Մարզեցէք ճշմարտութեան համար բաց միտքեր և սրտեր, որոնք կարող ըլլան կարդալ ժամանակի նշանները. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Թող այս հինաւուրց և մեծ համալսարանը միշտ մարզէ ճշմարտութեան համար բաց միտքեր և սրտեր, որոնք կարող են կարդալ ժամանակի նշանները և նուիրուած ըլլան քաղաքացիական կեանքի վեհ նպատակներուն: Մի մոռնաք՝ իրականութիւնը կը գերազանցէ գաղափարին, ամբողջը՝ մէկ մասին, միասնութիւնը՝ հակամարտութեան, ժամանակը կը գերազանցէ տարածութեան»։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գրառումն է սա, զոր ան արձանագրեց աշխարհի ամենահին կաթողիկէ համալսարաններէն նկատուող Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանի ոսկեմատեանին մէջ, Ուրբաթ` 27 սեպտեմբերին, Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած միջազգային առաքելական 46րդ ճամբորդութեան ծիրէն ներս այցելութիւն տալով համալսարանին ու հանդիպելով ուսուցչական կազմին հետ։
«Մեռեալները չեն երազեր»
Վերոնշեալ հանդիպումին սկիզբը Քահանայապետին ու հաւաքին մասնակցողներուն ցուցադրուեցաւ «Մեռեալները չեն երազեր» խորագիրով տեսերիզ մը, որուն մէջ երկու պաղեստինցի փախստական կիներ վկայութիւն տուին իրենց ապրած ողբերգութեան մասին։
Անոնք հաստատեցին, թէ իւրաքանչիւր պաղեստինցի ընտանիք սուգ մը ապրած է ու թէ նոյնիսկ փոքր մանուկները «մասնագէտ» դարձած են ու կարող են զանազանել ռումբին ծագումը եթէ անիկա օդանաւէն կու գայ կամ թնդանօթէն։
«Մանկութիւնդ ապրելու կարելիութիւնը չունիս։ Պէտք ես արագ կերպով մեծնալ» եղան անոնց խօսքերը, որոնք ապա նշեցին. թէ ինչպէս պատերազմէն տուժողներէն շատեր կիներ են ու «անոնց մարմնին վրայ է` որ կը կատարուի այդ պատերազմը», ըսին անոնք, նկատել տալով, որ շատ անգամ իրենց «կեանքը աւելի նուազ կ՛արժէ քան անասուններուն կեանքը» ու թէ իրենք ականատես եղած են «ճամբաներու վրայ քայքայուող ոչնչացուած դիակներու»։
«Մենք քալեցինք գրեթէ տասը ժամ, դիակներ կային ամենուրէք», այն ձգտումով` հասնիլ Եւրոպա, որ անվտանգ վայր է, բայց երազանքով վերադառնալ մեր Երկիր Պաղեստինը, տրուած ըլլալով, որ օտարութեան մէջ ապրիլն ալ դիւրին չէ, նա մանաւանդ երբ գաղթական ես։ Կը հասնիս նոյնիսկ մտածելու, թէ «աւելի լաւ է կեանքը վտանգել ու մեռնիլ քու սիրելիներուդ հետ, քան կիսատ կեանք մը ապրիլ անոնցմէ հեռու»։
Տխուր եւ յուզիչ վկայութիւն մը, որ դպաւ նաեւ Քահանայապետի սրտին, որ իր խօսքին մէջ ի միջի այլոց ըսաւ. «Մինչ ոմանք սահմանները խստացնելու կոչ կ’ընեն, դուք՝ որպէս համալսարանական համայնք, այդ սահմանները ընդարձակած էք, ձեր բազուկները պարզած էք ընդունելու ցաւով դրոշմուած այս մարդկանց, օգնելու անոնց սորվիլ ու աճիլ»։
Հանդիպում հաւատացեալներուն հետ
Katholiek Universiteit Leuven համալսարանի ուսուցչական կազմին հետ հանդիպելէն ետքը Սրբազան Քահանայապետը «Golf»ի սայլով անցաւ Grote Markt հրապարակ ողջունելու այնտեղ հաւաքուած հաւատացեալները, հակառակ վատ եղանակին: Անոնց շարքին էին բազմաթիւ տարեցներ, հիւանդներ, երեխաներ։
Հանդիպում կպերականներու կողմէ գորածդրուած բռնութիւններու թիրախներուն հետ
Իսկ Երեկոյեան Ան Պրիւքսէլի Առաքելական Նուիրակութիւն վերադարձին հանդիպեցաւ` Պելճիքայի կղերական դասի ոտնձգութիւններու ու բռնութիւններու թիրախ 17 անձերու հետ։
Աւելի քան երկու ժամ տևած հանդիպման ընթացքին մասնակիցները կարողացան իրենց պատմութիւնն ու ցաւը փոխանցել Ֆրանչիսկոս Պապին և յայտնել իրենց ակնկալիքները՝ կապուած չարաշահումներու դէմ Եկեղեցւոյ պարտաւորութեան: Նորին Սրբութիւնը ուշադրութեամբ մտիկ ըրաւ անոնց վկայութիւններուն, երախտագիտութիւն յայտնելով անոնց քաջութեան համար եւ հաւաստիացնելով, որ պիտի քննարկէ անոնց խնդրանքները։
Հանդիպումը աւարտեցաւ երեկոյեան ժամը 9-ի ժամանակները, որով վերջ գտաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Պրիւքսէլի մէջ առաջին օրուան օրակարգը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ