2024.09.07 Viaggio Apostolico in Papua Nuova Guinea - Visita ai Bambini di Street Ministry e Callan Services

Վառ պահեցէք սիրոյ լոյսը. Սրբազան Պապը Փափուա Նովա Կինէայի մանուկներուն

Սրբազան Պապին այցը Փորթ Մրսպիի «Caritas Technical Secondary School»-ին եւ հանդիպումը մանուկներուն ու պատանիներուն հետ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վսատիկան

Շաբաթ` 7 սեպտեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը Փափուա Նովա Կինէայի մայրաքաղաք Փորթ Մորսպիի մէջ, առաւօտեան հանդիպելէ ետք քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւններուն հետ, կէսօրէն ետքը տեղական ժամով հինգին (Հռոմ` 9ին) այցելեց Caritas Technical Secondary School իգական դպրոցը, որ հիմնուած է 1995 թուականին` Յիսուսի Գթութեան Քոյրերու միաբանութեան կողմէ, նպատակ ունենալով ուսուցանել քրիստոնէական արժէքները եւ երիտասարդ աղջիկները պատրաստել դիմագրաւելու ապագան, անոնց սորվեցնելով արհեստ մը։

Հանդիպման վայր ժամանելուն Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ Փորթ Մորսպիի Արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Ժոն Ռիպաթի եւ Caritas Sisters of Jesus հասարակութեան Մեծաւորուհիին ու դպրոցի տնօրէնուհիին կողմէ, մինչ երկու մանուկները աւանդական տարազներով Քահանայապետին նուիրեցին ծաղկեփունջ մը։

Հանդիպումին բացումը կատարեց Կարդինալ Ռիպաթը, բարի գալուստի իր խօսքով, որուն յաջորդեց աւանդական պար մը, հուսկ երկու մանուկներ ներկայացուցին վկայութիւններ որոնց յաջորդեց այլ պար մը, որմէ ետքը խօսք առաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ գնահատանք արտայայտելով ներկայացուած երգերուն ու պարերուն համար ապա իր ուրախութիւնը յայտնելով մանուկներուն հետ հանդիպելուն ու անոնց հետ այս տօնախմբութիւնը կիսելուն համար։

Բոլորս ալ եզակի ենք Աստուծոյ առջեւ

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց մանուկի մը կողմէ իրեն ուղղած հարցումին թէ ի՞նչու ինք տարբեր է ուրիշներէն եւ ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը հաստատեց «որովհետեւ ոչ մէկը նման է ուրիշին, մենք բոլորս ալ եզակի ենք Աստուծոյ առջեւ»։

«Իւրաքանչիւրս աշխարհի մէջ ունի դեր մը, ունի առաքելութիւն մը, որ ոչ մէկ ուրիշ անձ կարող է կատարել...եւ նոյնիսկ եթէ այս մէկը ջանքի կը կարօտի, մեզի կը պարգեւէ մեծ ուրախութիւն մը» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, նշելով նաեւ, թէ բոլորս ալ ունինք սահմանափակ կարողութիւններ, բայց այս մէկը չէ, որ մեր երջանկութիւնը կը սահմանէ, այլ սէրն է, սէր` որ մենք կը դնենք մեր կատարած գործերուն մէջ, սէր` որ կը պարգեւենք եւ կ՛ընկալենք։

Սէրն է ամենագեղեցիկ եւ ամենակարեւոր բանը

«Սէրն է ամենագեղեցիկ եւ ամենակարեւոր բանը մեր կեանքին մէջ... մեր ուրախութիւնը արդարեւ կախեալ է սէրէն» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ սէրն է` որ կը սահմանէ երջանկութիւնը։

Հարց տալով ապա թէ ի՞նչպէս կարելի է աշխարհը աւելի գեղեցիկ եւ ուրախ դարձնել, Քահանայապետը պատասխանեց. «Սովրելով ամէն օր սիրել Աստուած եւ միւսները բոլոր սրտով եւ դպրոցին մէջ սորվելով ինչ որ կարելի է, որպէսզի լաւապէս կատարենք այդ մէկը»։

«Վառ պահեցէք սիրոյ լոյսը»

Ձեր ուժերը կեդրոնացուցէք նպատակին վրայ` որ Յիսուսին սէրն է եւ Անոր միջոցաւ ճանապարհի վրայ հանդիպած բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սէրը...որովհետեւ բոլորս Աստուծոյ գեղեցիկ պարգեւներ ենք, գանձ մը յատկացուած մէկը միւսին» ըսաւ ապա Քահանայապետը եւ խօսքը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով մանուկներուն ու բոլոր անոնց, որոնք անոնցմով կը զբաղին խրախուսելով միշտ վառ պահել այդ լոյսը, որ յոյսի նշան մըն է, բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպին ու նաեւ աշխարհին համար, որ յաճախ եսասէր է եւ մտահոգուած անպէտք բաներով։

«Վառ պահեցէք սիրոյ լոյսը» շեշտեց Սրբազան Պապը խնդրելով նաեւ որ աղօթեն իրեն համար։

Հաւաքը վերջ գտաւ Քահանայապետի օրհնութեամբ ու խմբային նկարով որմէ ետքը Քահանայապետը ուղղուեցաւ Քրիստոնէից Օգնական Տիրամայր սրբավայր հանդիպում ունենալու համար Փափուա Նովա Կինէայի եւ Սալոմոնէ կղզիներու եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւոր կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն ու կրօնուսոյցներուն հետ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2024, 10:10