Գրագիտութիւն, աշակերտներ Գրագիտութիւն, աշակերտներ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը գրագիտութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ։

Գրագիտութիւնը կարեւոր է աւելի կիրթ, եղբայրական եւ միասնական ու խաղաղ հասարակութիւն կառուցելու գործին համար։ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը գրագիտութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ուղերձ մը յղեց ԻՒՆԵՍՔՕ ի ընդհանուր տնօրէն, Տիկին Օտրէ Ազուլային, գրագիտութեան միջազգային օրուան կապակցութեամբ։

Ուղերձին մէջ ծիրանաւորը Ֆրանչիսկոս Պապին հոգեւոր Մօտիկութիւնը փոխանցեց ԻՒՆԵՍՔՕի կողմէ կազմակերպուած համաժողովին կազմակերպներուն, պատասխանատուներուն, ապա նշեց որ 1967 թուականէն ամէն տարի ոգեկոչուող գրագիտութեան միջազգային օրը բարենպաստ առիթ է գնահատելու համար անգրագիտութեան դէմ պայքարին մէջ ձեռք բերուած արդիւնքները կամ ալ խրախուսելու բոլոր մարդիկն ու հաստատութիւնները որոնք յանձնառու են կրթութեան թանկարժէք ծառայութեան մէջ։

Անդրադառնալով ապա այս տարի գրագիտութեան միջազգային օրուան ընտրուած նիւթին, «Խթանել բազմալեզու կրթութիւն. Գրագիտութիւնը՝ փոխ ըմբռնման եւ խաղաղութեան համար, կարդինալ Փարոլին նշեց որ այս նիւթը հրաւէր է խոկալու գրագիտութեան ներդրման մասին ՝ մարդկանց միաւորելու եւ փոխ ըմբռնման գործին մէջ ու դիտել տուաւ որ pազմալեզու մարդիկը տարբեր լեզուներ խօսելէ եւ հասկնալէ զատ պատրաստակամ են գնահատելու այլ մշակոյթներու հարստութիւնները, ներառեալ այն մշակոյթները, որոնք շատ հեռու են իրենցմէ։ Այս առնչութեամբ կարդինալ Փարոլին յիշեց Նելսոն Մանտելային խօսքը, « Եթէ մարդուն հետ խօսիս իր հասկցած լեզուն, իր գլխուն հետ խօսած կ՝ըլլաս, իսկ եթէ իր լեզուն խօսին, սիրտին հետ խօսած կ՝ըլլաս։»
«Լեզուն հետեւաբար, հիմնական գործիք է անձերու եւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան մէջ գրեց Կարիդնալ Փարոլին ու վերյիշեց Ֆրանչիsկոս Պապին, քաղաքագէտներուն, հանրային հաստատութիւններու պատասխանատուներու ուղղած հրաւէրը արժէքաւորելու գրագիտութեան կարեւորութիւնը, կառուցելու համար աւելի կիրթ, եղբայրական եւ միասնական ու խաղաղ հասարակութիւն։

Կարդինալ Փարոլին ուղերձը աւարտեց, նշելով որ Ֆրանչիսկոս Պապ Աստուածային օրհնութիւնները ու շնորհք կը հայցէ գրագիտութեան մէջ ներգրաւուած ցանցերու անդամներուն, միջ մշակութային երկխօսութեան ինչպէս նաեւ ժողովուրդներուն փոխ ըմբռնման բոլոր խթանողներուն վրայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2024, 15:00