«Նպատակը երջանկութիւն է» հատորին կողքը «Նպատակը երջանկութիւն է» հատորին կողքը 

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին նախաբանով, «Նպատակը երջանկութիւն է» վերնագիրով հատորը նուիրուած Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ին

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ կը գրէ որ կարելի չէ լաւ ճանչնալ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը եթէ չճանչնան Քարոլ Վոթիլան քահանայապետը դառնալէ առաջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ստորագրութիւնը կրող նախաբանով «Նպատակը երջանկութիւն է» վերնագիրով, Քարոլ Վոթիլայի չհրապարակուած յօդուածները բովանդակող հատորը, խմբագրուած Մարինա Օլմոյի կողմէ ու հրատարակուած Արէս տպագրատունէ։ Հատորը կը պարունակէ 366 մտորումներ հաւատքի մասին եւ թեմաներու լայն շրջանակ, որոնք գրուած են Վոթիլայի կողմէ մինչեւ քահանայապետ դառնալը։

Նախաբանին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գրէ, թէ սոյն հատորը մեզի համտեսել կու տայ, անցեալ դարուն ամենէն շատ նշանակուած մարդոց մէկուն մարդկային, հովուական ծառայութեան, Աստուածաբանական եւ մշակութային յատկութիւնները ու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, չնայած իր հովուապետութենէն անցած ժամանակին կը շարունակէ ներշնչումի աղբիւր դառնալ ու կ՝առինքնէ մարդիկ դէպի Քրիստոս իր ապրելակերպով, իր ուսմունքի խորութեամբ, եւ մարդոց մօտիկ ըլլալու կարողութեամբ ու այսօրուան աշխարհին մէջ անհրաժեշտ է Սուրբ Յովհանէս Պօղոս Բ օրինակն ու Հայրութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանին մէջ ապա կը նշէ որ չէ կարելի լաւ հասկնալ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, եթէ չենք ճանչնար Քարոլ Վոթիլան, այսինքն անոր ծագումը, անոր անձնաւորութիւնը, աշխատանքը, ուսուցումները, քահանայ, եպիսկոպոս, կարդինալ ըլլալ, անոր երիտասարդներուն հետ ունեցած առանձնայատուկ յարաբերութիւնը, Անոր վերաբերմունքներու մէջ հայրութիւնը, անոր կեանքի ողբերգութիւնը, որուն ընթացքին կորսնցուց մէկը միւսին ետեւէն իր ընտանիքի անդամները։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ, որ այս հատորին մէջ պարունակուած յօդուածները թոյլ կու տան համտեսելու Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մարդկային, քրիստոնէական խորութեան փոքրիկ մարգարիտները, խթանելով մեր հետաքրքրութիւնը եւ մեր մէջ արթնցնելով զայն աւելի լաւ ճանչնալու իղձը

Ֆրանչիսկոս Պապ նախաբանը կ՝աւարտէ մաղթելով, որ այս հատորի հատուածները արատ բարի պտուղ փոխանցեն բոլորին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2024, 12:31