Ֆրանչիսկոս Պապ Պրիւքսէլ մեկնելէ առաջ հանդիպեցաւ անօթեւան, աղքատ խումբ մը անձերու հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 26 սեպտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի միջազգային օդակայան մեկնելէ առաջ, Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ հանդիպեցաւ անօթեւան, աղքատ եւ գաղթական խումբ մը անձերուն հետ, կարդինալ Քրայէվսքիին ընկերակցութեամբ։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ այսօր առաւօտեան կանուխ, տասը անձերէ բաղկացած՝ անօթեւաններ, կանայք, այր մարդիկ, որոնք ապաստան կը գտնեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակակից կից գտնուող փողոացներու մէջ, ընկերակցութեամբ Ողորմնաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայէսքիին, ողջունեցին Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի Սանթա Մարթա տան մէջ, նախ քան Լուքսամպուրկ, Պրիւքսէլ առաքելական ճամբորդութեան մեկնիլը։
Յիշեցնենք, որ երեկ՝ 25 սեպտեմբերին, կէսօր ետք, սովորութեան համաձայն, առաքելական ճամբորդութիւններէն առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապ, Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճորէ գնաց, Տիրամօր յանձնելու համար դէպի Պրիւքսէլ եւ Լուքսամպուրկ առաքելական ճամբորդութիւնները։
Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ պահ մը կանգ առաւ ու աղօթեց Սալուս Փուփուլի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ