Քահանայապետը Լիբանանի վրայ տեղացած ռումբերու մասին. «Որեւէ անհամաչափ պաշտպանութիւն անբարոյ է»

Սրբազան Պապը աւարտեց Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը ու վերադարձաւ Վատիկան։ Դէպի Հռոմ թռիչքի ընթացքին Ան զրուցեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներուն հետ խօսելով զանազան նիւթերու մասին ինչպէս վիժումը, կեանքի իրաւունքը եւ Պալտովինօ Թագաւորին երանացումը։ Ան ապա անբարոյ նկատեց Լիբանանի վրայ կատարուած յարձակումը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց Լիւքսեմպուրկ եւ Պելճիքա կատարած 46րդ միջազգային առաքելական ճամբորդութիւնը եւ Հռոմ վերադարձին ան սովորութեան համաձայն այցելեց Մարիա Մաճճորէ տաճարը ուր աղօթեց Աստուածամօր Սալուս Փոեուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ առ ի շնորհակալութիւն ճամբորդութեան յաջողութեան համար։

Դէպի Հռոմ վերադարձի թռիչքի ընթացքին Քահանայապետը պատասխանեց իր հետ ճամբորդող լրագրողներու մի քանի հարցումներուն հայող ճամբորդութեան ու նաեւ այլ նիւթերու։

Վիժումը

«Լիւքսեմպուրկը ինծի համար նորութիւն էր եւ ես տպաւորուած եմ անոր հաւասարակշիռ ընկերութեամբ» ըսաւ ի միջի այլոց Նորին Սրբութիւնը որ ապա պատասխանելով վիժումի եւ կիներու իրաւունքներու մասին հարցումի մը հաստատեց թէ «վիժումը մարդասպանութիւն է» ու թէ այն բժիշկները որոնք վիժում կը կատարեն «մարդասպան» են որովհետեւ կը սպանեն մարդ էակ մը, որովհետեւ գիտութիւնը մեզի կ՜ըսէ որ այդ սաղմը արդեն էակ մըն է։ Կիները ապա պէտք է ունենան կեանքի իրաւունքը, իրենց ու իրենց զաւակներուն կեանքի իրաւունքը» յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Պելճիքայի երբեմնի Թագաւոր Պալտովինոյին որ Նորին Սրբութիւնը «սրբակեաց» որակեց, ի տես նաեւ անոր քաջութեան։ Արդարեւ Թագաւորը ժամանակաւոր կերպով հրաժարած էր ի գահէն որովհետեւ մերժած էր ստորագրել վիժումի ի նպաստ օրէնքը։

Չարաշահումները

Այլ նիւթերէն մին էր եկեղեցւոյ մէջ անչափահասներու դէմ գործադրուած չարաշահումներու նիւթը որուն մասին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապը անգամ մը եւս ուզեց դատապարտել այդ արարքները ու շեշտել թէ պէտք է պայքարիլ այս աշտին դէմ ամէն կերպով։

«Մենք պատասխանատուութիւնն ունինք օգնել չարաշահումի թիրախները ու պատժել չարաշահողները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նման ոտնձգութիւններ մեղքէն անդին համարելով նաեւ հոգեբանական հիւանդութիւն մը, որուն համար կարելի չէ «ազատ լքել չարաշահող մը, անոր յանձնելով ժողովրդապետութիւններու կամ դպրոցներու մէջ պաշտօններ»։ Ես այս ուղղութեամբ Պելճիքայի եպիսկոպոսներուն յանձնարարեցի յառաջ ընթանալ առանց վախի։ Ամօթը կը կայանայ այս արարքները ծածկելու մէջ» եղան Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը։

Լիբանանի վրայ ռումբերը

Հարցումներէն մին կը վերաբերէր Լիբանանի կացութեան ու ռմբակոծումին, որուն առնչութեամբ Քահանայապետը նշեց. թէ «ինքնապաշտպանութիւնը պէտք համաչափ ըլլայ յարձակումին» ու թէ եթէ որեւէ երկիր անհամաչափ պատասխան տայ յարձակումներուն «այդ արարքները անբարոյ են։ Պատերազմի մէջ եւս կայ յարգուելիք բարոյականութիւն մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Կիները

Քահանայապետին ուղղուած վերջին հարցումը Կաթողիկէ Համալսարանի կիներու պաշտպանութեան մասին հրատարակած հաղորդագրութեան մասին էր, զոր հրապարակուեցաւ մինչ Սրբազան Պապը կ՛այցելէր համալսարանը, եւ որուն միջոցաւ կը քննադատուէր Նորին Սրբութեան դիրքը կիներու դերակատարութեան մասին։

Քահանայապետը նախ ընդգծեց որ այդ հաղորդագրութիւնը հրատարակուեցաւ մինչ ինք կը խօսէր ու «այս մէկը բարոյական չէ» ըսաւ Ան հաստատելով թէ ինք միշտ խօսած է կնոջ արժանապատւութեան մասին Եկեղեցին եւս` որպէս Յիսուսին հարս, համարելով կին։ «Ես միշտ ըսած եմ որ կինը աւելի կարեւոր է մարդէն որովհետեւ Եկեղեցին կին է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը անհասկնալի նկատելով այդ քննադատութիւնները։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց հարցումներու ու նաեւ լրագրողներուն այս օրերուն կատարած աշխատանքին համար անոնց հաւաստիացնելով իր աղօթքները ու աղօթքները խնդրելով իրեն համար։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2024, 16:30