«Սէրը կը կառուցէ» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը Սինկափուրի մէջ մատուցած Պատարագի ընթացքին

Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով «Սինկափուրի մեծ քաղաքի գեղեցկութենէն, համարձակ ճարտարապետութենէն, քարոզին մէջ մեկնաբանեց Սուրբ Պօղոս Առաքեալին խօսքը «Գիտութիւնը կը փտեցնէ, իսկ սէրը՝ կը շինէ» (1 Կորնթ 8,1) ու Խօսքը կեդրոնացուց սիրոյ վրայ, նկատել տալով որ տպաւորիչ շինութիւններուն ետին առաջին հերթին չկայ՝ ինչպէս շատեր կը մտածեն դրամը, թեքնիկութիւնը կամ ալ ճարտարապետութիւնը, այլ կայ սէրը, որ կը կառուցէ»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սինկափուր կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս, հինգշաբթի, 12 նոյեմբերին, տեղական ժամով յետմիջօրէին, 17,15ին, Իտալական ժամով 11,15ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Ազգային մարզադաշտ ու հոն կը գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, ներկայութեամբ հազարաւոր հաւատացեալներուն։

Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը Ֆրանչիսկոս Պապ կը սկսի մէջբերելով Սուրբ Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած խօսքէն հատուած մը «Գիտութիւնը կը փտեցնէ, իսկ սէրը՝ կը շինէ» (1 Կորնթ 8,1) ապա կը նշէ, որ Սուրբ Պօղոս այդ խօսքերը կ՝ուղղէ Կորնթացիներուն, որոնք շնորհապարգեւներով հարուստ հասարակութիւն մը է ու անոնց իր նամակներու մէջ միշտ կը յանձնարարէ, մշակելու եղբայրսիրութեան մէջ հաղորդութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը նշէ, որ Սինկափուրի եկեղեցին նաեւ հարուստ է պարգեւներով եւ միշտ այլ դաւանանքներուն, կրօններուն հետ երկխօսութեան աճումի մէջ է կիսելով անոնց հետ երկրի հրաշալիքները։

Սէրը կը կառուցէ

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա Սուրբ Պօղոսի վերոյիշեալ խօսքը սկսաւ մեկնաբանել ներշնչուելով «այս մեծ քաղաքին գեղեցկութենէն, համարձակ ճարտարապետութենէն, սկսեալ Ազգային մարզադաշտէն, ուր որ գտնուինք», ըսելով որ այդ տպաւորիչ շինութիւններուն ետին առաջին հերթին չկայ՝ ինչպէս շատեր կը մտածեն դրամ, թեքնիկութիւնը կամ ալ ճարտարապետութիւն, այլ կայ սէր, որ կը կառուցէ»։

«Իրականութեան մէջ չկայ լաւ գործ մը, որոնց ետին չկայ կարող, փայլուն, ուժեղ, ստեղծագործ մարդիկ՝ թերեւս անոնք փխրուն կանայք եւ մարդիկ են, որոնց համար առանց սէրի կեանք, ոգեւորութիւն չկայ, ոչ ալ գործելու պատճառ եւ ոչ ալ կառուցելու ուժ»։

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եթէ այս աշխարհին մէջ գեղեցիկ բան մը կայ, ան ալ կայ այն պատճառաւ, որ անսահման եւ տարբեր հանգամանքներէն սէրն է որ կը գերիշխէ ատելութեան վրայ, զօրակցութիւնը անտարբերութեան վրայ եւ առատաձեռնութիւնը եսասիրութեան վրայ ու այն ինչ, որ կը տեսնենք նշան մըն է ու ամէն մէկ գործողութիւններու ետին կան բացայայտելիք սիրոյ պատմութիւններ… եւ մեզի համար լաւ է սորվիլ եւ կարդալ մեր տուներուն ճակատներուն, փողոցներուն գիծերուն վրայ գրուած այդ պատմութիւնները ու փոխանցել անոնց յիշատակը, յիշեցնելու համար, որ առանց սիրոյ ոչ մէկ բան կը ծնի ու կ՝աճի։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ նաեւ որ երբեմն մեր նախագիծերու վեհութիւնն ու մեծութիւնը, կարողութիւնը ունին մեզ ստիպելու մոռնալու այդ սէրը, խաբուելով որ մինակնիս կրնանք մեր հարստութեան եւ մեր անձին հեղինակները ըլլալ, ինչպէս նաեւ մեր բարօրութեան եւ երջանկութեան հեղինակներ սակայն ընդգծեց սրբազան Հայրը կեանքը մեզ կը տանի միայն այն իրականութեան, ան է թէ առանց սէրի ոչինչ կայ։

Այս որոշութեան մասին Հաւատքն է, որ մեզ կը հաստատէ եւ կը լուսաւորէ ըսաւ Սրբազան հայրը, «որովհետեւ մեր սիրելու եւ սիրուած ըլլալու կարողութեան հիմքին մէջ, Աստուած է որ գոյութիւն ունի, որ իր հայրական սիրտով մեզի փափաքեցաւ ու մեզի գոյութեան բերաւ՝ ամբողջովին անվճար, միանգամայն անվճար կերպով մեզ մեղքէն եւ մահէն փրկեց իր Միածին Որդւոյն մահով եւ Յարութեամբ։

Ամենագեղեցիկ կառոյցը, ամենէ արժէքաւոր գանձը, ամենարժէքաւոր ներդրումը Աստուծոյ աչքերուն առջեւ՝ մենք ենք, նոյն Հօր սիրելի զաւակները, որ մեր հերթին կանչուած ենք տարածելու սէրը։

«Սէրը, որ Աստուած մեզի ցոյց կու տայ ու կը հրաւիրէ ապրելու կը պատասխանէ աղքատներուն կարիքներուն ու յատկանշուած է աղքատներու հանդէպ գթութեամբ եւ պատրաստ է միշտ ներելու, յուսալու, հիւրընկալելու այն աստիճան «հայհոյանքը փոխադարձել օրհնութեամբ մը, որ Աւետարանին յենակէտն է» (Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ)։

նորին Սրբութիւնը նշեց, որ աղքատներու հանդէպ այդպիսի սէրը կը տեսնենք շատ մը սուրբերու մէջ, Աստուծոյ ողորմութենէն ներգրաւուած մարդոց եւ կիներուն մէջ ինչպէս Տիրամայրը, որուն յիշատակը կը նշուի այսօր, «Անոր մէջ կը տեսնենք Հօր Աստուծոյ սէրը, որ կը դրսեւորուի ամենագեղեցիկ կերպով, մայրական քնքշութեամբ, որ ամէն ինչ կը հասկնայ, կը ներէ, եւ երբեք չլքեր»։

Ֆրանչիսկոս Պապ որպէս այլ սուրբ յիշեց նաեւ Սուրբ Ֆրանչէսքօ Սաւերօ, որ բազմաթիւ առիթներով դիմաւորուած է Սինկափուրին մէջ առաքելութեան համար, վերջին անգամ 21 յուլիս 1552ին, մեռնելէ մի քանի ամիս առաջ։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց ըսելով «Տիրամօր եւ Սուրբ Սավերիոյին օրինակին հետեւելով Մենք եւս կրնանք մեր խօսքը դարձնել այս խօսքը «Տէր ահաւասիկ ես եւս, ի ՞նչ կ՝ուզես որ ընեմ», որպէսզի անոնք մեզի ընկերանան ոչ միայն այս օրերուն, այլ միշտ որպէս մշտական յանձնառութիւն ունկնդրելու եւ պատասխանելու սիրոյ, արդարութեան հրաւէրներուն որոնք այսօր կը շարունակեն մեզի գալ Աստուծոյ անսահման սէրէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2024, 14:19