Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մտիկ ըրէք Սուրբ Հոգիին առաջարկներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուսի եւ Մարիամի սուրբ սիրտեր» միաբանութեան անդամները ու անոնց փոխանցած ուղերձին մէջ խօսքը քաջալերեց ուշադիր ըլլալու Աստուծոյ կամքի եւ լսել Սուրբ Հոգիին առաջարկները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 19 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Յիսուսի եւ Մարիամի սուրբ սիրտեր» միաբանութեան անդամները՝ տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով։

Արտասանած ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ տարեկան ընդհանուր ժողովին գումարումը Յիսուսի հետեւելու պահանջ մըն է ու անիկա կ՝ենթադրէ ուշադրութեամբ լսել Սուրբ Հոգիին, այն ինչ որ ամէն օր կ՝առաջարկէ՝ հաւատարմութեամբ, ինքնութեամբ ապրելու համար միաբանութեան առաքելութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ միաբանութեան անդամները, որպէս առաքեալներ կանչուած են Յիսուսի խօսքին տեղ տալու ու խոկալու ինչպէս նաեւ աւետելու Յիսուսի մէջ մարմնացած Աստուծոյ սէրը, յատուկէն կարիքաւորներուն՝ Սուրբ հաղորդութեան աղօթքի եւ խոստովանքի միջոցաւ

«Լոկ հաւատարմութեամբ եւ հեզութեամբ հետեւելով Քրիստոսին, ձեր կառոյցները, ինչպէս նաեւ ձեր հոգեւոր եւ միաբանութեան պատմական ժառանգութեան տարածումը, կրնան վայելել վերանորոգուած գարուն, որ կը փայլեցնէ ձեր խարիզմը մարդկութեան ներկայ ժամանակներու մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հրաւիրեց ուշադիր ըլլալու Աստուծոյ կամքին, «որ դիւրին չէ» եւ վճռական քայլեր ձեռնարկել Քրիստոսին հետեւելու մէջ, որ չկայանար Քրիստոնէական վարդապետութիւն ուսանելու մէջ ոչ ալ ապրելակերպը սեփական դարձնել։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը, որպէսզի միաբանութեան անդամները ներշնչուած զատորոշումով եւ զօրակցած Աւետարանի արժէքներով կարենան վերանորոգուիլ, եւ որպէսզի անոնց սիրտերուն մէջ ուժեղանայ Յիսուսի հետ միացած ապրելու ցանկութիւնը եւ ու հաւատարիմ մնան միաբանութեան խարիզմին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2024, 11:36