Աւարտեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Ասիա եւ Ովկիանիա ցամաքամասերու առաքելական այցելութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աւարտէ Սինկափուրի առաքելական այցելութիւնը։ Ուրբաթ, 12 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն հետ, կ՝այցելէ տարեցներու նուիրուած բարեսիրական կեդրոնը, որմէ ետք կ՝ուղղուի Cathօlic Junior collge աշակերտաց կեդրոնը ու հոն միջ կրօնական հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներու հետ։Այս հանդիպումով վերջ կ՝աւարտի Պապի Սինկափուր կատարած այցելութիւնը Նախատեսուած է, որ քահանայապետին դէպի հռոմ փոխադրող, թռիչքը վայր Էջք կատարէ երեկոյեան ժամը 6, 25ին։
Նորին Սրբութեան օրակարգը կազմուած է հետեւեալ ձեւով։ Տեղական ժամով առաւօտեան 7ին, Պատարագ կը մատուցէ St Francis Xavier Retreat Centre կեդրոնին մէջ ու Պատարագի աւարտին կեդրոնին մատրան մէջ կը հանդիպի եւ կը զրուցէ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն հետ, ապա հրաժեշտ առնէ կեդրոնի անձնակազմէն եւ բարերարներէն ու կ՝ուղղուի դէպի Աղքատներուն փոքր քոյրերու միաբանութեան Saint Theresa’s home կեդրոնը։
Սինկափուրի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը
Սինկափուրի մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հիմնուած է 1960ին, որուն մաս կը կազմեն երկրի երեք արքեպիսկոպոսարաններուն եպիսկոպոսները, Մալայսիայի 6 թեմերու եպիսկոպոսները։ Դասին նախագահն է Քուալա Լումփուրի արքեպիսկոպոսը, գերպ Ժուլիան Լէով։
Saint Theresa’s home կեդրոն
Յիշեալ կեդրոնը հիմնուած է 1935ին, «Աղքատներուն փոքր քոյրեր»ու միաբանութեան կողմէ, որ հիմնուած է 1839ին, ձեռամբ Սրբուհի Ճովաննա Խուկանի ունենալով որէպս նպատակ խնամք տանիլ տարեցներուն, աղքատներուն եւ գաղթականներուն։
Saint Theresa’s home կեդրոնը ժամանումին Սինկափուրի արքեպիսկոպոսին կողմէ դիմաւորուելէ ետք Սրբազան Հայրը կեդրոնին մատրան մէջ հանդիպում կ՝ունենայ Արքեպիկսոպոսին հետ։ Հանդիպումին ընթացքին արքեպիսկոպոսը կը ներկայացնէ բարեսիրական կեդրոնի գործունէութիւններն ու ծրագիրները ապա Ֆրանչիսկոս Պապ իր առաքելական օրհնութիւնները կը շնորհէ քահանաներուն, եւ կեդրոնի հիւրերուն ու հրաժեշտ առնելէ առաջ կ՝օրհնէ յուշատախտակ մը։
«Աստուած ուրախ է ձեր աղօթքը լսելով։ Շնորհակալ ձեր մեծ համբերութեան եւ աղօթքին համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը տարեցներու ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ, Ան ապա խօսքը ուղղելով իրենց կեանքի վերջին ժամանակները ապրող տարեցներուն ըսաւ, «Հիմա այս օրհնութեամբ Տէրը ձեր մօտ կը յայտնուի։ Տէրը ամէն ինչ միշտ կը ներէ եւ ես Տիրոջ անունով բոլորիդ ներում կը յայտնեմ»։։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ տարեցներու միջեւ հանդիպումը վերջ գտաւ Տիրամօր նուիրուած Ողջոյն քեզ Մարիամը աղօթքով ու խմբային լուսանկարով Տիրամօր արձանին մօտ։
Catholoc Junior College
Saint Theresa’s home կեդրոնը այցելելէ անմիջապէս ետք Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի, Catholoc Junior College ուր կ՝ընդունուին համալսարան մտնելու նախապատրաստական դասընթացքներուն հետեւող երիտասարդներ։ Կեդրոնի մէջ Սրբազան հայրը միջ կրօնական հանդիպում կ՝ունենայ երիտասարդներու հետ ներկայութեամբ Սինկափուրի արքեպիսկոպոսին, մշակոյթի, հասարակութեան եւ երիտասարդաց նախարարին եւ աշակերտներուն։
Հանդիպումը սկիզբ կ՝առնէ Սինկափուրի արքեպիսկոպոսի բարի գալուստի խօսքով,ապա հաշմանդամութիւնը ունեցող մի քանի երիտասարդներ հանդէս կու գան միութեան եւ յոյսի պարերով հուսկ խօսք կ՝ուղղէ մշակոյթի նախարար,
եւ վկայութիւններ կու տան ԻՆտու, Սիք եւ կաթողիկէ դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներ։
Վկայութիւններու աւարտին Սրբազան Հայրը կ՝արտասանէ իր սիրտի խօսքը։
Երիտասարդներու հետ ունեցած Միջ կրօնական հանդիպումով կ՝աւարտի Ֆրանչիսկոս Պապին 45-րդ միջազգային ճամբորդութեան վերջին հանգրուանը, Սինկափուրի առաքելական այցելութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ Սինկափուրի միջազգային օդակայան ժամանելէ ետք իրեն ի պատիւ տեղի կ՝ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, ապա թռիչք կ՝առնէ զինք դէպի Հռոմ փոխադրող օդանաւը։
Շուրջ 12,35 ժամ տեւող թռիչքի ընթացքին սովորութեան համաձայն քահանայանպետը հեռագիրներ կ՝ուղղէ օդային տարածքէն սաւառնած երկիրներու նախագահներուն։ Սինկափուրի հանրապետութեան նախագահ Թարման Շանմուկարանդանի ուղղած հեռագրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապի իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ
«ջերմ եւ առատաձեռն ընդունելութեան համար», ապա իր կ՝աղօթքը կ՝ապահովուէ երկրի խաղաղութեան, միութեան եւ բարօրութեան համար։
Նախատեսուած է, որ Պապին փոխադրող օդանաւը Հռոմի միջազգայյն օդակայան վայր էջք կատարէ երեկոյեան 6,25ին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ