Ոչ եւս է կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի մայրը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Ցաւով, բայց Խաչուած եւ Յարութիւն առած քրիտոսոի հաւատքով», հայր Փիեթրօ, Մարիարոզա եւ Ճովաննի ու իրենց կողակիցները թոռնիկները հրաապարակուած ընտանեկան մահազդով կը կը գուժեն իրենց հարազատին Ատա Միոթթի Փարոլինի մահը։
Կարդինալի Փարոլինի մօր մահուան կապակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիրի մը մէջ յայտնեց իր ցաւակցութիւնը ու աղօթքի միջոցաւ իր մօտիկութիւնը։
Հրապարակուած ընտանեկան մահզդով վերահասու դարձանք, որ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ, 3 սեպտեմբերին, առաւտօտեան ժամը 9,30ին, Վիչենցա թեմի Սքիավոն ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ Յուղարկաւորութեան արարողութենէն ետք սիրելի Ատան պիտի հանգչի Սքիավոնի գերեզմանատան մէջ։
Երկուշաբթի, 2 սեպտմբերին, երեկոյեան 7,30ին, Սքիավոնի եկեղեցւոյ մէջ ի յիշատակ հանգուցեալին տեղի պիտի ունենայ աղօթքի հսկում։
Հանգուցեալին ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայնտէ բոլոր անոնց որոնք սիրտով մօտիկ էին Ատային ու բոլոր անոնց, որոնք յուղարկաւորութեան կը մասնակցին նշելով նաեւ որ «ոչ թէ ծաղիկներ այլ բարի գործեր» կը նախըտրեն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ