Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

«Պատերազմը միշտ պարտութիւն է» Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի «Սքոլաս Օքուրենթես» դպրոցի երիտասարդներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի «Սքոլաս Օքուրենթես» դպրոցի երիտասարդներու հետ ապա կ՝ամբողջացնէ բազմանիստ արուեստի գլուխ գործոցը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 4 սեպտեմբերին, Աստուածամօր վերափոխման տաճարին մէջ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօանւորներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, յետմիջօրէին, Ինտոնեզիոյ ժամանակացոյցով, 5,30ին, Իտալիոյ ժամանակացոյցով 12,30ին, Ֆրանչիսկոս Պապ փոխադրուեցաւ «Grha Pemud» երիտասարդաց կեդրոնը։

Սոյն կեդրոնը կառուցուած է 1914ին, Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, հայր Եովաննէս Ռիճքէրվորսելի կողմէ։ Տաճարին մօտ գտնուող կառոյցը, Ինտոնեզիոյ մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող կեդրոն մըն է հիւրընկալած ըլլալով 1982 թուականին Ինտոնեզիոյ երիտասարդաց հաւաքը։

Կեդրոն ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապ կը դիմաւորուի Ժաքարթա թեմի աւելի քան 100 մանուկներուն կողմէ եւ երկու երեխաներ քահանայապետի կը նուիրեն բունջ մը ծաղիկներ։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի Սքոլաս Ալտէասի ծրագիրի մասնակիցներուն հետ, որմէ ետք առանձնական հանդիպում կ՝ունենայ Սքոլաս Օքուրենթեսի մատակարարկան կազմին անդամներու հետ։ Ապա ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ամբողջացնէ երիտասարդներու կողմէ իրականացուած «Բազմանիստ» արուեստի գլուխ գործոցը։

Սքոլաս Օքուրենթես դպրոցի տնօրէն, Խօսէ Մարիա Տէլ Քորալ հաղորդեց որ Ֆրանչիսկոս Պապ խորհրդանշական օրէն կը մտնէ «Բազմանիստ» ին մէջ, որ գեղարուեստօրէն կը ներկայացնէ երիտասարդներու սիրտը եւ կառուցուած է ընդգծելու համար «տարբերութեան մէջ միութիւնը»։

Սքոլաս Օլուլենթես դպրոցի երիտասարդներուն հետ հանդիպումի ընթացին մի քան երիտասարդներ վկայութիւններ տուին իրենց կեանքի մասին։

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադառնալով երիտասարդներու վկայութիւններուն իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց որ «Մեր միջեւ պատերազմ մղելը միշտ պարտութիւն է, բայց վիճաբանութիւնը մեզ կ՝աճեցնէ» ապա ակնարկեց այն իրողութեան որ կեանքի մէջ պէտք է որոշ եւ շօշափելի ըլլալ ու կեանքի մէջ կան երեք բաներ, այն ինչ որ կը մտածենք, այն ինչ որ կ՝ըսենք եւ այն ինչ որ իրականութեան մէջ կ՝ապրինք, ու կայ այն վտանգը, որ անձ մը բան մը կը մտածէ սակայն ուրիշ բան կը կատարէ ու անձի մը հասունութիւնը, ներդաշնակութեան մէջ մտածել, խօսիլ եւ ապրիլ է ։

Ներդաշնակութիւնը ըսաւ Սրբազան հայրը այն է, ուր հասարակութիւն մը միասին կը քալէ, տեսնելով նաեւ տարբերութիւնները՝ արդար կերպով ու առանց տեսնելու ընկերային տարբերութիւնները ։ Խաղաղութիւնը ներդաշնակութիւն է ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով որ այդ կատարելու համար պէտք է հետեւիլ երեք սկզբունքներուն. Իրականութիւնը կը գերազանցէ գաղափարը, միասնութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը իսկ ամբողջը մասէ մը մեծ է։ ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ նաեւ տարբերութիւններու մասին, ըսելով որ կեանքը կ՝ապրուի տարբերութիւններուն մէջ, եթէ բոլոր հաւասար ըլլայինք, ձանձրոյթ կի տիրէ ու հրամայական նկատեց միասին ընթանալը, քննարկելով, եղբայրաբար քննարկելով խաղաղութեան ուղին յառաջ տանելու համար։

Մեր միջեւ պատերազմը միշտ պարտութիւն է , մինչ բարեկամներու միջեւ վիճել մեզ կ՝աճեցնէ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2024, 12:04