Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Ծառայեցէք ընդհանուր բարօրութեան եւ յառաջ գացէք թմրամիջոցներու եւ կաշառակերութեան դէմ

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Իտալիոյ պետական ֆինանսական վերահսկողութեան մարմնի անդամներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 21 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի մէջ հանդիպեցաւ Եպիսկոպոսներու համար վերատեսչութեան կառավարիչ, կարդինալ Ռոպէրթ Ֆրանսիս Փրէվոսթի հետ, Իտալիոյ պետական ֆինանսական վերահսկողութեան մարմնի անդամներուն հետ, որմէ ետք հանդիպեցաւ մարդու դէմ ականները արգիլելու համաժողովի նախագահ, տիար Լի Թուչի հետ , ապա Սուրիոյ մէջ պապական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զէնարին, Անկոլայի եւ Սաօ Թոմէ պապական նուիրական գերապայծառ Քրիսփին Տուպիէլին հետ։ Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ առաքելական տարածքներու մէջ նոր եպիսկոպոսներուն վերապատրաստման դասընթացքին հետեւորդներուն հետ։

Իտալիոյ պետական (Guardia di Finanza) ֆինանսական վերահսկողութեան մարմնի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին արտասանած պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը նախ անդրադարձաւ յիշեալ մարմնի հիմնադրութեան 250-րդ տարեդարձին կարգախօսին՝ «Աւանդոյթի համաձայն, ապագան» - «Այս կը վերաբերի այն արմատներուն, որոնք կը յանգեցնեն Guardia di Finanza-ի հիմնադրման՝ ու անոր տուաւ ուղղութիւններ։ Այս մարմինը ծնաւ ֆինանսական հսկողութեան եւ սահմանային պաշտպանութեան ծառայութեան համար ու ստանձնեց հարկային եւ տնտեսական ֆինանսական ոստիկանութեան պարտականութիւնները ու փրկարա ական ոլորտէն ներս կարեւոր առաքելութիւն ունեցաւ ինչպէս ծովուն մէջ այնպէս լեռներուն վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Ֆինասական հսկողութեան մարմնի պաշտպան սուրբ Սուրբ Մատթէոսի մասին նշելով, որ Սուրբ Մատթէոս հարկահաւաք էր ու Յիսուսի ժամանակ այդ արհեստը արհամարհուած էր, քանի որ ենթարկուած էր կայսերական իշխանութեան ու Մատթէոս առաքեալը կը ներկայացնէր օգտապաշտ մտայնութիւն մը, նուիրուած միայն «Փողի Աստուծոյ։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա դիտել տուաւ ժամանակակից օրերուն, ընկերային կեանքին մէջ կան իրականութիւններ, որոնք կը յառաջացնեն անհաւասարութիւններ, որոնց շարքին սնունդի մսխումը, նկատելով զայն գայթակղութիւն ու հարց տալով թէ ինչպէս կարելի է աշխարհի մէջ անօթութիւնը բացատրել երբ այդ անօթութիւնը կասեցնելու համար բաւարար է մէկ տարի զէնք չ՝արտադրել։« Պետութիւնները նաեւ կրնան թիրախ դառնալ այդ համակարգին, չնայած որ հարստութիւններ ունին ու կղզիացած կը մնան» ըսաւ Ան

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց պետական մարմնի անդամները վերահսկել իւրաքանչիւր քաղաքացի պարտականութիւնը՝ արդարութեան չափանիշերով նպաստելու պետութեան կարիքներուն, առանց, որ ամենազօրաւորը առանձնաշնորհուի, յորդորեց պայքարելու համացանցի եւ ընկերային ցանցերուն, ոչ պատշաճ օգտագործման դէմ ապա անդրադարձաւ կաշառակերութեան մասին ըսելով որ կաշառակերութիւնը հակահասարակական վերաբերմունք է ու անոր պատասխանը չկայանար միայն օրէնքներու մէջ, այլ մարդասիրութեան մէջ, վերահիմնելով մարդկութիւնը։

«Մատթէոս առաքեալը, շահոյթի տրամաբանութենէն անկողմնակալութեան եւ արդարութեան տրամաբանութեան անցաւ ու Յիսուսի դպրոցին մէջ արդարութենէն եւ հաւասարութենէն անցնելէ ետք ճանչցաւ ձրիութիւնը որ ոչ միայն ֆինասական ծաւալ մըն է այլ մարդկային ծաւալ մը՝ այսինքն ուրիշներուն ծառայութեան մէջ մտնել ձրի կերպով, առանց շահոյթ որոնելու» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց զինուորներուն հիւրընկալութեան ի սպաս մատուցած ծառայութիւններու համար ինչպէս Միջերկրականի մէջ գաղթականներու հասցուցած փրկարարական աշխատանքներուն համար։ Յիշեց նաեւ թմրամիջոցներու եւ մարդավաճառութեան դէմ անոնց քաջ պայքարը։

Ազգի մը ներքին հարստութիւնը ոչ միայն ներքին արտադրութիւններուն չափանիշերն են, այլ կը գտնուի իր բնական, արուեստական, մշակութային, կրօնային, իր ժողովուրդին եւ մանուկներուն ժպիտին մէջ ըսաւ Քահանայապետը

Ճառի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ գոհունակութիւն յայտնեց ներկաներուն, ժողովուրդին վստահութեան յոյսի սնուցման գործին մէջ տածած համագործակցութեան համար ապա քաջալերեց զանոնք վառելու յոյսը, վստահութիւն ու ուրախութիւնը շեշտելով, որ ջերմաչափը մանուկներուն, տարեցներուն ժպիտներն են։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2024, 11:49