Թող Աստուած խաղաղութիւն որոնող սիրտ մը պարգեւէ մեզի, յաղթահարելու համար պատերազմը. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աղօթենք խաղաղութեան համար, չմոռնանք, որ պատերազմը պարտութիւն է։ Չմոռնանք Պաղեստինը, Իսրայէլը, չմոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան, Միանմարը եւ բազմաթիւ վայրերը ուր պատերազմ կայ, այլանդակ պատերազմներ։ Թող` որ Տէրը մեզի խաղաղութիւն որոնող սիրտ մը պարգեւէ, որպէսզի յաղթենք պատերազմին, որ մշտապէս պարտութիւն մըն է»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին չորեքշաբթի 18 սեպտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին ուղղած վերջին կոչը, նախ քան իր օրհնութիւնները շնորհելը բոլորին։
Եւրոպայի մէջ ողողումներ
Ասկէ առաջ Ան զանազան լեզուներով ողջունած էր հրապարակի վրայ գտնուող հազարաւոր ուխտաւորները ապա յիշած էր վերջին օրերուն կեդրոնական- արեւելեան Եւրոպան հարուածող յորդառատ անձրեւները, «որոնք պատճառեցին բազմաթիւ զոհեր, անհետ կորածներ եւ մեծ աւերներ», մասնաւորէս, Աւստրիայի, Ռումանիայի, Չեխիայի և Լեհաստանի մէջ, որոնք «ստիպուած են դիմակայել ջրհեղեղներու հետևանքով յառաջացած ողբերգական անյարմարութիւններ» ըսաւ Ան, բոլորին վստահեցնելով իր աղօթքի միջոցաւ զօրակցութիւնը` «յատկապէս իրենց կեանքը կորսնցնողներուն եւ անոնց ընտանիքներուն»։
Ալցհէյմըրի համաշխարհային օրը
«Ես շնորհակալութիւն կը յայտնեմ և կը խրախուսում տեղի կաթողիկէ համայնքները և այլ կամաւոր կազմակերպութիւնները, անոնց ցուցաբերած օգնութեան և օժանդակութիւններուն համար» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշելով եկող շաբաթ օր` 21 սեպտեմբերին յիշատակուող «Ալցհէյմերի» համաշխարհային օրը, ու հրաւիրելով աղօթել, որպէսզի «բժշկական գիտութիւնը շուտով կարողանայ առաջարկել բուժման հեռանկարներ այս հիւանդութեան համար, և որ աւելի ու աւելի համապատասխան միջամտութիւններ առաջարկուին՝ աջակցելու հիւանդներուն և անոնց ընտանիքներուն»:
Ողջոյնի խօսքեր
Քահանայապետը ապա ողջունեց իտալացի հաւատացեալները յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն, դպրոցական տարեշրջանի սկիզբը երիտասարդները հարիւրելով ուսմունքի յանձնառումը ապրիլ` որպէս հնարաւորութիւն զարգացնելու հմտութիւնները զոր Տէրը իրենց յանձնած է ի նպաստ բոլորի բարիքին։ Ապա հայցեց` որ «Ցաւագին Տիրամայրը օգնէ հիւանդներուն, տառապանքին ու դժուարութեան մէջ գտնելու կոչումը` գոյութիւնը դարձնելու առաքելութիւն, ի սպաս եղբայրներու փրկութեան» ապա նորապսակներուն թելադրեց առօրեայ աշխատանքը եւ խաչերը ընդուիլ` որպէս առիթ աճելու եւ բիւրեղացնելու իրենց սէրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ