2024.10.16 Udienza Generale

«Աղօթենք ու պայքարինք խաղաղութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Տէր, Խաղաղութեան Իշխան, կ՛ուզենք քու հետդ համագործակցիլ։ Մեր խնդրանքն է համայն աշխարհի համար խաղաղութիւն։ Ընկալէ մեր աղաղակը, մեզի զգացնել տուր որ կը լսես մեզի, մեզի ընկերացիր աղերսի ուղեւորութեան մէջ, մեր խաղաղութեան իղձը ունինք։ Օգնէ մեզի որպէսզի զայն կառուցենք։ Խաղաղութիւն տուր մեզի, Խաղաղութիւն տուր մեզի, Խաղաղութիւն տուր մեզի, Խաղաղութիւն տուր մեզի։ Ամէն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մինչ աշխարհի տարբեր երկիրներու ղեկավարներ կը շարունակեն խօսիլ սպառազինութեան ու պատերազմներ հրահրելու մասին Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ կոչեր ուղղել վասն խաղաղութեան եւ այսօր եւս, չորեքշաբթի 16 Հոկտեմբերի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Իտալերէն լեզուով ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ան յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղելէ ետք երիտասարդներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն ու նորապսակներուն հրաւէր ուղղեց չի մոռնալու պատերազմի մէջ գտնուող երկիրները անոնց շարքին յիշելով Ուքրանիան Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը։

«Եղբայրներ եւ քոյրեր չմոռնանք որ պատերազմը միշտ, միշտ, պարտութիւն է։ Չմոռնանք այս մէկը եւ աղօթենք ու պայքարինք խաղաղութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նախ քան բոլոր ներկաներուն իր օրհնութիւնը ջամբելը։

Խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի կապակցութեամբ յիշեցնենք, որ Քահանայապետական աղօթքի Համաշխարհային Ցանցը, որ ընդհանրապէս կը հրատարակէ Քահանայապետի ամսական աղօթքի դիտաւորութիւններու լսատեսողական պատգամը, ձեռնարկած է «Խաղաղութեան Գործիչներ» բնաբանով, իննօրեայ աղօթք` վասն խաղաղութեան, որ սկիզբ պիտի առնէ վաղը` 17 հոկտեմբերին եւ որուն հրաւիրուած են մասնակցիլ բոլոր բարի կամքի տէր մարդիկն ու կիները։

Խաղաղութեան ի սպաս աղօթքի իննօրեայի նախաբանին մէջ կը կարդանք հետեւել աղօթքը.

Տէր, Խաղաղութեան Իշխան, կ՛ուզենք քու հետդ համագործակցիլ։

Մեր խնդրանքն է համայն աշխարհի համար խաղաղութիւնը։

Ընկալէ մեր աղաղակը, մեզի զգացնել տուր, որ կը լսես մեզի, մեզի ընկերացիր աղերսի ուղեւորութեան մէջ,

մենք խաղաղութեան իղձը ունինք։

Օգնէ մեզի որպէսզի զայն կառուցենք։

Խաղաղութիւն տուր մեզի, Խաղաղութիւն  տուր մեզի, Խաղաղութիւն  տուր մեզի։

Ամէն։

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2024, 10:35