Ֆրանչիսկոս Պապ. Առանց սուրբ Հոգիին քրիստոնէական ոչ մէկ բան կը կատարուի

Պելճիքայի կղերական դասին անդամներուն ուղղած խօսքին մէջ ՖրանչիսկոսՊապ կեդրոնացաւ երեք բառերուն վրայ, Աւետարանացում, ուրախութիւն եւ ողորմութիւն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 28 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Պրիւքսէլի Պապական նուիրակի պալատին մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց առանձնական սուրբ պատարագ մատուեց ապա աջահամբոյրի համար հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան որոշ իշխանութիւններուն հետ, որմէ ետք Ժամը 09,40ին, Ֆրանչիսկոս Պապ ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Պապական նուիրակի պալատէն 9,8 քմ հեռու գտնուող Koekelbergի սուրբ Սիրտ եկեղեցին ու հանդիպում ունեցաւ կղերական դասին անդամներուն հետ։

Սուրբ Սիրտ Պազիլիքան

Սուրբ Սիրտ Պազիլիքան աշխարհի հինգերորդ ամենամեծ եկեղեցիներէն մէկն է ու կը գտնուին Պրիւքսէլի արուարձանները գտնուող Koekelberg շրջանին մէջ։ 1905ին սկսած տաճարի շինարարական աշխատանքները ընդհատուած են երկու համաշխարհային պատերազմներուն ընթացքին ու աւարտած են 1971ին։

28 յունուար 1952ին, Պիոս ԺԲ Պապը սուրբ Սիրտ եկեղեցին բարձրացուած է փոքր պազիլքայի աստիճանին։

89 մթ բարձրութեան եւ 167 երկայնութեամբ եկեղեցին յատկանշուած 65 մթ բարձրութեան երկու աշտարակներով եւ մօտաւորապէս 100 մթ բարձրութեամբ հսկայական գմբէթով, 33 մթ տրամագիծով ուրկէ կարելի է վայելել եւ մուտք գործել հիասքանչ երկու թանգարաններու մէջ, Սեւ մայրապետներու թանգարանը եւ ժամանակից արուեստի կրօնական թանգարանը

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը

Սուրբ Սիրտ եկեղեցւոյ մէջ Եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, նորընծաներուն եւ հովուական ծառայութեան գործիչներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպումի սկիզբ վկայութիւններուն տուին, քահանայ մը, հովուական ծառայութեան գործիչ մը, Աստուածաբան մը, սեռային չարաշահումի զոհերու ընկալման կեդրոնի ներկայացուցիչ մը, կրօնաւորուհին մը ինչպէս նաեւ բանտի մատրանապետը մը։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի ոգեշնչուելով իրեն ուղղուած հարցումներէն, խօսքը կեդրոնացուց երեք բառերուն վրայ, աւետարանացում, ուրախութիւն եւ ողորմութիւն։

Աւետարանացում

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, թէ Արեւմուտքի մէջ ապրուած դարաշրջանի փոփոխութիւններն ու հաւատքի ճգնաժամը մեզ կը մղեն վերադառնալու էականին՝ Աւետարանին, որպէսզի բոլորիս դարձեալ հռչակուի Յիսուսի աշխարհի մէջ բերած բարի լուրը՝ փայլեցնելով անոր գեղեցկութիւնը ու այն ժամանակ երբ ամայութիւն կ՝ապրինք, պէտք է որ միշտ մենք մեզի հարցնենք, թէ Տէրը ի՞նչ պատգամը կ՝ուզէ մեզի փոխանցել եւ տագնապները ի՞ նչ բան մեզի ցոյց կու տան։

Սրբազան Հայրը ապա դիտել տուաւ, որ մենք հիւրընկալ շրջանակի մէջ դրուած քրիստոնէութենէն անցած ենք «փոքրամասնութեան» քրիստոնէութեան՝ աւելի ճիշդ վկայութեան»։ «Եւ սա կը պահանջէ եկեղեցական դարձի գալու քաջութիւնը՝ նախաձեռնելու հովուական ծառայութեան այդ վերափոխումները, որոնք կը վերաբերին նաեւ հաւատքի սովորութիւններուն, ձեւերուն, լեզուներուն, որպէսզի անոնք իսկապէս ծառայեն աւետարանացումին։ (Evangelii gaudium, 27)։

Ֆրանչիսկոս Պապ խրախուսեց ըլլալու քահանաներ առանց սահմանափակուելու անցեալի ժառանգութիւնը մատակարարելու եւ պաշտպանելու մէջ, այլ ըլլալու հովիւներ՝ սիրահարուած Յիսուս Քրիստոսին ու ուշադիր ընկալելու Աւետարանի հարցերը՝յաճախ անուղղակիօրէն, Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին հետ քալելու ժամանակ։

«Եւ երբ Աւետարանը կը բերենք, Տէրը մեր սիրտերը կը բանայ հանդիպումին անոր հետ, որ տարբեր է մեզմէ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շեշտելով ,որ եկեղեցւոյ մէջ միութիւնը միակերպութիւն չէ, եւ սիւնհոդասական գործընթացը պէտք է վերադարձ ըլլայ Աւետարանին ու առաջնահերթութիւններէն մէկը, պէտք է գիտնալ ինչպէս հասցնել Աւետարանը ընկերութեան մը մէջ, որ չգիտեր իրեն մտիկ ընել կամ ալ հաւատքէն հեռացած է ։

Ուրախութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց այն ուրախութեան մասին, որ չվերաբերիր ժամանակաւոր կերպով պահուած բաներուն, այլ կը խօսի մեծ ուրախութեան մասին՝ որ կեանքին կ՝ընկերանայ խաւար եւ տխուր պահերուն ու այդ ուրախութիւնը Աստուծմէ, բարձունքէն կու գայ ու Աւետարանէն արթնցած սիրտի ուրախութիւն է ինչպէս նաեւ բխած այն գիտակցութենէն, որ երկար ուղեւորութեան մէջ մինակ չենք, նաեւ աղքատութեան, մեղաւորի, չարչարանքի կացութիւններուն մէջ, Աստուած մօտիկ է հոգ կը տանի եւ մահին երբեք թոյլ պիտի չտայ ունենալու վերջին խօսքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կղերական դասի անդամներէն խնդրեց, որ իրենց ծառայութիւններէ, քարոզչութիւնէն, առաքելութիւնէն բխի սիրտի ուրախութիւնը, որովհետեւ դա հարցեր կը առաջացնէ ու կը գրաւէ բոլոր անոնք որոնք հեռու են։

Ողորմութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ ընդունուած, կիսուած, պարգեւուած եւ ստացուած Աւետարանը կը տանի ուրախութեան, որովհետեւ բացայայտել կու տայ որ Աստուած հայր եւ ողորմութիւն է որ մեզմով յուզուած է, որ անկումէն կը բարձրացնէ եւ երբեք չի հեռանար մեզի հանդէպ իր սէրէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ Աստուծոյ արդարութիւնը գերազանց է ու ան որ կը սխալի կանչուած է սրբագրելու իր սխալները, սակայն սիրտին մէջ բուժուելու համար պահանջը ունի Աստուծոյ ողորմածութեան սիրոյն։ Աստուած իր ողորմածութեամբ է որ մեզ կ՝արդարացնէ, որովհետեւ մեզի նոր սիրտ եւ նոր կեանք կու տայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ պէտք օգնել մարդոց ոտքի կանգնելու ու ընկերութեան մէջ իրենց կեանքի վերագտնելու ու պէտք է յիշենք, որ բոլորս կրնանք սխալիլ, սակայն ոչ մէկը սխալուած է եւ ոչ մէկ միշտ կորսուած է։ Ողորմութիւնը միշտ ողորմութեան։

ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ եկեղեցին ունենայ հետեւեալ խորհրդանշական պատկերը. եկեղեցւոյ մը որ երբեք դուռերը չփակեր եւ բոլորին կը նուիրէ բացում մը դէպի անսահմանին ու որ գիտէ անդին նայիլ։ «Սա է եկեղեցին որ կ՝աւետարանէ, Աւետարանի ուրախութիւնը կ՝ապրի եւ ողորմութիւն կը գործէ»։ ըսաւ Սրբազան ու խօսքը աւարտեց հրաւիրելով «Քալեցէք միասին, դուք եւ Սուրբ Հոգին, առանց Սուրբ Հոգիին Քրիստոնէական ոչ մէկ բան կը պատահի, ասիկա մեզի կը սորվեցնէ մեր Մայրը, Սուրբ Կոյս Մարիամը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնի ապա առաքելական օրհնութիւնը տուաւ, խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Քահանայապետին այցը Թագաւորական ընտանիքի գետնադամբան

Յայտնենք` որ Koekelberg-ի Սուրբ Սիրտ Պազիլիքային մէջ տեղի ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց Laekenի Տիրամօր տաճարի Թագաւորական Գետնադամբանը, ուր թաղուած են Պելճիքայի Թագաւորական Ընտանիքի անդամները։ Նորին Սրբութիւնը այնտեղ դիմաւորուեցաւ Թագաւորի ու Թագուհիին կողմէ ապա կանգ առաւ ու աղօթեց « Baldovino» թագաւորի դամբանին առջեւ որմէ ետքը ի ներկայութեան Պելճիքայի ներկայ Թագաւորին մեծարեց Պալտովինօ Թագաւորին քաջութիւնը երբ Ան ընտրեց իր Թագաւորի պաշտօնէն հրաժարիլ որպէսզի ստիպուած չըլլայ ստորագրելու մարդասպան օրէնք մը, (1990ի ապրիլին Պելճիքայի մէջ որդեգրուած վիժումի օրէնքը)։

Սրբազան Պապը քաջալերեց Պելճիքացիները Պալտովինօ Թագաւորին նայելու այն պահի ընթացքին երբ յառաջ կը տարուին մարդասպան օրէնքները, յոյս յայտնելով նաեւ որ սկիզբ տրուի Թագաւորին երանացման դատին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2024, 09:46