2024.09.01 Il Papa a Maria Maggiore domenica mattina 1 settembre 2024

Ֆրանչիսկոս Պապը Տիրամօր յանձնեց Ասիա եւ Ովկիանիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը

Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուրը ընդգրկած ճամբորդութիւնը կը համրուի Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան ամենաերկարը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

«Այսօր կիրակի մէկ սեպտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար ուր սովորութեան համաձայն աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ, Անոր յանձնելով յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութիւնը` Ինտոնեզիա, Փափուա Նովա Կինէա, Թիմոր Լեսթ եւ Սինկափուր։ Աղօթքէն ետքը Ան վերադարձ կատարեց Վատիկան»։ Լուրը կը կարդանք Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մը մէջ։

Յայտնենք թէ այս մէկը Ֆրանչիսկոս Պապի քահանայապետութեան ամենաերկար ճամբորդութիւնն է, որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը` 2 սեպտեմբերին եւ պիտի աւարտի ուրբաթ` 13 սեպտեմբերին։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/09/2024, 11:19