Քարոլ Վոյթիլա` հեռաւոր երկրէն եկած Քահանայապետը

Ոչ մէկ Քահանայապետ կարողացած է հանդիպիլ այնքան շատ մարդոց որքան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։ Ան գլխաւորած է 1160 Ընդհանուր հրապարակային ունկնդրութիւններ, որոնց մասնակցած են 17 միլիոն 600 հազար ուխտաւորներ, առանց հաշուելու յատուկ ունկնդրութիւնները եւ կրօնական հաւաքները ու միլիոնաւոր հաւատացեալները` զոր Ան առիթը ունեցած է ողջունելու իր տարբեր հովուական ու առաքելական այցելութիւններու ընթացքին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 22 հոկտեմբերին, եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի ծիսական տօնը։ Ան Յովհաննէս ԻԳ քահանայապետի հետ միասին սուրբ հռչակուած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կողմէ՝ 27 ապրիլ 2014-ին։

Քարոլ Վոյթիլա որ դարձաւ Քահանայապետ

Աւազանի անունով` Քարոլ Վոյթիլա, ծնած էր 18 Մայիս 1920ին Վատովիչէ գիւղը, որ Քրաքովիայէն մօտ 50 քմ. հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի։ Անոր մանկութիւնը յատկանշուած է տարբեր սուգերու ապրումով։ 1942ին ան կը զգայ կուսակրօն Քահանայութեան կոչումը եւ գաղտնաբար կը յաճախէ Քրաքովիայի աւագ նորընծայարանի դասընթացքները։ Համաշխարհային Բ Պատերազմի աւարտին Վոյթիլա կը կարողանայ իր աստուածաբանական ուսումները շարունակել ու Քահանայ ձեռնադրուիլ, մէկ նոյեմբեր 1946-ին, ձեռամբ կարդինալ Ատամ Սթէֆան Սաբիեհայի: Կը վարէ տարբեր պաշտօններ, որպէս փոխ ժողովրդապետ, Համալսարանի մատրանապետ, ապա Բարոյական Աստուածաբանութեան ուսուցիչ։ 1958-ի Յուլիսին, Պիոս ԺԲ Քահանայապետը զինք կ՛անուանէ տիտղոսաւոր առաջնորդ Օմպիի եւ փոխանորդ Քրաքովիայի թեմին: Նոյն տարուայ 28 սեպտեմբերին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծումը ձեռամբ արհիապատիւ Էօճէնիուս Պազիաքի։

13 Յունուար 1964-ին, Պօղոս Զ քահանայապետը զինք կ՚անուանէ Քրաքովիայի Արքեպիսկոպոս ու երեք տարի ետք անոր կը շնորհէ Կարդինալական աստիճանը։

Քահանայապետ ընտրութիւնը

1978-ին, Յովհաննէս Պօղոս Ա Քահանայապետին վաղահաս մահէն ետքը, նոյն տարուայ հոկտեմբերին գումարուած կարդինալական ժողովը, իր 2-րդ նիստի ընթացքին, 16 հոկտեմբերին, անակնկալ կերպով Քահանայապետ կ՛ընտրէ Վոյթիլան որ կը հանդիսանայ առաջին ոչ իտալացի Քահանայապետը, 455 տարիներ ետք, ու առաջին Լեհ Քահանայապետը, ինչպէս նաեւ Սլաւ լեզուի պատկան առաջինը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ

Ընտրուելէն ետքը Քարոլ Վոյթիլա կ՛որոշէ առնել Յովհաննէս Պօղոս Բ անունը ի յարգանս իր նախորդին։ Անոր Քահանայապետութիւնը պաշտօնապէս սկիզբ կ՛առնէ 22 Հոկտեմբերին, որպէս Սուրբ Պետրոսի 263-րդ յաջորդը: Վոյթիլայի Քահանայապետութիւնը կը յատկանշուի տարբեր կարեւոր «առաջնութիւններով», սկսեալ Քահանայապետութեան տեւողութենէն` 27 տարի, Եկեղեցւոյ պատմութեան ամէնէն երկարատեւ շրջաններէն մէկը:

Ամենաերկար Քահանայապետութիւններէն մին

Քահանայապետութեան 27 տարիներու ընթացքին, Յովհաննէս Պօղոս Բ. յանձն առած է Իտալիայէն դուրս 104 առաքելական ճամբորդութիւններ եւ այլ 146 այցելութիւններ Իտալիոյ տարածքին: Ապա` որպէս Հռոմի եպիսկոպոս, ան կարողացած է այցելել իր թեմին պատկան 333 եկեղեցիներէն 317 ժողովրդապետութիւնները: Ան հմուտ էր 11 լեզուներու, եւ իր բոլոր կեանքի ընթացքին փորձած է կերտել յարաբերութիւններու կամուրջներ` ընդմէջ տարբեր կրօններու եւ ազգերու, համամիութեան լոյսին ներքոյ, որ եղաւ նաեւ զինք առաջնորդող իսկական փարոսը։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրը

Անոր կը պարտինք տարբեր Թեմերու հաստատումը, Լատին եւ Արեւելեան Եկեղեցական Կանոնագիրքերու ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի վերատեսումն ու հրատարակութիւնը։ Ան հռչակած է հոգեւոր արժէքով տարբեր տարիներ, ինչպէս Փրկութեան Տարին, Մարեմեան Տարին, Սուրբ Հաղորդութեան Տարին, հուսկ 2000 Յոբելենական Տարին։ Ինքն է` որ ուզելով երիտասարդները մօտեցնել Եկեղեցւոյ, հաստատեց Երիտասարդներուն Համաշխարհային Օրը, ներշնչում քաղելով 31 Մարտ 1985ին Հռոմի մէջ կայացած երիտասարդական հաւաքէն։

Միլիոնաւոր մարդոց հետ հանդիպում

Ոչ մէկ Քահանայապետ կարողացած է հանդիպիլ այնքան շատ մարդոց որքան Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը։ Ան գլխաւորած է 1160 Ընդհանուր հրապարակային ունկնդրութիւններ, որոնց մասնակցած են 17 միլիոն 600 հազար ուխտաւորներ, առանց հաշուելու յատուկ ունկնդրութիւնները եւ կրօնական հաւաքները ու միլիոնաւոր հաւատացեալները` զոր Ան առիթը ունեցած է ողջունելու իր տարբեր հովուական ու առաքելական այցելութիւններու ընթացքին։

Մահափորձը

Յովհաննէս Պօղոս Բ թիրախ դարձաւ նաեւ մահափորձի մը` 13 Մայիս 1981ին, որմէ ազատեցաւ հրաշքով։ Հիւանդանոցի մէջ երկար խնամքէ մը ետք, Ան կը ներէ զինք սպաննել ուզողին` թրքական հպատակութեամբ Ալի Աքճային ու կ՛երթայ անոր այցելութիւն տալու բանտին մէջ։

Փաստաթուղթեր

Երկար Քահանայապետութեան ընթացքին Վոյթիլա Քահանայապետը ստորագրած է տարբեր փաստաթուղթեր, որոնց շարքին 14 շրջաբերականներ, 15 առաքելական յորդորագիրներ, 11 առաքելական սահմանադրութիւններ, եւ 45 առաքելական նամակներ։

Մահ եւ յուղարկաւորութիւն

Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը իր մահկանացուն կը կնքէ 2 ապրիլ 2005ի երեկոյեան ժամը 21,37 անց, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ, Աստուածային Ողորմութեան Կիրակիի նախօրէին, տօն` զոր ինք ուզած էր հաստատել։

Անոր յուղարկաւորութիւնը տեղի կ՛ ունենայ 8 ապրիլ 2005ին։ Գրեթէ երեք միլիոն անձ կ՛ այցելեն սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ զետեղուած անոր մարմինը, անոր վերջին հրաժեշտը տալու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2024, 08:00