Տապալել ամէն տեսակ բարոյական, տնտեսական, սոցիալական թշուառութիւն և նպաստել խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճառը Ճաքարթայի նախագահական պալատէն ներս, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն, դիւանագիտական մարմնի անդամներուն եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումի ժամանակ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 4 սեպտեմբերի առաւօտեան Ինտոնեզիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապը, տեղական ժամով առաւօտեան ժամը 9,20 անց (Հռոմ` 4,20) Ճաքարթայի Առաքելական Պատուիրակութեան շէնքէն փոխադրուեցաւ Ճաքարթայի նախագահական պալատ հանդիպելու համար Երկրին նախագահին ու պատկան իշխանութիւններուն հետ։

Պալատ ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Ինտոնեզիայի նախագահ Տիար Եոքօ Վիտոտոյի կողմէ, որ յառաջիկայ 20 հոկտեմբերին պիտի աւարտէ իր այս պաշտօնը։

Պալատի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ ընդունելութեան պաշտօնական արարողակարգ, որմէ ետքը նախագահն ու Քահանայապետը մուտք գործեցին պալատ ու վերջինս ստորագրեց Ոսկեմատեանը, որուն մէջ կատարեց հետեւեալ գրութիւնը. 

“«Ընկղմուած այս Երկրի գեղեցկութեան մէջ՝ տարբեր մշակոյթներու և կրօններու միջև հանդիպման և երկխօսութեան վայր, ես Ինտոնեզիայի ժողովուրդին կը մաղթեմ որ աճի հաւատքի, եղբայրութեան և կարեկցանքի մէջ: Աստուած օրհնէ Ինտոնեզիան»:”

Ան ապա առանձնական հանդիպում ունեցաւ Նախագահին հետ, որմէ ետքը անոնք փոխադրուեցան նախագահական Պալատի «Istana Negara» սրահ, ուր ներկայ էին քաղաքական ու եկեղեցական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Դիւանագիտական մարմնի անդամներ, գործատէրեր, քաղաքացիական ընկերութեան ու մշակոյթի ներկայացուցիչներ, որոնց Սրբազան Քահանայապետը ուղղեց իր պատգամը, Ինտոնեզիայի նախագահին արտասանած ողջոյնի խօսքէն ետքը։

Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց վերջինիս ու շնորհաւորեց նորընտրեալ Նախագահը, որ պաշտօնը պիտի ստանձնէ 20 հոկտեմբերէն սկսեալ, անոր մաղթելով պտղաբեր ծառայութիւն ի սպաս Ինտոնեզիային` «հսկայական կղզեխումբը` որ ողողուած է ծովով, զոր Ասիան կը կապէ Ովկիանիային»։

Ճաքարթայի նախագահական պալատը
Ճաքարթայի նախագահական պալատը

«Միացած տարբերութեան մէջ»

«Կարելի է գրեթէ հաստատել, որ ինչպէս ովկիանոսը բնական տարրն է, որ կը միաւորէ Ինտոնեզիայի բոլոր կղզիները, այնպէս ալ Ինտոնեզիան կազմող բոլոր մարդկային խումբերու մշակութային, էթնիկական, լեզուական և կրօնական առանձնայատկութիւններու նկատմամբ փոխադարձ յարգանքը էական կապի հիւսուածքն է Ինտոնեզիայի ժողովուրդը համախմբուած և հպարտ դարձնելու համար», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, շեշտը դնելով Երկրին ազգային կարգախօսին վրայ` «Միացած տարբերութեան մէջ», որ, նշեց Ան, «լաւապէս կը բացայայտէ մէկ ազգի մէջ ամուր միացած տարբեր ժողովուրդներու բազմակողմ իրականութիւնը», ու ցոյց կու տայ նաեւ` թէ «ինչպէս կղզեխումբին առկայ հզօր կենսաբազմազանութիւնը աղբիւր է հարստութեան ու շքեղութեան», ուր «առանձնայատուկ տարբերութիւնները կը նպաստեն հոյակապ խճանկարի մը ձևաւորման» յարեց նորին Սրբութիւնը շեշտելով ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը, որ կը յարգէ տարբերութիւնները ու կը ձգտի « ծառայելու բոլորին բարիքին ազնիւ նպատակին», որուն ծիրէն ներս հիմնական է զօրակցութիւնը։

Ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը
Ոսկեմատեանի ստորագրութիւնը

Ներդաշնակութիւնը եւ միջրկրօնական երկխօսութիւնը

Այս մէկը գործ մըն է, որ յանձնուած է բոլորին ու մասնաւորապէս քաղաքականութեան, որուն նպատակը ըլլալու է «ներդաշնակութիւնը, հաւասարութիւնը, մարդ անհատի հիմնական իրաւունքներու յարգանքը, համապարփակ զարգացումը, զօրակցութիւնը եւ խաղաղութեան ձգտումը, ինչպէս հասարակութենէն ներս, այնպէս ալ այլ ժողովուրդներու ու ազգերու հետ» ըսաւ ի միջի այլոց Քահանայապետը, որուն ճառի ընթացքին շօշափած այլ նիւթերու շարքին եղաւ միջրկրօնական երկխօսութիւնը, զոր «Եկեղեցին կը փափաքի ամրապնդել, վերացնելով նախապաշարումները ու աճեցնելով փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան մթնոլորտ մը, դիմագրաւելու համար միասնական մարտահրաւէրները, որոնց շարքին անհանդուրժողականութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը»։

Բազմազանութեան մէջ միութիւն, ընկերային արդարութիւն եւ աստուածային օրհնութիւն

«Կաթողիկէ Եկեղեցին ինքզինք կը դնէ ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին» հաստատեց ապա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց 1945ին որդեգրուած Երկրի սահմանադրութեան Նախաբանին, ուր ի յայտ կը դրուին հիմնական սկզբունքները, ինչպէս «բազմազանութեան մէջ միութիւնը, ընկերային արդարութիւնը, եւ աստուածային օրհնութիւնը...հիմքեր` որոնց վրայ հիմնել տունը»։

Մանուկներ Ֆրանչիսկոս Պապին սպասումով
Մանուկներ Ֆրանչիսկոս Պապին սպասումով

Տիեզերական եղբայրութիւնը

Քահանայապետը նկատել տուաւ, թէ այսօրուայ աշխարհին մէջ դժբախտաբար կան հակումներ` որոնք արգելք են տիեզերական եղբայրութեան զարգացումին...հակամարտութիւններ, որոնք արդիւնքն են փոխադարձ յարգանքի պակասին, սեփական շահերը ամէն գնով գերակայելու անհանդուրժողական ցանկութեան, նոյնիսկ երբ ան անվերջ տառապանք կ՛ենթադրէ ամբողջ համայնքներու համար և կը հանգեցնէ իրական արիւնալի պատերազմներու:

Ընկերային անհաւասարակշռութիւնները

«Միւս կողմէ, հակառակ ծրագրային համոզիչ յայտարարութիւններու, կան բազմաթիւ իրավիճակներ, ուր կը բացակայի սոցիալական արդարութեան կառուցման արդիւնաւէտ և հեռատես յանձնառութիւնը եւ որուն արդիւնքով մարդկութեան զգալի մէկ մասը կը մնայ լուսանցքի մէջ՝ առանց արժանապատիւ գոյութեան միջոցներու և առանց պաշտպանութեան՝ դիմակայելու լուրջ և աճող սոցիալական անհաւասարակշռութիւնները, որոնք կը յառաջացնեն սուր հակամարտութիւններ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ հաւատքին` որ շատ անգամ «շահարկուած» է, ոչ թէ խաղաղութիւնը, հաղորդութիւնը, երկխօսութիւնը, յարգանքը, համագործակցութիւնը եւ եղբայրութիւնը կառուցելու համար, այլ խթանելու բաժանում եւ աճեցնելու ատելութիւնը» յարեց Ան մէջբերելով նաեւ իրեն նախորդ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բին 1989ին, այդ նոյն վայրին մէջ արտասանած խօսքեր, ուր շեշտուած էր տարբերութիւններու ճանաչումը, մարդկային իրաւունքներու յարգանքը, հանդուրժողականութիւնը, միւսներու յարգանքը... որպէս արդար ու խաղաղ ընկերութեան մը հիմքը։

Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ինտոնեզիայի նախագահը
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ինտոնեզիայի նախագահը

Յոյսով հարուստ ապագայի մաղթանք

Ան այս ուղղութեամբ մաղթեց` որ այդ սկզբունքները ներշնչումի աղբիւր ըլլան բոլորին, հաստատելով` որ «ներդաշնակութիւնը ձեռք կը բերուի, երբ իւրաքանչիւր անձ հաւատարիմ է ոչ միայն իր շահերուն և տեսլականին, այլ նկատի կ՛առնէ բոլորին բարօրութիւնը, կառուցելու համար կամուրջներ, խրախուսելով համաձայնութիւններ և միատեղութիւն, ու միացնելու ուժերը՝ նպատակ ունենալով տապալել ամէն տեսակ բարոյական, տնտեսական, սոցիալական թշուառութիւն և նպաստել խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան», ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց հայցելով` որ Աստուած խաղաղութեամբ օրհնէ Ինտոնեզեան, յոյսով հարուստ ապագայի մը համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2024, 07:25