Սինկափուրը ներդաշնակութեան մէջ իրար հետ ապրող ցեղերու, մշակոյթներու եւ կրօններու խճանկար է. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Հինգշաբթի 12 սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը, որ մէկ օր առաջ ժամանած էր Քահանայապետութեան միջազգային 45րդ ճամբորդութեան չորրորդ ու վերջին հանգրուան հանդիսացող Սինկափուր` տեղական ժամով առաւօտեան 9-ին, Հռոմի ժամով 3-ին, այցելութիւն տուաւ Սինկափուրի «Parliament House»ին, ուր տեղի ունեցաւ իրեն ի պատիւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ներկայութեամբ Երկրի նախագահ` Տիար Թարման Շանմուկարադնամին։
Հանդիպում Սինկափուրի Նախագահին ու Վարչապետին հետ
Արարողութեան աւարտին Քահանայապետը քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ նախագահին անոր հետ ունենալով առանձնական հանդիպում մը, հուսկ հանդիպեցաւ նաեւ Սինկափուրի Վարչապետ` Տիար Վոնկ Շիուն Թսայի հետ։
Պաշտօնական այս հանդիպումներէն ետքը Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Սինկափուրի Ազգային համալսարանի մշակութային կեդրոն, ուր նախատեսուած էր հանդիպումը Երկրին եկեղեցական, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, ձեռնարկատէրերու ու մշակոյթի աշխարհը ներկայացնող շուրջ հազար անձնաւորութիւններուն հետ։
Առեւտուրի խաչմերուկ և տարբեր ժողովուրդներու հանդիպման վայր
Սինկափուրի նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետքը, Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահին ու նաեւ իշխանութիւններուն իրեն վերապահած ջերմ ընդունելութեան համար` այս ձեր «քաղաք պետութեան մէջ, որ առաջնային նշանակութեամբ առեւտուրի խաչմերուկ է և տարբեր ժողովուրդներու հանդիպման վայր» ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով «երկնաքերներու անտառին», որոնք «կարծես ծովէն դուրս կու գան» եւ որ «յստակ վկայութիւն մըն են մարդկային հնարամտութեան, սինկափուրեան հասարակութեան շարժականութեան և ձեռնարկատիրական հոգիի խորաթափանցութեան»։
Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց ապա Սինկափուրի պատմութեան, որ «Խոնարհ ծագումէն հասած է զարգացման բարձր մակարդակի՝ ցոյց տալով, որ այդ մէկը պատահական չէ, այլ խելամիտ որոշումներու արդիւնք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը յիշելով նաեւ Սինկափուրի առաջին Վարչապետ Տիար Լի Քուան Եուի ծննդեան 101 տարեդարձը, որ Երկիրը կառավարեց 1959 մինչեւ 1990 թուական, մեծապէս նպաստելով երկրի արագ աճի և բարեփոխման:
Կառուցել արդար հասարակութիւն
Կարևոր է նաև, որ Սինկափուրը ոչ միայն տնտեսապէս բարգաւաճեցաւ, այլեւ ձգտեցաւ կառուցել հասարակութիւն մը, ուր մեծապէս գնահատուած է սոցիալական արդարութիւնն ու ընդհանուր բարիքը` ինչպէս քաղաքացիներու կենսապայմաններուն բարելաւման գծով տարուած աշխատանքը, անոնց տրամադրելով հանրային բնակարաններ, բարձրորակ կրթութիւն ու արդիւնաւէտ առողջապահական համակարգ:
Անհրաժեշտ է զարգացնել իրական և շօշափելի մարդկային յարաբերութիւններ
Քահանայապետը հուսկ գնահատանք արտայայտեց աւելի տկար խաւերուն ի սպաս յատկացուած քաղաքականութեան ու նաեւ գաղթական աշխատաւորներու արժանապատւութիւնը յարգող օրէնքներուն ի տես, հաստատելով թէ «թուային դարաշրջանի բարդ արհեստագիտութիւնը և արհեստական բանականութեան կիրառումի արագ զարգացումները, չեն կարող մեզ ստիպել մոռնալ, որ անհրաժեշտ է զարգացնել իրական և շօշափելի մարդկային յարաբերութիւններ, ու թէ այս արհեստագիտութիւնը պէտք է արժեւորել մէկը միւսին մօտեցնելու համար, խթանելով հասկացողութիւն եւ զօրակցութիւն»։
«Սինկափուրը ներդաշնակութեան մէջ իրար հետ ապրող ցեղերու, մշակոյթներու եւ կրօններու խճանկար մըն է...ուր իւրաքանչիւր անհատ իր սատարը կու տայ հասարակաց բարիքին, թոյլ չտալով, որ ծայրայեղութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը ուժ ունենան ու վտանգի տակ դնեն ընկերային խաղաղութիւնը։
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը
«Փոխադարձ յարգանքը, համագործակցութիւնը, երկխօսութիւնը և միասնական օրէնքին հաւատարմութեամբ հաւատքը դաւանելու ազատութիւնը որոշիչ պայմաններ են Սինկափուրին ձեռք բերած յաջողութեան և կայունութեան համար» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը, որ ապա ընդգծեց ու կարեւորեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը, Սինկափուրի ուղեւորութեան մէջ, յատկապէս կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտներէն ներս։
«Միշտ ոգեւորուած Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանով` Կաթողիկէ համայնքը առաջնագիծի վրայ է նաև բարեգործական աշխատանքներուն մէջ, ղեկավարելով շարք մը առողջապահական հաստատութիւններ և մարդասիրական կազմակերպութիւններ, որոնց շարքին Քարիթասը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով, որ Եկեղեցին մշտապէս խթանեց միջկրօնական երկխօսութիւնը եւ տարբեր հաւատացեալ համայնքներու միջեւ համագործակցութիւնը, բացութեան և փոխադարձ յարգանքի հոգիով, որ հիմնարար է, արդար և խաղաղ հասարակութիւն մը կառուցելու համար:
Սինկափուր Վատիկան դիւանագիտական յարաբերութիւնները
Ճառին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Սինկափուրի միջեւ 43 տարիներ առաջ հաստատուած դիւանագիտական յարաբերութիւններուն ապա նշեց, թէ «Սինկափուրը ունի կարեւոր դեր մը` միջազգային գետնի վրայ» ու քաջալերեց ներկաները շարունակել աշխատանքը` ի նպաստ «մարդկային ցեղի միութեան ու եղբայրութեան բարգաւաճումին»։
Ընտանիքին դերը ընկերութեան մէջ
Քահանայապետը շեշտեց նաեւ ընտանիքի դերին կարեւորութիւնը, ուր «իւրաքանչիւր անձ կը սորվի միւսին հետ յարաբերիլ եւ կը սիրուի ու կը սիրէ» ըսաւ Ան, մատնանշելով այսօրեայ ընկերային պայմաններուն, ուր ընտանիքին հիմքերը կասկածի տակ առնուած են։ Ասոր համար հարկաւոր է, որ «ընտանիքները դրուին այնպիսի պայմաններու մէջ, որպէսզի կարողանան փոխանցել արժէքները, որոնք իմաստ կու տան կեանքին»։
«Ուստի տարբեր հաստատութիւններու աշխատանքի միջոցաւ ընտանիքի միասնութիւնը խթանելու, պաշտպանելու և աջակցելու ուղղութեամբ գործադրուող ջանքերը գովելի են» յարեց Քահանայապետը, որ ապա խօսքը կեդրոնացուց բնապահպանական տագնապին վրայ, որուն ուղղութեամբ քաջալերեց կայուն զարգացումի ի սպաս յանձնառումը, ի պաշտպանութիւն արարչագործութեան։
Սինկափուրը օրինակ
«Սինկափուրը վառ օրինակ է այն բանի, թէ ինչի կարող է հասնիլ մարդկութիւնը՝ միասին աշխատելով ներդաշնակօրէն, պատասխանատուութեան զգացումով և ներառականութեան ու եղբայրութեան հոգիով», ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը քաջալերելով ներկաները «շարունակելու այս ճանապարհը՝ վստահելով Աստուծոյ խոստումին և Անոր բոլորի նկատմամբ հայրական սիրոյ»:
«Աստուած օգնէ ձեզի, որպէսզի կարողանաք արձագանքել ձեր ժողովուրդի կարիքներուն և ակնկալիքներուն և թոյլ տայ, որ զգաք, որ անոնց հետ, որոնք խոնարհ և երախտապարտ կը մնան, Ան կարող է մեծ բաներ իրականացնել բոլորի բարօրութեան համար: Աստուած օրհնէ Սինկափուրը» եղաւ Քահանայապետին եզրափակիչ մաղթանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ