Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պահպանել իւրաքանչիւր արարածի գեղեցկութիւնը, ոչ թէ ժամանակաւոր եւ զանգուածային նմոյշներու համաձայն

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ նախաձեռնուած «գեղեցկութեան պահակներ»վերնագիրով միջոցառումի մասնակիցներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 30 սեպտեմբերին, Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կողմէ նախաձեռնուած «գեղեցկութեան պահակներ»վերնագիրով միջոցառումի մասնակիցները, ընկերակցութեամբ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, Գերպ Ճուզէփփէ Պաթուրիին եւ Իտալիոյ Քարիթասի նախագահ, Գերպ Քարլօ Ռէսայիլլի։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, «Գեղեցկութեան պահակներ» ըլլալը մեծ պատասխանատուութիւնն է ինչպէս նաեւ կարեւոր պատգամ մը եկեղեցական հասարակութեան եւ ողջ ընկերութեան համար, ապա խօսքը կեդրոնացնելով միջոցառումին բնաբանին վրայ, ըսաւ որ անիկա ըլլալու ձեւ մըն է եւ կեանքի որոշում մըն է ուղղուած երկու մեծ նպատակներուն, պահպանելու եւ գեղեցկութեան։

Պահպանել

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ պահպանել կը նշանակէ, պաշտպանել, վերահսկել ու բազմակողմանի գործողութիւն է , որ ուշադրութիւն եւ խնամք կը պահանջէ, որովհետեւ անիկա կը սկսի մեզի վստահուած արժէքի գիտակցութենէն։

«Պաշտպանելը նաեւ մարգարէական է , որովհետեւ անիկա կը պահանջէ անձնական եւ ընկերային յանձնառութիւն. իւրաքանչիւր անձ իր կարողութիւններով, հմտութիւններով, խելքով կարող է բան մը ընել՝ պաշտպանելու համար ուրիշները, ընդհանուր տունը՝ արարչագործութեան համապարփակ խնամքի տեսանկիւնէն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա դիտել տալով որ ժամանակից ընկերութեան շատ մը վայրերու մէջ մոռցուած եւ մեկուսացուած են աղքատները, գաղթականներ ու մինակ ձգուած են անկարներն ու հիւանդները յանձնարարեց ներկաները, որ իրենց բազմաթիւ վայրերու կառուցման աշխատանքներ մէջ որպէս առաջնահերթ նպատակն ունենալ այդ անձերու պաշտպանութիւնը ու այդ վայրերու կառուցումը։ Միայն այս ձեւով կը վերականգնենք արարչագործութիւնը իր գեղեցկութեամբ» ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Գեղեկցութիւն

Անդրադառնալով ապա գեղեցկութեան մասին, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց որ անիկա պահպանելուն հետ ուրիշ արժէք մը, որ յաճախ դիտարկուած է խեղաթիւրուած ձեւով, շփոթելով զայն անցողիկ գեղագիտական տիպարներով, որոնք աւելի շատ կապուած են առեւտրային եւ գովազդային չափանիշերու հետ քան մարդկանց զարգացման հետ։

«Նման մօտեցում մը վնասակար է, որովհետեւ չ՝օգներ իւրաքանչիւրին մէջ լաւագոյնը ծաղկեցնելու, այլ կը հանգեցնէ մարդու եւ բնութեան անկումին»։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց որ պէտք սորվիլ գեղեցկութիւնը մշակելու որպէս իւրայատուկ եւ սուրբ բան մը իւրաքանչիւր արարածի համար, որ Աստուծոյ կողմէ ի սկզբանէ մտածուած եւ սիրուած է, որպէս շնորհքի, բարութեան, գեղագիտական եւ բարոյական կատարելիութեան միութիւն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ներկաները, որպէս արարչագործութեան մեծ ծրագիրի համագործակիցները չյոգնելու տգեղը գեղեցիկի, անկումը հնարաւորութեան, անկարգութիւնը համերաշխութեան դարձնելէ։

Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ ու խնդրեց ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2024, 11:19