Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հրաժարինք վախի մշակոյթէն, բանալու համար բարեկամութեան դուռը»

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Թիրանայի մէջ կազմակերպուած, Ալպանացի եւ միջերկական ափերու երիտասարդներու միջեւ հանդիպումի կապակցութեամբ։ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց յոյսի վրայ խրախուսելով երիտասարդները որ միտշ խիզախ ըլլան ու երբեք չվախնան աշխարհի բռնութիւնները դիմակաելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ալպանիոյ Թիրանա մայրաքաղաքին մէջ 15-20 սեպտեմբերին, տեղի կ՝ունենայ «Յոյսի ուխտաւորներ եւ խաղաղութեան կառուցողներ» թեմայով միջերկրականի հանդիպումը, մասնակցութեամբ Միջերկրականի եւ Ալպանիոյ երիտասարդներուն։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ ուղղեց յիշեալ հանդիպումի մասնակիցներուն ու իր ուրախութիւնը յայտնեց, որովհետեւ «2014ին, ձեր քաղաքը այցելելէ 10 տարի ետք միացած էք Թիրանայի մէջ ու ես անմոռանալի կերպով կը յիշեմ այդ ճամբորդութիւնը ուր կարողացայ հանդիպիլ ձեր ժողովուրդին հետ, բազմադէմ ժողովուրդ մը, սակայն միացած քաջութեան մէջ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա յիշեց 2014ին, 21 սեպտեմբերին, Թիրանայի մէջ երիտասարդաց հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին արտասանած խօսքը. «Դուք Ալպանիոյ նոր սերունդն էք։ Սիրելի երիտասարդներ այսօր՝ Միջերկրական ծովերու հինգ ափերէն, դուք միջերկրական ծովու տարածքի նոր ապագան էք»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Աստուած բոլորը կը սիրէ առանց խտրութեան ընդգծելով, որ Միջերկրական հինգ ափերու միջեւ կառուցուած եղբայրութիւնը լաւագոյն պատասխանն է, որ կարելի է շնորհել հակամարտութիւններուն ու անտարբերութիւններուն որոնք կը սպանեն։ Քաջալերեց միասնաբար կարդալու ժամանակներուն նշանները, խոկալ աւանդութիւններու միջեւ տարբերութեան մասին, որպէս Աստուծոյ կողմէ ուզուած հարստութիւն մը։

«Միասնութիւնը եւ ձեր մշակութային եւ կրօնային բազմազանութիւնը, Աստուծոյ պարգեւն է։ Թոյլ տուէք, որ աճիք փոխադարձ յարգանքի մէջ, ինչպէս կը վկայեն ձեր նախնիները։ Կեդրոն զետեղեցէք բոլոր անոնց ձայնը, որ լսուած չէ», յորդորեց Սրբազան Հայրը յիշելով տառապող աղքատները ու լաւ ապագային համար, իրենց հայրենիքէն հեռացող երիտասարդները։«Բոլորին հոգ տարէք։ Խօսքը ոչ թիւերուն այլ մարդկանց, դէմքերուն մասին է, որոնց արժանապատուութիւնը պէտք է բարձրացուի ու պաշտպանուի ու հրաժարինք վախի մշակոյթէն, բանալու համար բարեկամութեան եւ հիւրընկալութեան դուռը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ  յիշեց Թիպերիաթի մեծ լիճը հրաւիրելով երիտասարդները բնակելու «այդ աղբիւրին մէջ, որ ձեզ կը միաւորէ ինչպէս մէկ այգի՝ մշակելու համար։ Իւրաքանչիւր շրջանակի մէջ պահպանեցէք ձեր ծառայութեան ոգին, խնամեցէք ձեր ձեռքերուն վստահուած իւրաքանչիւր արարած։ Իմացէք քալել ձեր նահատակներուն շուքին ներքեւ, անոնց խիզախութիւնը կենդանի վկայութիւն մըն է, որ կրնայ ներշնչել ձեր յանձնառութիւնը՝ դիմակայելու բոլոր բռնութիւնները, որոնք կ՝այլանդակեն մեր մարդկութիւնը, այնպէս ինչպէս կատարեց 22 Տարի առաջ երանելի Մարիա Թուչի»։

Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսղողական պատգամը աւարտեց, յանձնելով երիտասարդները Տիրամօր հովանիին, «որ միշտ սիրոյ եւ ցաւի մայրական հայեացքը կը սեւեռէ երկրի իրադարձութիւններուն։ Սորվեցէք Անոր անարատ սիրտէն, յոյսի անխոնջ ուխտաւորներ դառնալու համար ինչպէս նաեւ հետեւելու Աստուծոյ նշաններուն, որպէսզի Միջերկրականը իր ամենագեղեցիկ դէմքը գտնէ՝ եղբայրութեան եւ խաղաղութեան դէմքը»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2024, 10:22