօնականութեան և աշխատանքի անկայունութեան ժամանակ, ոչ ոքի բացառուի ապրուստի համար անհրաժեշտ հիմնական ապրանքները»: Ասիկա «կարեկցանք» է, այո, բայց նաև «խիստ արդարութիւն» ըսաւ Ան, իղձ յայտնելով նաեւ, որ նոր սերունդները կարողանան գտնել աւելի լաւ աշխարհ մը` «աշխարհ մը` որ արիւնոտ չըլլայ պատերազմներու եւ բնութիւններու պատճառաւ, վիրաւոր անհաւասարութիւններու եւ բնութեան չարաշահումներուն հետեւանքով, ուր հաղորդակցութիւնը ապամարդկային չէ, անտեղեակ տեղեկատւութեան կառավարման շահագրգիռ ձևերու բերումով, եւ չըլլայ` առանց ճանապարհը նշող քաղաքական, սոցիալական և տնտեսական տիպարներով, որոնք ունին շատ քիչ դրական իտէալներ և հսկայական սպառնալիքներ»:

Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ
Քահանայապետին հանդիպումը Ժողովրդական Շարժումներուն ներկայացուցիչներուն հետ

Տուն, հող, աշխատանք

Մեր ճամբորդութիւնը կը շարունակուի երազելով և միասին աշխատելով, որպէսզի աշխատողներն ունենան իրաւունքներ, բոլոր ընտանիքներն ունենան տանիք, բոլոր հողագործները ունենան հող, բոլոր երեխաները կրթութիւն , բոլոր երիտասարդներն ունենան ապագայ, բոլոր տարեցներն ունենան լաւ թոշակ, բոլոր կանայք ունենան հաւասար իրաւունքներ, բոլոր ժողովուրդները ինքնիշխանութիւն, բոլոր բնիկ ժողովուրդները տարածքներ, բոլոր գաղթականները հիւրընկալութիւն, բոլոր էթնիկ խումբերը յարգանք, բոլոր կրօնները ազատութիւն, բոլոր տարածաշրջանները խաղաղութիւն, բոլոր բնապահպանական համակարգերը պաշտպանութիւն, եղաւ Սրբազան Պապին ճառին վերջին թելադրանքը, որ ապա Ժողովրդական Շարժումներուն հաւաստիացուց իր աղօթքները, յիշեցնելով, որ յոյսը երբեք յուսախաբ չի թողուր ու թէ «ան առաքինութիւնն է անմենատկաներուն», «թէեւ ամենատարը բայց յուսախաբ չի թողուր» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով որ «ոչ մէկ անձ մնայ առանց յոյսի»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2024, 08:00