Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Կարդինալական Դասին` Հռոմի Քուրիայի բարեկարգումներու սկիզբի տասներորդ տարեդարձին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Տասը տարի առաջ մենք սկսանք հռոմէական Քուրիայի բարեփոխումը և առաքելական սահմանադրութեան միջոցաւ ստեղծուեցաւ Սուրբ Աթոռի նոր կազմակերպութիւնը՝ յստակեցնելով անոր առաջնորդող սկզբունքներն ու նպատակները։ «Ecclesia semper reformanda – Եկեղեցին միշտ պէտք է բարեփոխուի». Այս է այն ոգին, որ աշխուժացուց բարեփոխումը, որպէսզի երաշխաւորէ, որ Հռոմէական Քուրիան աջակցի Պետրոսի Յաջորդին իր բարձրագոյն հովուական պաշտօնը իրականացնելու համար, համընդհանուր Եկեղեցւոյ և առանձին Եկեղեցիներու բարօրութեան և ծառայութեան ի սպաս»:
Վերոնշեալ այս տողերը կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 16 սեպտեմբեր 2024 թուակիր նամակին մէջ ուղղուած կարդինալական դասին։
Գնահատելով ապա այս առումով տարուած աշխատանքը ու բարեփոխումներու մէջ ներգրաւուած անձերուն զոհողութիւնները, Սրբազան Քահանայապետը նկատել տուաւ, որ «հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն (...) շատ եղան այս տարիներուն ձեռք բերուած արդիւնքները»։ Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Կարդինալական դասի բոլոր անդամներուն անոնց օգնութեան համար ապա ուզեց շեշտը դնել կարեւոր մէկ թեմայի վրայ այն է «Սուրբ Աթոռի տնտեսական բարեփոխումի» հարցը մեկնելով այն համոզումէն թէ «առաքելութեան ծառայող տնտեսական միջոցները սահմանափակ են և պէտք է կառավարուին խստութեամբ և լրջութեամբ, որպէսզի Սուրբ Աթոռի ժառանգութեան նպաստողներու ջանքերը չվատնուին»:
Սրբազան Պապը հուսկ հրամայական նկատեց յաւելեալ ջանք դափել որպէսզի ««Զեռօ պակասորդը» ոչ միայն տեսական նպատակ ըլլայ, այլ նպատակ` որ ըլլայ իսկապէս հասանելի»։
«Բարեփոխումը հիմքեր դրաւ բարոյական քաղաքականութեան իրականացման համար, որ թոյլ կու տայ բարելաւել առկայ ժառանգութեան տնտեսական ցուցանիշները: Ասոր կ՛ընկերանայ իւրաքանչիւր հաստատութեան կողմէ իր առաքելութեան համար արտաքին միջոցներ գտնելու աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը, օրինակ ունենալով` Եկեղեցւոյ ծառայութեան թափանցիկ և պատասխանատու կառավարումը» գրեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով, որ «ծառայութիւնը կատարուի էականութեան հոգիով՝ խուսափելով աւելորդէն և լաւ ընտրելով մեր առաջնահերթութիւնները, փոխադարձ համագործակցութեամբ ու փոխգործակցութեամբ»։
«Մենք պէտք է տեղեակ ըլլանք, որ այսօր մեր առջև ծառացած են ռազմավարական որոշումներ, որոնք պէտք է ընդունուին մեծ պատասխանատուութեամբ, քանի որ կոչուած ենք երաշխաւորելու Առաքելութեան ապագան» գրեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ Սուրբ Աթոռին կառոյցներն ու «իշխանութիւնները շատ բան ունին սորվելիք ընտանիքներուն մէջ ապրուած զօրակցութենէն» ուր ունեցողը կը հասնի չունեցողի օգնութեան։ Այսպիսով այն հաստատութիւնները` որոնք յաւելեալ գումարներ կ՛արձանագրեն իրենց պիւտճէին մէջ, պէտք են նպաստել ընդհանուր «պակասորդին» եւ այս կը նշանակէ «հոգ տանիլ մեր հասարակութեան բարիքին», գործելով աւետարանական վեհանձնութեամբ, որպէս նախապայման վեհանձնութիւն պահանջելու նաեւ դուրսէն։
Ի վերջոյ Սրբազան Պապը խնդրեց, որ իր այս պատգամը ընդունուի «քաջութեամբ եւ ծառայութեան հոգիով» եւ «վճռութեամբ, հաւատարմութիւն, եւ նուիրումով թիկունք կանգնին բարեկարգումներուն», նպաստելով այդ գործընթացին։
«Սուրբ Աթոռի հաստատութիւններէն իւրաքանչիւրը կը կազմէ մէկ մարմին բոլոր միւսներուն հետ միասին. հետևաբար, միակ նպատակի ի սպաս իսկական համագործակցութիւնը, Եկեղեցւոյ բարօրութեան ուղղութեամբ, կը ներկայացնէ մեր ծառայութեան էական պահանջը» գրեց Սրբազան Քահանայապետը ու նամակը աւարտեց խնդրելով որ «աշխատանքին ընկերանան հաւատարմութեամբ ու վստահութեամբ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ