IRAN-MINE-ACCIDENT

Քահանայապետին ցաւակցութիւնները Իրանի մէջ հանքարդիւնաբերական աղէտին ի տես

Երկրի հիւսիս-արևելքի մէջ գտնուող Թապասի ածխահանքին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետևանքով կան առնուազն 50 զոհեր։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով մը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր ցաւակցութիւնները արտայայտեց Իրանի հիւսիս-արևելքի մէջ գտնուող Թապասի ածխահանքին մէջ տեղի ունեցած պայթիւնի հետևանքով զոհերուն համար։ Արկածը տեղի ունեցած էր անցեալ շաբաթ օր` 21 սեպտեմբերին, որուն պատճառաւ կան աւելի քան 50 զոհ ու շատերուն ճակատագիրը տակաւին անյայտ կը մնայ։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր աղօթքները ապահովեցուց «անոնց. որոնք մահացան ու անոնց սուգի մէջ գտնուող ընտանիքներուն», «հոգեւոր զօրակցութիւն արտայայտելով բոլոր վիրաւորներուն», ապա «խաղաղութեան, մխիթարութեան եւ ուժի աստուածային օրհնութիւններ հայցեց բոլոր անոնց` որոնք թիրախ դարձան այս աղէտին»։

Ըստ Իրանեան լրատուամիջոցներուն պայթումի պատճառը «մեթանի» արտահոսքը։ Այս մէկը Իրանի ժամանակակից պատմութեան մէջ ամենածանր աղէտներէն մէկը կը համարուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 11:28