2020.11.19 Economy of Francesco

Սրբազան Պապը ընդունեց «The Economy of Francesco» պատուիրակութեան անդամները

Սրբազան Պապը որպէս կտակ թողուց երեք բառեր` ըլլալ վկաներ, վախ չունենալ եւ անխոնջ կերպով յուսալ։ Ապա հաստատեց թէ «իրապէս կ՛արժէ կեանքը վատնել, աշխարհը աւելի լաւ վայր դարձնելու համար» քաջալերով երիտասարդ ձեռնարկատէրը քալելու գործելու Աւետարանի լոյսին ներքոյ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վսատիկան

Չորեքշաբթի 25 Սեպտեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը նախ քան Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ ընդհանուր ունկնդրութիւնը գլխաւորելը ունեցաւ զանազան հանդիպումներ, որոնց շարքին նաեւ «The Economy of Francesco» պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումը։

“The Economy of Francesco” հարթակը 

“The Economy of Francesco” հարթակը ծնունդ առած է 2019ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախաձեռնութեամբ երբ Ան նամակ մը յղեց համայն աշխարհի երիտասարդ տնտեսագէտներուն, տղամարդ և կին ձեռնարկատէրերուն, որով հրաւիրեց զանոնք հանդիպումի մը` միասին ուսումնասիրելու եւ ի գործ դնելու տարբեր տնտեսութիւն մը` «ան որ կեանք կու տայ եւ չի սպաներ, կը ներառէ և չի բացառեր, կը մարդկայնացնէ և չի թալաներ արարչագործութիւնը»։ Ձեռնարկ մը, որ մեզի օգնէ միասին ըլլալու եւ զիրար ճանչնալու ու մեզ առաջնորդէ «դաշինք» մը կնքելու, որպէսզի փոխենք ներկայ տնտեսութիւնը եւ հոգի մը տանք վաղուան տնտեսութեան»։

Այս նամակով Սրբազան Պապը հրաւիրած էր երիտասարդ տնտեսագէտներն ու մասնագէտները միասին հանդիպելու Ասսիզիի մէջ 26էն 28 Մարտ 2020ին։

Աւետարանը ունենալ որպէս յղման կէտ

Այսօրուայ հանդիպումին առիթով Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ կարեւորելով ձեռնարկը ու ներկաներուն դերակատարութիւնը նշեց, որ այս հինգ տարիներու ընթացքին շատ բաներ կատարուեցան ու շնորհակալութիւն յայտնեց իր առաջարկին համապատասխանած ըլլալուն համար ապա խրախուսեց միշտ Աւետարանը ունենալ որպէս յղման կէտ, Աւետարանը, որ կ՛ երաշխաւորէ բացառիկ Վարդապետ մը՝ Յիսուսը, միակը, ով կարողացաւ ըսել. «Ես եմ ճանապարհը, ճշմարտութիւնը և կեանքը» (Յովհ. 14.6):

Տնտեսական աշխարհը կարիք ունի փոփոխութիւններու

«Այժմ ձեզի համար նոր փուլ կը սկսի։ Ձեր այս գեղեցիկ իրականութիւնը պէտք է աճի, զօրանայ, հասնի աւելի ու աւելի շատ երիտասարդներու և բերէ Աւետարանի և բարութեան բնորոշ պտուղներ» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով որ «Տնտեսական աշխարհը փոփոխութիւններու կարիքն ունի» ու թէ այդ կարելի է «ոչ թէ նախարարներ, նոպէլեան մրցանակակիրներ եւ մեծ տնտեսագէտներ դառնալով, այլ «սիրելով զայն` Աստուծոյ լոյսին ներքոյ, անոր մէջ դնելով բարիի արժէքն ու ուժը, Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի աւետարանական հոգիով, ան որ առեւտրականի մը զաւակ լաւապէս գիտեր այս աշխարհի առաւելութիւններն ու դերութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով «աշխարհը չեն փոխեր մեծն ու ուժեղը այլ սէրը» օրինակ բերելով Երանելի Ճուզեփփէ Թոնիոլոն։

Ըլլալ վկաներ, վախ չունենալ եւ անխոնջ կերպով յուսալ

Ան առ այդ ներկաներուն ուզեց որպէս թելադրանք ու քաջալերանք թողուլ երեք բառեր` ըլլալ վկաներ, վախ չունենալ եւ անխոնջ կերպով յուսալ։

Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց զանոնք ըլլալու վկաներ, որպէսզի այլ երիտասարդներ եւս մօտենան «իրենց իտէալներով կառուցուած տնտեսութեան»։ Ապա յորդորեց վախ չունենալ, այն գիտակցութեամբ, թէ Աստուած է պատմութեան Տէրը։ Հուսկ յոյսին մասին խօսելով նշեց, թէ «դիւրին չէ նոր տնտեսութիւն մը առաջարկել, աշխարհի մը մէջ ուր կան հին ու նոր պատերազմներ, մինչ զէնքի արդիւնաբերութիւնը կը զարգանայ՝ խլելով աղքատներէն կենսամիջոցներ. Մինչ ժողովրդավարութիւնը վտանգուած է, եւ կ՛աճին ժողովրդապշտութիւնն ու անհաւասարութիւնները ու մոլորակը երթալով աւելիով վիրաւոր է»։

Կեանքը վատնել աշխարհը աւելի լաւ վայր դարձնելու համար

Դիւրին չէ, այո շատ դժուար է... բայց յիշեցէք աշակերտներուն ուղղած Յիսուսին խօսքը. «Մի վախնաք»։ Ան ձեզ պիտի օգնէ եւ Եկեղեցին ձեզ միայնակ պիտի չթողու»։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց քաջալերելով երիտասարդները, հաւատարիմ մնալու իրենց կոչումին, որպէսզի իրենց կեանքը ծաղկի... «Իրապէս կ՛արժէ կեանքը վատնել, աշխարհը աւելի լաւ վայր դարձնելու համար։ Ես ձեզի հետ եմ, ձեզի կ՛ընկերանամ եւ կ՛օրհնեմ։ Դուք ալ բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար» եղան Քահանայապետին եզրափակիչ խօսքերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2024, 11:47