Ֆրանչիսկոս Պապը երիտասարդներուն. Երազեցէք արդար խաղաղութիւն մը, պատերազմը չարին յանձնուիլ է
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Ի տես պատերազմներուն ու բազմաթիւ մարդոց, որոնք իրենց կեանքը կը կլոսեցնեն ամէն օր, մանուկներ, տարեցներ, երիտասարդներ, այր մարդիկ ու կիներ» աշխարհը պահանջը ունի խաղաղութեան գործիքներու, որովհետեւ «կեանք չկայ առանց խաղաղութեան» այլ կայ միայն մահ ու կործանում, մինչդեռ Յիսուս կ՛ապրի եւ կ՛ուզէ որ պատանիները ողջ ըլլան։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին Ամալֆիթանիան ծովափին Սան Լորենցօ ա Սքալա Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ կայացած «Խաղաղութեան գործիքներ» վերտառութեամբ համաժողովի մասնակցող երիտասարդներուն ուղղած պատգամը, որուն մէջ Ան ի միջի այլոց անոնցմէ կը խնդրէ որ դառնան «յոյսի ուխտաւորներ» եւ երազել «արդար խաղաղութիւն մը» ամէն օր իրականացնելով «խաղաղութեան արարքներ» եւ «կառուցելով փոխադարձ զօրակցութեան ու բարեկամութեան կամուրջներ»։
Հարկաւոր է ապա «ի սրտէ աղօթել խաղաղութեան համար», յանձնառում մը` որ պէտք է ըլլայ առօրեայ, որովհետեւ աղօթքը «զօրեղ եւ արդիւնաւէտ զէնք մըն է», երբ մենք մեզ «անկարող կը զգանք համաշխարհային իրականութեան ողբերգութեան դիմաց»։ Հարկ է առ այդ միշտ աւելիով աղօթել, որպէսզի խաղաղութիւնը շուտով հաստատուի։
Քահանայապետը հուսկ երիտասարդներէն կը խնդրէ ապրիլ` որպէս «յոյսի ուխտաւորներ«, առանց յոգնելու «եղբայրութիւն ու արդար խաղաղութիւնը երազելէ», որովհետեւ Աստուծոյ երազն է` որ «իր զաւակները ըլլան միացած ու երջանիկ» իրար զիրար ճանչնալով որպէս եղբայրներ»։
Քահանայապետին կոչն է ապա` չի յանձնուիլ այն մտածումին թէ պատերազմը կարող է լուծել հարցերը, որովհետեւ «ան միշտ ալ պարտութիւն է ու ամօթալի յանձնում չարի ուժերուն դիմաց»։ Ուստի անհրաժեշտ է «յիշել բոլոր զոհերը», զոր երբեք պէտք չէ մոռնալ, որպէսզի անոնց յիշատակը «շօշափելի կերպով տանի ներկայի մէջ գտնելու ելքի ուղի մը հաշտութեան ճանապարհի մէջ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ