Լիւքսեմպուրկի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Կաթողիկէ Հասարակութիւններուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 4,20 անց, Ֆրանչիսկոս Պապ Լիւքսեմպուրկի Արքեպիսկոպոսարանէն ինքնաշարժով փոխադրուեցաւ Տիրամօր նուիրուած մայր տաճարը ու հանդիպեցաւ կաթողիկէ հասարակութեան հաւատացեալներուն հետ։
Լիլսեմպուրկի Աստուածամօր նուիրուած տաճարը։
Քաղաքին կեդրոնը կառուցուած Տաճարին առաջ քարը դրուած է 7 մայիս 1613ին, ու անոր աշխատանքները աւարտած են 17 հոկտեմբեր 1621ին, տաճարը օծուած եւ նուիրուած է Անարատ Յղութեան։ Տաճարին մէջ զետեղուած է Տառապողներուն Մխիթարիչ Տիրամօր հրաշագործ արձանը ու 16 հոկտեմբեր 1666ին, դարձած է երկրին պաշտպան սուրբը՝ ծնունդ առնելով հաւատացեալները դէպի Տիրամօր տաճարը առաջնորդող տարեկան ուխտագնացութիւնը։ Տաճարին մէջ պահպանուած փայտէ 73 բարձրութեամբ Տիրամօր արձանը կը վերագրուի ԺԶ դարուն։ 27 սեպտեմբեր 1870ին, Պիոս Թ Պապին ձեռամբ եկեղեցին կը վերածուի Տաճարի ու կը նուիրուի Սուրբ Կոյսին։
«Նոթր Տամօ տաճար ժամանումին, Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Լիւքսեմպուրկի արքեպիսկոպոսին եւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին կողմէ ապա երկու մանուկներու կողմէ ստացաւ բարի գալուստին փունջ մը ծաղիկներ։
Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը
Հանդիպումին սկիզբը բարի գալուստի խօսք առաւ Լիւսեմպուրկի ծիրանաւորը, ապա վկայութիւններ տուին երիտասարդ մը, թեմի հովուական ծառայութեան խորհուրդի փոխ նախագահը եւ Լեզուական հասարակութիւններու ներկայացուցիչ մը։
Սրբազան Հայրը արտասանած ճառին մէջ նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար, ապա երախտագիտութեամբ ողջունեց Մեծ դուքսին ու անոր հարազատներուն ներկայութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ սոյն հանդիպումը կը զուգադիպի Մարեմեան յոբելեանին, որուն միջոցաւ Լիւքսեմպուրկի եկեղեցին կը յիշէ Տառապեալներուն Մարիամ Մխիթարիչին՝ Երկրի պաշտպան սուրբին նուիրուած, չորս դարերու ջերմեռանդութիւնը ու իր խօսքը կեդրոնացնուց այցելութեան նուիրուած՝«ծառայելու համար» կարգախօսին վրայ։ «Մխիթարել ու ծառայել, սիրոյ երկու հիմնական երեւոյթներ են, զոր Յիսուս մեզի տուաւ ու յանձնեց որպէս առաքելութիւնը եւ ցոյց տուաւ որպէս լեցուն ուրախութեան միակ ուղին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը
Ծառայութիւն
Ծառայութեան առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց հրատապ երեւոյթ մը՝ հիւրընկալութիւնը ընդգծելով, որ Աւետարանի հոգին հիւրընկալութեան, բոլորին համար բաց ըլլալու հոգին է, առանց ոչ մէկը բացառելու» ապա քաջալերեց հաւատարիմ մնալու այս ժառանգութեան, շարունակելով Լիւքսեմպուրկը դարձնել բարեկամի տուն մը՝ բոլոր անոնց որոնք ձեր դուռը կը բախեն՝ օգնութիւն եւ հիւրընկալութիւնը խնդրելով»։
Խօսելով Հիւրընկալութեան մասին, Սրբազան հայրը նախ յիշեց եւրոպայի մշակոյթի արմատներուն մասին, Սուրբ Պօղոս Բ-ի այն խօսքը, որ հիւրընկալութիւնը, եղբայրսիրութենէն առաջ արդարութեան պարտականութիւն մըն է, յիշեց նաեւ նաեւ Լիւքսեմպուրկի երիտասարդներուն փոխանցած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քաջալերանքը, գծելու ճանապարհներ դէպի Եւրոպա մը, ոչ թէ ապրանքներու եւ հարստութիւններուն Եւրոպա մը այլ արժէքներու եւ մարդոց եւ սիրտերու Եւրոպա»։
Ես կ՝ընդգծեմ, Եւրոպա մը, աշխարհ մը, ուր Աւետարանը կը կիսուի աւետումի խօսքով, միացած սիրոյ նշաններուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Երկրորդ` Առաքելութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով երկրորդ նիւթին՝ Առաքելութեան վրայ, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն կատարած աշխատանքներուն համար, որոնց մասնակցած են նաեւ Արքեպիսկոպոսարանի տարբեր հասարակութիւններ ըսելով «ասիկա բոլորիս համար կրկնակի մարգարէական նշան մըն է։ Մեզի նախ եւ առաջ կը յիշեցնէ մեր պատասխանատուութիւնները ընդհանուր տան հանդէպ, որուն պահապաններն են եւ ոչ թէ բռնակալը։ Բայց նաեւ մեզի խորհիլ կու տայ այն մասին թէ ինչպէս այդ առաքելութիւնը՝ ապրուած միասին, ինքնին հիանալի երգչախմբային գործիք է, բոլորին պատմելու համար Աւետարանի գեղեցկութիւնը»
Երրորդ` ուրախութիւն
Ուրախութեան առումով Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտեց, թէ այն ինչ որ մեզի առաքելութեան կը մղէ, ոչ թէ թիւեր կազմելու պահանջն է, ոչ ալ մարդորսութեան պահանջն է այլ եղբայրներու, քոյրերուն, Քրիստոսի հետ ուրախութիւնը ճանչցնելու փափաքն է ու մեր հաւատքը ուրախ եւ պարանցիկ է, որովհետեւ մեզի կ՝ըսէ, որ մենք մարդու բարեկամ Աստուծոյ զաւակներ ենք, որ կ՝ուզէ երջանիկ եւ միացած ըլլանք եւ երջանիկ է մեր փրկութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Պենետեկոստէի տօնին օրը նշուող աւանդութիւնը՝ ի յիշատակ Լուքսամպուրկի աւետարանիչ Սուրբ Վիլլիպրորտի անխոնջ առաքելութեան, ուր ողջ քաղաքը կը պարէ փողոցներն ու հրապարակները շրջող ուխտաւորներուն ու այցելուներու հետ եւ թափօրը կը դառնայ իւրայատուկ պար մը։ «Մեծեր ու փոքրեր, բոլոր կը պարեն միասին դէպի Տաճար, խանդավառութեամբ վկայելով՝ առ ի յիշատակ Սուրբ Հովիւին, թէ ինչքան գեղեցիկ է միասին քալելը եւ բոլորը եղբայրներ դառնալը, մեր Տիրոջ սեղանին շուրջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց նշելով, որ շատ գեղեցիկ է՝ Տիրամօր օգնութեամբ ծառայելու եւ մխիթարելու Տիրոջ յանձնած առաքելութիւնը ու շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն կարիքաւորներու մատուցած վեհանձն ծառայութեան համար, ապա Առաքելական օրհնութիւն շնորհեց խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ