2023.03.14 traffico esseri umani, tratta

Ֆրանչիսկոս Պապ. Մաֆիայի կողմէ բռնագրաւուած գոյքերը պէտք է վերականգնել ընդհանուր բարօրութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը մաֆիական կազմակերպութիւններէն բռնագրաւած գոյքերը ընկերային ոլորտներէն ներս օգտագործելու նիւթին նուիրուած, Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի կողմէ կազմակերպուած ժողովին մասնակիցներուն։ Ֆրանչիսկոս Պապ կը շեշտէ որ պէտք չէ մոռնալ ոճրագործութեան թիրախ զոհերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց Քահանայապետական գիտութիւններուն կաճարի կողմէ կազմակերպուած, մաֆիական կազմակերպութիւններէն բռնագրաւած գոյքերը, ընկերային ոլորտներու մէջ օգտագործելու նիւթին նուիրուած ժողովի մասնակիցներուն։

Ուղերձին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ կ՝անդրադառնայ ժողովին նիւթին նշելով, որ անիկա ուղղուած է ոճրագործ կազմակերպութիւններու մեղմացման՝ ընդհանուր բարօրութեան միջոցաւ ։

«Ոճրագործ կազմակերպութիւններուն դէմ պայքարը, միջազգային համայնքին մէջ ամենէն կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկ է, որովհետեւ անիկա ահաբեկչութեան հետ մէկ տեղ կը ներկայացնէ ամենայարմար ոչ ռազմական սպառնալիքը իւրաքանչիւր ազգի եւ միջազգային տնտեսականութեան անվտանգութեան դէմ» նշեց Սրբազան հայրը աւելցնելով որ պետութիւնները ոչ միայն պէտք են հետաքննեն եւ դատեն կազմակերպուած ոճրագործութիւնները այլ պէտք է նաեւ համագործակցիլ իրարու հետ բացայայտելու համար այդ կազմակերպութիւններուն ունեցուածքը եւ վերականգնել զանոնք՝ անհնարին դարձնելով ոճրագործական յանցագործութիւններուն շարունակութիւնը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա շեշտ կը դնէ այն իրողութեան վրայ, որ պէտք է նկատի առնել որ գոյքերու վերականգնումը պէտք չէ սահմանափակուի, ոճրագործական քաղաքականութեան այդ նպատակին մէջ, այլ պէտք է ոգեկոչուի ընդհանուր բարիքի վերանորոգումով եւ վերակառուցումով։ Նշեց թէ ոճրագործ կազմակերպութիւնը իր դաժանութեան մէջ կը գործէ ընդհանուր բարիքին դէմ, կը յարձակի միլիոնաւոր մարդոց եւ կանանց դէմ որոնք իրաւունքն ունին ապրելու, ինչպէս նաեւ կը յարձակին ընկերային գետնուի վրայ մեկուսացուած խումբերուն դէմ, որոնք յատուկէն խոցելի են կազմակերպուած ոճրագործ յանցագործութիւններուն

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ կարելի չէ մոռնալ այդ զոհերը, քանի որ միայն մտածելով անոնց կրած վնասներու մասին կարելի է զատորոշել՝ ինչպէս անոնց օգնել, պաշտպանել, վերականգնել. հակամարտութեան լուծման եւ կարգաւորման էական երեւոյթները։

«Համոզուած ըլլալով, որ ոճրագործութեան դէմ պայքարի եւ միջազգային համագործակցութեան գործին մէջ էական է համալրեալ մօտեցում մը կը հրաւիրեմ այս օրերուն ձեր բանակցութիւնները կեդրոնացնելու անձերուն, մարդկանց , կանանց իւրաքանչիւրին բարիքը վերականգնելու հրատապութեան վրայ, ուր ոչ մէկը անտեսուած է, ուր բոլորը կը հաշուեն եւ ուր ընդհանուր նախագիծը՝որ կը ծառայէ մարդկային արժանապատուութեան կը գերազանցէ իւրաքանչիւրին անհատական գումարին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը բոլորին, յայտնելով լաւագոյն մաղթանքներ ժողովին յաջողութեան համար քաջալերելով կիսելու եւ մտածելու իրենց փորձառութիւններուն մասին, առանց մոռնալու զոհերն ու հասարակութիւնը, կողմնորոշուելով դէպի գործողութիւններ եւ ըմբռնելով իրաւունքն ու արդարութիւնը որպէս գործադրութիւն, որուն նպատակն է կառուցել լաւագոյն աշխարհ մը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2024, 12:52