Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտեց Լիւքսեմպուրկի ճամբորդութիւնը եւ փոխադրուեցաւ Պելճիքա

Նորին Սրբութիւնը երէկ` հինգշաբթի 26 սեպտեմբերի երեկոյեան աւարտեց Լիւքսեմպուրկ կատարած առաքելական միօրեայ այցը եւ փոխադրուեցաւ Պրիւքսել` ուր պիտի մնայ մինչեւ կիրակի օր, 29 սեպտեմբեր։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Մարեմեան յոբելինական տարուան բացման աղօթքը

Հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, Լիւքսէմպուրկի «Նոթր Տամ» տաճարին մէջ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն ուղղած ելոյթէն ետքը, կատարուեցաւ Տառապողներուն Մխիթարիչ Կոյսի արձանի թափօրը եւ Լիւքսէմպուրկի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Հոլլերիխը արտասանեց Մարեմեան յոբելենական տարուան բացման աղօթքը, որուն մէջ Աստուածամայրէն կը խնդրուի, որ բարեխօսէ որպէսզի Մարեմեան տարին հաւատացեալներուն համար դառնայ դէպի Յիսուս Քրիստոսի անկեղծ դարձի առիթ եւ անոնք նորոգեն իրենց սուրբ մկրտութեան խոստումը որպէսզի միշտ աւելիով դառնան միսիոնար աշակերտներ` պատրաստ վկայելու Աւետարանը»։

Ոսկէ Վարդ

Յոբելենական տարուան բացման առիթով Սրբազան Պապը Կարդինալի օգնութեամբ «Ոսկէ Վարդ» մը զետեղեց Տիրամօր արձանին ոտքին, նորոգելով Քահանայապետերու հինաւուրց աւանդութիւնը որով անոնք իրենց ջերմեռանդութիւնը կը յայտնեն Աստուածամօր նկատմամբ։

Լիւքսեմպուրկի Կաթողիկէներուն նուէրը աղքատներուն

Կարդինալ Հոլէրիխ հուսկ քահանայապետին որպէս նուէր յանձնեց «Ֆինանսական ներդրում մը` Առաքելական ողորմնաբաշխութեան համար, որուն միջոցաւ Քահանայապետը բարեգործութիւններ կ՝իրականացնէ աղքատներու, խոցելիներու, բացառուածներու ի նպաստ» նշելով որ մեծ թիւով հաւատացեալներ սատարած են անոր։

Քահանայապետը ընդունելով նուէրը յուզուած վիճակով կարդինալ Հոլերիխին հետ համաձայնութեամբ ըսաւ. « Սա, ես այստեղ Քարիթասին համար պիտի տամ՝ գաղթականներուն, ժողովուրդի համար, որոնք հոս դուռը կը թակեն եւ նոյնպէս մօտիկութեան ժեսթ մը կ՝ընեմ աղքատներուն։

Հանդիպումի աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապ ապա տաճարին ետեւի մուտքին դիմացը գտնուող հրապարակը գնաց ողջունելու եւ օրհնելու համար հաւատացեալները ինչպէս նաեւ Եպիսկոպոսաց խորհուրդի եւ Տաճարի անդամներու հետ աջահամբոյրի համար ապա ողջունեց նաեւ Տաճարի մայր դուրին դիմաց համախմբուած հազարաւոր հաւատացեալները։

Դէպի Պրիւքսել

Նշենք, թէ «Նոթր Տամ» տաճարին մէջ կաթողիկէ հաւատացեալներուն հետ հանդիպումով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Լիւքսեմպուրկի առաքելական ճամբորդութիւնը։ Ան առ այդ փոխադրուեցաւ Լիւքսեմպուրկի միջազգային օդակայան ուր հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետքը օդանաւով փոխադրուեցաւ Պրիւքսէլ։

Պապին հեռագիրը Լիւքսեմպուրկի Դուքսին

Թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն Ֆրանչիսկոս Պապ հեռագիր ուղղեց Լիւքսեմպուրկի Էնրիքօ Դուքսին, շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ ողջ ազգին ինչպէս նաեւ ժողովուրդի կողմէ իրեն վերապահուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Եւ իր աղօթքը ապահովելով անոնց Քահանայապետը ողջ Լիւքսեմպուրկի վրայ հայցեց եղբայրութեան, միութեան եւ խաղաղութեան համար աստուածային օրհնութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապին ուրբաթ օրուան օրակարգը

Լիւքսէմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 27 սեպտեմբերին, առաւօտեան ժամը 7ին, Պրիւքսէլի Պապական նուիրակութեան մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց առանձնական սուրբ Պատարագ ապա փոխադրուեցաւ Լէյքէն անուան Բերդ, Պելճիքացիներու թագաւորին հետ հանդիպելու համար։

Բերդ ժամանումին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ թագաւորին եւ թագուհիին կողմէ, ապա ստորագրեց ոսկէ մատեանը, որմէ ետք առանձնական հանդիպում ունեցաւ Թագաւորին հետ ու տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակումը։

Սոյն պաշտօնական հանդիպումէն ետքը Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ նաեւ քաղաքական իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ անոնց փոխանցելով իր սիրտի խօսքը, որուն աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Պրիւքսէլի մէջ գտնուող Սուրբ Յովսէփ անուան ծերանոցը, ուր խնամք տարուի տնտեսական տագնապ ունեցող տարեցները, մատակարարուած եղբայրսիրութեան փոքր քորերուն կողմէ։

Սրբազան Հայրը ապա Պապական նուիրակի առաքելական պալատ կը վերադառնայ ու հոն փոքրիկ դադար կատարելէ ետք մինչեւ ժամը չորս ինքնաշարժով կ՝ուղղուի Լիուվենի Կաթողիկէներու համալսարանը ու կը հանդիպի համալսարանի ուսուցչական կազմին հետ այնտեղ եւս փոխանցելով պատգամ մը, ապա կը փոխադրուի Լովանիոյ «Կրոթ Մարք» հրապարակ ողջունելու համար այնտեղ համախմբուած գրեթէ 20 հազարէն աւելի հաւատացեալներ։ Այս հանդիպումով վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ճամբորդութեան երկրորդ օրուան յայտագիրը։

Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանը

Նշենք թէ՝ Լիուվենի Կաթողիկէ Համալսարանը Երկիրի ամենամեծ ու ամենայայտնի համալսարանն է, եւ ամենահին է աշխարհի մէջ որպէս կաթողիկէ համալսարան։ Հիմնադրուած է Մարթինօ Ե Պապին կողմէ՝ 9 Դեկտեմբերի 1425ին «Sapientie immarcessibilis» Քահանայապետական Կոնդակով՝ անսալով Լիուվեն քաղաքի խնդրանքին:

1968 թուականին, լեզուները տարբերակելու նկատառումով, Համալսարանը տրոհուեցաւ՝ երկու առանձին հաստատութիւններու միջեւ՝ ֆլամանտախօս «Katholieke Universiteit Leuven»ը Լիուվենի մէջ եւ ֆրանսախօս «Université Catholique de Louvain»ը՝ Նոր Լիուվեն (Louvain-la-Neuve) անուանումով նոր քաղաքի մէջ, որ ստեղծուեցաւ զայն հիւրընկալելու համար եւ կը գտնուի ոչ շատ հեռու՝ Լիուվենէն 24 քիլոմեթր հարաւ արեւմուտք։

Համալսարանը եւրոպական հիմնական հետազօտական​​կազմակերպութիւններէն է, կարեւոր դեր ունի բազմաթիւ ոլորտներէն ներս: Անոր առաքելութիւնը հիմնուած է մարդկութեան եւ աշխարհի հայող քրիստոնէական տեսլականի վրայ, ընկերային, փիլիսոփայական եւ բարոյագիտական հարցերու շուրջ բաց քննարկման վայր է, ինչպէս նաև տեղի համայնքի համար քննադատական ​​մտածողութեան կենտրոն:

2024-2025 ուսումնական տարիի ընթացքին «Katholieke Universiteit Leuven»ը եւ «Université Catholique de Louvain»ը` պիտի նշեն հիմննադրութեան 600ամեակը ցուցահանդէսներով, հանդիպումներով, համաժողովներով եւ տարբեր այլ միջոցառումներով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2024, 09:04