Ֆրանչիսկոս Պապ. Եղբայրսիրութիւնը բոլորիս սիրտերը կը վառէ ու ամէնքս պահանջը ունինք այդ ջերմութեան։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 28 սեպտեմբերին, «Սուրբ Սիրտ» տաճարին մէջ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն հետ ունեցած հանդիպումէն առաջ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Սան Ժիլ» ժողովրդապետութիւնը եւ առաւօտեան նախաճաշը կիսեց աղքատներուն, գաղթականներու հետ։
Իր արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց նախաճաշին հրաւէրին համար ապա անդրադառնալով հաւատացեալներուն տուած վկայութիւններուն նշեց որ «Ողորմութիւնը ցոյց կու տայ դէպի յոյսի ուղին ու սիրով եւ միմիանց նայիլը կ՝օգնէ բոլորին վստահութեամբ նայելու ապագային եւ ամէն օր վերադառնալու ուղեւորութեան մէջ։
«Եղբայրսիրութիւնը կրակ մըն է, որ սիրտը կը տաքցնէ եւ չկայ ոչ մէկ կին կամ մարդ մը երկրի վրայ, որ պահանջը չ՝ունին անոր ջերմութեան»։
Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ դիմագրաւելիք հարցերը քիչ չեն, երբեմն կը հանդիպինք թիւրիմացութեան եւ մերժումի, սակայն կիսուած սէրէն առաջացած ուրախութիւնն ու ուժը բոլոր դժուարութիւններէն ամէեն մեծ են, ու ամէն անգամ որ կը ներգրաւուինք զօրակցութեան եւ փոխադարձ հոգատարութեան գործերուն մէջ կ՝անդրադառնանք որ շատ աւելի կը ստանանք քան թէ կու տանք։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար ու ներկաներուն ուղեւորութեան համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նախաճաշին համար ապա առաքելական օրհնութիւնը տուաւ խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ