Vatican Pope

Շատ են կոտորուած անմեղները` շարունակենք աղօթել խաղաղութեան համար. Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետը, դիտել տալով, թէ պատերազմներուն առաջին զոհերը անմեղ քաղաքացիներն են. «Շատ են անմեղ զոհերը, ամէն օր ականատես ենք կոտորուած մանուկներու պատկերներուն» ըսաւ Ան ու խնդրեց նաեւ որ յարգուի մարդկային կեանքն ու արժանապատւութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 27 Հոկտեմբեր 2024ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող հաւատացեալներուն յիշեց այսօր վերջ գտած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը հրաւիրելով աղօթել` «որպէսզի այս ամսուայ ընթացքին կատարուածը յառաջ ընթանայ ի նպաստ Եկեղեցւոյ բարիքին»։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց ապա Սուրբ Պօղոս Զ կողմէ հաստատուած Հրեաներու հետ կրօնական յարաբերութեան Յանձնաժողովին յիսուներորդ տարեդարձը` 22 հոկտեմբերին, ակնարկելով նաեւ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովի «Nostra aetate» Յայտարարութեան վաթսուն ամեակին քաջալերանք արտայայտելով բոլոր անոնց` որոնք տեղական մակարդակի վրայ յանձնառու են ի նպաստ երկխօսութեան ու խաղաղութեան, յատկապէս այս «մեծ տառապանքներու ու լարուածութեան ժամանակներուն»։

Ժընեւի համաձայնագիրի 75 ամեակ

Ան յիշեց նաեւ վաղը Ժընեւի մէջ մեկնարկող Կարմիր Խաչի ու Կիսալուսնի միջազգային Գիտաժողովը, Ժընեւի համաձայնագիրի 75 ամեակին առիթով մաղթելով, որ այս ձեռնարկը առիթ ըլլայ արթնցնելու խիղճերը, որպէսզի զինեալ հակամարտութիւններու ժամանակ յարգուի կեանքը եւ մարդոց ու ազգերու արժանապատւութիւնը, ու նաեւ քաղաքացիական կառոյցներու անվտանգութիւնը ինչպէս նեաւ կրօնական վայրերը, համաձայն մարդասիրական միջազգային իրաւունքի։ «Տխուր է տեսնել թէ ինչպէս պատերազմի ժամանակ կը կործանուին հիւանդանոցներն ու դպրոցները» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Հայր Մարսելո Փերես Փերեսի սպանութիւնը

Ան ապա իր մօտիկութիւնը յայտնեց Մեքսիքայի Քիափաս Նահանգի San Cristóbal de las Casasի Եկեղեցւոյ, որ կ՛ողբայ Հայր Մարսելո Փերես Փերեսի սպանութիւնը «Աւետարանի և Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդի նախանձախնդիր ծառան» յարեց Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ անոր «զոհաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ ծառայութեան հաւատարմութեան համար սպաննուած այլ քահանաներունը, ըլլայ խաղաղութեան և քրիստոնէական կեանքի սերմ»:

Կոտորուած մանուկներու պատկերներ

Ֆրանչիսկոս Պապը մօտիկութիւն արտայայտեց նաեւ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի բնակիչներուն, որոնք թիրախ են ուժեղ քամիի, հայցելով անոնց համար Տիրոջ թիկունքը։

Ողջունելէ ետք ապա զանազան վայրերէն Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները, Ան անգամ մը եւս խնդրեց` շարունակել աղօթել խաղաղութեան համար, յատուկէն Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի եւ Լիբանանի համար, «որպէսզի վերջ դրուի «մագլցումին» ու առաջին տեղ զետեղուի մարդկային կեանքին յարգանքը` որ սուրբ է» ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով, թէ այդ պատերազմներու զոհերը անմեղ քաղաքացիներն են. «Շատ են անմեղ զոհերը, ամէն օր ականատես ենք կոտորուած մանուկներու պատկերներուն։ Շատ մանուկներ։ Աղօթենք խաղաղութեան համար» խնդրեց Սրբազան Պապը ու խօսքը աւարտեց հրաժեշտ առներով բոլոր ներկաներէն ու անոնց մաղթելով բարի կիրակի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2024, 12:32