Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ասիայէն եւ Ովկիանիայէն վերադառնալէ անմիջապէս ետք Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Տիրամօր նուիրուած Հռոմի Մայր Տաճարը

Սինկափուրէն Հռոմ հասնելէ անմիջապէս ետք, Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Մարիա Մաճորէ տաճարը ու աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի իքոնին առջեւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 13 սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապին Սինկափորէն դէպի հռոմ փոխադրող օդանաւը գրեթէ 12,30 ժամ եւ 9500 քմ թռիչք կատարելէ ետք Հռոմի Ֆիումիչինօ օդակայանը վայր էջք կատարեց երեկոյեան ժամը 6,45ին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ինչպէս միշտ ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել Տիրամօր հազիւ նոր աւարտած առաքելական ճամբորդութեան համար, որ 12 օրերուն ընթացքին այլեեց Սինկափուրը, Փափուա Նովա Կինէայ, Թիմոր Լեսթ ապա ի վերջոյ Սինկափուր։

Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Հռոմ ժամանումին, «Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց «Սանթա Մարիա Մաճորէօ տաճարը ու կանգ առաւ աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր իքոնին առջեւ։Այցելութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկան վերադարձաւ ու իր բնակավայրը հասաւ երեկոյեան ժամը 8ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2024, 09:45