2024.09.18 Udienza Generale

Քահանայապետին «թեթև անհանգստութեան» պատճառաւ չեղեալ եղան անոր այսօրուայ հանդիպումները

Բայց եւ այնպէս Նորին Սրբութեան այսօր նախատեսուած հանդիպումներուն ճառերը վաւեր մնացին տրուած ըլլալով, որ բաշխուեցան նախատեսուած ունկնդրութիւններուն մասնակցողներուն, որոնց շարքին էին «Christmas Contest» մրցոյթի մասնակցողները
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Երկուշաբթի` 23 Սեպտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապին «թեթև հարբուխի պատճառաւ» չեղեալ նկատուեցան Անոր բոլոր պաշտօնական հանդիպումները, «ի տես նաեւ անոր յառաջիկայ օրերուն` 26էն 29 սեպտեմբերին, Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարելիք առաքելական 46րդ ճամբորդութեան», ինչպէս կը յայտնէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Բայց եւ այնպէս Նորին Սրբութեան այսօր նախատեսուած հանդիպումներուն ճառերը վաւեր մնացին տրուած ըլլալով, որ բաշխուեցան նախատեսուած ունկնդրութիւններուն մասնակցողներուն։

«Christmas Contest» մրցոյթի մասնակցողներուն յանձնուած գրաւոր ճառը

Ունկնդրութիւններուն շարքին էր նաեւ «Christmas Contest» մրցոյթի մասնակցողներունը։ «Christmas Contest» մրցոյթին նպատակն է հարստացնել Սուրբ Ծննդեան երգերու ու մեղեդիներու երգացանկը երիտասարդներու ստեղծագործութեան միջոցաւ, հրաւիրելով զանոնք յօրինելու անտիպ երգեր7 որոնք ներշնչուած ըլլան Սուրբ Ծնունդին ու անոր արժէքներուն` կեանք, սէր, խաղաղութիւն եւ լոյս։

Մրցոյթը

Մրցոյթը կը նախատեսէ 3 անուանակարգ. բառեր - երաժշտութիւն – մեկնաբանութիւն եւ լաւագոյն երգերը պիտի հնչեն Սուրբ Ծննդեան համերգի երեսուներկուերորդ ելոյթին առիթով, որուն կը մասնակցեն միջազգային համբաւ ունեցող արուեստագէտներ։

«Christmas Contest» մրցոյթի մասնակցողներուն համար պատրաստուած գրաւոր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ողջունելէ ետք «Gravissimum Educationis» Քահանայապետական Հիմնարկը, որ յանձնառու է «փոխանցելու Եկեղեցւոյ կրթական և մշակութային առաջարկը, ողջունեց նաեւ երիտասարդները, որոնք իրենց տաղանդը դրին ի սպաս այս յատուկ Մրցոյթին, որ կ՛ուզէ ըլլալ մարդկային աճի առիթ»։

Խաղաղութեան կարիքը

Ճառին մէջ Քահանայապետը ակնարկեց ապա Յիսուս Քրիստոսի մարդեղութեան, որ «աշխարհ կը բերէ իսկական խաղաղութիւնը, որուն մեծ կարիքն ունինք այսօր» եւ որ դարերու հոլովոյթին ներշնչում եղաւ «բազմաթիւ արուեստագէտներու, որոնք աշխարհի մէջ գծեցին եղբայրութեան արահետներ»։

Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդը` ներշնչում

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց` թէ Աստուծոյ միեւնոյն Սէրն է, որ կը խօսի մրցոյթի մասնակցող արուեստագէտներու սրտերուն ու թէ իրենք եւս «արուեստագիտական կոչումը արտայայտելու համար կը զգան մարմնացած Սիրոյ այդ Խորհուրդին քաշողութիւնը ու զայն կը բացայայտեն իրենց երգերու եւ երաժշտութեան մէջ, երգելով յոյսը` նաեւ անոնց համար, որոնք զայն կորսնցուցին բազմաթիւ պատճառներու բերումով` թշուառութիւն, հիւանդութիւն, պատերազմ, հարկադիր գաղթականութիւն, ընտանիքի, դպրոցի եւ ընկերներու հետ խնդիրներ»։

Բարի երթ ու աշխատանք

«Այո՛, կարիքը կայ երիտասարդներու տաղանդին, անոնց ստեղծագործութեան, որ դրդուած է ոչ թէ դրամի ու ամէն գինով յաջողութեան կուռքերով, այլ գեղեցկութեան, եղբայրութեան, մեր կեանքը փրկող և իմաստաւորող Տէր Յիսուսի հանդէպ կիրքով», եղան Նորին Սրբութեան ճառին եզրափակիչ խօսքերը, իր բարի աշխատանքի ու բարի երթի մաղթանքին հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2024, 09:30