«Սատանան գրպաններէն կը մտնէ» Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ինտոնեզիոյ կղերական դասի անդամներուն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Ինտոնեզիոյ ժամով յետմիջօրէի ժամը 4,30ին, իսկ Իտալիոյ ժամանակացոյցով ժամը 11:30ին, 45-րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, Ինտոնեզիոյ Ժաքարթա մայրաքաղաքի Աստուածամօր վերափոխման նուիրուած մայր տաճարէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, ժառանգաւորներուն եւ կրօն ուսուցիչներուն հետ։
Ժաքարթայի Աստուածամօր վերափոխման նուիրուած տաճարը
Աստուածամօր վերափոխման նուիրուած տաճարը կը գտնուի մայրաքաղաքային կեդրոնը եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Աթոռանիստն է։ Սկզբնական Եկեղեցւոյ բացումը կատարուած է 1810ին, փետրուար ամիսը ապա հրկիզուած է 1826ին ու վերջնականօրէն փլուզուած 1890ին։ Վերակառուցման աշխատանքներէն ետք, եկեղեցւոյ բացումը եւ օծումը կատարուած է 21 ապրիլ 1901ին։
Աստուածամօր տաճար մուտքին, Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ Ժաքարթայի թեմի արքեպիսկոպոսին, եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահին կողմէ ապա մի քանի մանուկներէ ստացաւ բարի գալուստի փունջ մը ծաղիկներ։
Քահանայապետին արտասանած ճառը
Բարի գալուստի ողջոյնի խօսքը արտասանեց եպիսկոպոսցաց համահաւաք դասին նախագահ որմէ ետք իրենց վկայութիւններ տուին քահանայ մը, մայրապետ մը եւ երկու կրօն ուսուցիչներ։ Վկայութիւններուն աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց իր սիրտին խօսքը, որուն սկիզբ ողջունեց ներկաները ապա խօսքը կեդրոնացուց առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանին երեք բառերու վրայ՝ հաւատք, եղբայրութիւն եւ կարեկցութիւն։
Հաւատք
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Ինտոնեզիան բնական հարստութիւններու երկիր է եւ Ինտոնեզիոյ ամէն մէկ տարածք, ինչպէս նաեւ միլիոնաւոր մարդոց իւրաքանչիւր ակնթարթ Աստուծոյ պարգեւն է ու յառաջացած անշահախնդիր սիրոյ նշան ։«Եւ այս բոլորին՝ որդիներու աչքերով նայիլը մեզի կ՝օգնէ հաւատալու եւ մենք մեզ ճանչնալու որպէս փոքր եւ սիրելի ինչպէս նաեւ զարգացնելու երախտագիտութեան եւ պատասխանատուութեան զգացումները» ըսաւ Սրբազան Հայրը։
Եղբայրութիւն
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց 900 թուականէն բանաստեղծուհիէ մը խօսքը, «եղբայր ըլլալ կը նշանակէ մէկը միւսին սիրել ՝մենք մեզ ճանչնալով տարբեր ինչպէս ջուրի երկու կաթիլները» ապա նշեց որ « Եղբայրութիւն ապրիլ կը նշանակէ մէկը միւսին ընդունիլ տարբերութեան մէջ՝ մենք մեզի հաւասար ճանչնալով ու այս մէկը նաեւ Ինտոնեզիոյ եկեղեցւոյ համար սիրելի արժէք մըն է, որ կը դրսեւորուի այն բացութեան մէջ, որուն միջոցաւ կ՝առնչուի զայն կազմող եւ շրջապատող մշակութային, ցեղային, կրօնական, ընկերային տարբեր իրականութիւններու հետ, արժեւորելով իւրաքանչիւրին ներդրումը եւ առատաձեռն օրէն տալով իրը իւրաքանչիւր շրջանակէ ներս։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց միշտ բաց մնալու, բաց եւ ձեռք ձեռքի մէջ բոլորին հետ բարեկամ, աշխարհի մը մէջ, ուր կարծես թէ միշտ կ՝աճի բաժնուելու, պարտադրուելու միտումը։ Խրախուսեց հասնիլ բոլորին, թարգմանելով ոչ միայն Աստուծոյ խօսքը տարբեր լեզուներով այլեւ եկեղեցւոյ ուսուցումները, զանոնք հասանելի դարձնելու համար կարելիութեան համաձայն բազմաթիւ անձերուն։
Կարեկցութիւն
ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ կարեկցութիւնը եղբայրութեան շատ կապուած բառ է։ Կարեկցութիւնը չկայանար կարիքաւոր եղբայրներու եւ քոյրերուն ողորմութիւն տալու մէջ, կը նշանակէ ընդունիլ փրկագինի եւ արդարութեան անոնց երազները, ու ցանկութիւնները, հոգ տանիլ անոնց, դառնալ խթանող եւ համագործակցող ներգրաւել նաեւ ուրիշները, ընդլայնելով «ցանցը» եւ սահմանները բարեգործութեան մեծ ընդարձակ ուժականութեան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց,, որ «այն ինչ որ աշխարհը յառաջ կը տանի շահագրգռուածութեան հաշիւները չեն, որոնք ընդհանրապէս ի վերջոյ կը կործանեն արարչագործութիւնը եւ կը բաժնեն հասարակութիւնները, այլ եղբայրսիրութիւն է որ կը տրուի։ Կարեկցութիւնը չմթագներ կեանքի իրական տեսլականը, ընդհակառակը մեզի ցոյց կու տայ բոլոր բաները սիրոյ լոյսին ներքոյ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը եզրափակեց անդրադառնալով տաճարը պահպանող, հենող սւինի մը վրայ զետեղուած Տիրամօր արձանին, ըսելով որ ասիկա մեզ ցոյց կու տայ նախ եւ առաջ Աստուածամայրը որ իր «այո» ով կ՝աջակցի եկեղեցւոյ բոլոր կառոյցին։ Տիրամայրը կը յայտնուի որպէս եղբայրութեան կերպար ընդունելու ժեսթին մէջ, բոլոր անոնճ որոնք կ՝ուզեն տաճարի կեդրոնը մտնել։ Տիրամայրը կը յատնուի նաեւ որպէս կարեկցութեան իքոն, Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ հսկելու եւ պաշտպանելու մէջ, որոնք ուրախութիւններով, ցաւերով, յոգնութիւններով, յոյսերով կը հաւաքուին հօր տան մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց յիշելով մի քանի տասնեակ տարիներ առաջ Աստուածամօր տաճարը այցելութեան ժամանակ, եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, Յովհաննէս Պօղոս Բ պապին մէջբերած սաղմոսի համարը, «Թող ուրախանան բոլոր կղզիները» ու քահանայապետին ունկնդիրներուն ուղղած հրաւէրը, այդ երազները իրականացնելու համար վկայելով Յարութեան ուրախութիւնը եւ կեանք տալով որպէսզի նաեւ հեռու կղզիները կարենան ուրախանան, լսելով աւետարանը, «որուն դուք իսկական քարոզիչները, վկաները ու ուսուցիչները էք»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ