2024.10.13 Angelus

Սրբազան Պապը նորոգեց Միջին Արեւելքի մէջ հրադադարի կոչը. Պատերազմը պարտութիւն է բոլորին. Կանգ առէք

«Բաւ է անմեղներու սպանութիւնը» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով դիմել դիւանագիտական ուղիին ու երկխօսութեան։ Ան յիշեց նաեւ Հայիթիի ողբերգական վիճակը, աղօթք եւ ուշադրութիւն խնդրելով անոր համար եւ հրաւիրեց միանալու Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն Հիմնարկի «մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՜աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար» ձեռնարկին
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 Հոկտեմբեր 2024ի կէսօրին արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը ուղղելով այս առիթով հրապարակ ժամանած ուխտաւորներուն եւ եթերի միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն նշեց, թէ ինք մեծ մտահոգութեամբ կը շարունակէ հետեւիլ Միջին Արեւելքի մէջ անցուդարձներուն ու անգամ մը եւս կը պահանջէ «անմիջական հրադադար բոլոր ճակատներուն վրայ»։

Պատերազմը պատրանք է, պարտութիւն է, խաղաղութեան չի տանիր...

«Քալենք դիւանագիտական ու երկխօսութեան ուղիներով ձեռք բերելու համար խաղաղութիւնը» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը մօտիկութիւն արտայայտելով բոլոր անմեղ բնակչութեան, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ, «որտեղ կը խնդրեմ նաեւ, որ յարգուին ՄԱԿ-ի խաղաղապահները» յարեց Քահանայապետը իր աղօթքները ապահովեցնելով բոլոր զոհերուն, տեղահաններուն, պատանդներուն, որոնց համար մաղթեց շուտափոյթ ազատագրում, յոյս յայտնելով նաեւ որ «ատելութենէն ու վրէժխնդրութենէն յառաջացած այս անիմաստ տառապանքը վերջ գտնէ»։

Բաւ է անմեղներ սպաննել

«Եղբայրներ եւ քոյրեր, պատերազմը պատրանք է, անիկա պարտութիւն է, երբեք խաղաղութեան չի տանիր, երբեք ապահովութիւն չի բերեր, անիկա պարտութիւն է բոլորիս համար, յատկապէս անոր որ անյաղթ կը նկատէ ինքզինք։ Կանգ առէք։ Կը խնդրեմ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա կոչ ուղղեց ուքրանացիներուն ի նպաստ, որպէսզի թոյլ չտրուի որ անոնք մեռնին ցուրտի հետեւանքով, հուսկ խնդրեց որ դադրին նաեւ օդանաւային յարձակումները անմեղ բնակչութեան դէմ։ «Բաւ է անմեղներ սպաննել» շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով նաեւ Հայիթիի ողբերգական կացութեան, «ուր կը շարունակուին բնակչութեան դէմ բռնութիւնները, որ ստիպուած է փախչիլ տուներէն ու այլուր փնտռել ապահովութիւն` երկրէն ներս ու դուրս։ ։

Հայիթիի ողբերգութիւնը

«Չմոռնանք մեր Հայիթիի եղբայրներն ու քոյրերը։ Բոլորէն կը խնդրեմ աղօթել որպէսզի դադրի բռնութեան որեւէ ձեւ ու Միջազգային հասարակութեան յանձնառութեամբ, շարունակենք աշխատիլ կառուցելու համար Երկրին մէջ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն, պաշտպանելով միշտ բոլորին արժանապատւութիւնն ու իրաւունքը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ ողջունեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը։

Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՜աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար

Ան ապա յիշեցուց, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր` 18 հոկտեմբերին, «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Հիմնարկը պիտի ձեռնարկէ «մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՜աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար» աղօթքի օրը, եւ ասկէ մեկնելով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մանուկներուն, որոնք պիտի մասնակցին վերոնշեալ ձեռնարկին, հրաւիրելով նաեւ միանալ անոնց, Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնելով` Ուքրանիան, Միանմարը, Սուտանը ու միւս բոլոր ժողովուրդները` որոնք «կը տառապին պատերազմի ու որեւէ ձեւի բռնութեան ու թշուառութեան պատճառաւ»։

Քահանայապետը առ այդ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն աղօթք խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/10/2024, 12:27