Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Վատիկանի մէջ բարձր պատասխանատւութիւն կանանց համար, ամէն ինչ փոփոխութեան մէջ է

«La Civiltà Cattolica» պարբերաթերթը հրապարակեց Պելճիքայի, Լիւքսամպուրկի եւ Հոլանտայի մէջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին զրոյցը, զոր տեղի ունեցաւ Պրիւքսէլի «Սուրբ Միշէլ» անուան վարժարանին մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ամէն մէկ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին հանդիպում եւ զրոյց ունեցած է այցելած երկրի մէջ ներկայ գտնուող իր միաբանակից եղբայրներուն հետ։ Պրիւքսել եւ Լիւքսամապուրկ այցելութեան ժամանակ, Պրիւքսէլի Սան Միշէլ անուան վարժարանին մէջ Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ եւ զրուցեց Յիսուսեան միաբանութեան աւելի քան 150 անդամներուն հետ։

Այսօր՝ 8 հոկտեմբերին, La Civiltà Cattolica պարբերականին մէջ ամբողջութեամբ հրապարակուեցաւ այդ զրոյցի պարունակութիւնը, հայր Անթոնիօ Սփատարոայի ստորագրութիւնը կրող յօդուածով, որուն մէջ կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապի պատասխանները Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն յղած Հարցումներուն։

Կանայց դերը եկեղեցւոյ մէջ

Հայր Սփատարոյին յօդուածին մէջ կը կարդանք որ Ֆրանչիսկոս Պապ պատասխանած է Եկեղեցիէն ներս կնոջ դերակատարութեան վերաբերող հարցումին նշելով որ Ինք Վատիկանի մէջ մտցուցած է կանայք աւելի բարձր տարբեր պատասխանատուութիւններով ու ականատես է շատ մը փոփոխութիւններուն։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշած է Վատիկանի Կառավարչատան քարտուղարը եւ մարդկային համապարփակ ծառայութեան համար վերատեսչութեան քարտուղարը երկու կիներ են։ «Մէկ խօսքով կանայք Վատիկան կը մտնեն բարձր պատասխանատուութիւններով ու մենք պիտի շարունակենք այս ճանապարհը», ըսած է քահանայապետը։

Ընդելուզել գաղթականներ

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է գաղթականներու խնդիրներուն մասին ընդգծելով գաղթականները ընկալելու, ընկերանալու, զարգացնելու եւ ընդելուզելու կարեւորութիւնը։ «Գաղթական մը որ ընդելուզուած չէ, քէշ կը վերջանայ, նաեւ համայնքը, որուն մէջ ան կը գտնուի» ըսած է Պապը։

Եւրոպան որ կը ծերանայ

Գաղթականներուն նիւթին կապուած Ֆրանչիսկոս Պապ խոստովանած է նաեւ իր սիրտի ցաւը, այն է որ Եւրոպան այլեւս զաւակներ չ՝ունի ու կը ծերանայ։ Եւրոպան պէտք ունի գաղթականներուն, որպէսզի վերանորոգէ իր կեանքը, այլեւս գոյատեւման հարց դարձած է», ըսած է Նորին Սրբութիւնը։

Համայնքը աւելի կարեւոր քահանայէն

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուած է նաեւ, որ Եւրոպան ոչ միայն զաւակներ չ՝ունի նաեւ կոչումներէ զուրկ է «Համայնքը աւելի կարեւոր է քահանայէն։ Քահանան համայնքի ծառայ մըն է ըսած է Քահանայապետը ապա յիշած է, քահանաներուն պակասի պատճառաւ աշխարհի շարք մը վայրերու մէջ կրօնաւորուհիները, որոնք առաքելութեան կ՝երթան ։

Յիսուսեանը պէտք է ոչ մէկ բանէ վախնայ

Առաքելութեան գծով, Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամները հրաւիրած է ոչ մէկ բանէ վախնալու. «Յիսուսեանը ոչ մէկ բանէ պէտք է վախնայ։ Ան քաջութեան երկու ձեւերու միջեւ լարուածութիւն ունեցող մարդ է՝ քաջութիւնը՝ Աղօթքի մէջ Աստուած փնտռելու, քաջութիւնը սահմաններէն անդին երթալու։

Հեթանոսութեան նոր ձեւեր

Աշխարհիկութեան բարդ ձեւերու մասին ֆրանչիսկոս Պապ խօսած է հեթանոսութեան նոր ձեւերուն մասին ։ «Պէտք չկայ հեթանոսական աստուածի մը արձանը՝ խօսելու համար հեթանոսութեան մասին, ինքնին միջավայրը, որ մենք կը շնչենք՝ կազային հեթանոսական աստուած է եւ մենք պէտք ենք քարոզել այդ մշակոյթին՝ վկայութեամբ, ծառայութեամբ եւ հաւատքով» ըսաւ Պապը։

Սինոդականութիւնը շնորհք է

Վատիկանի մէջ ընթացող Սինոդականութեան վերաբերող հարցումին, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսած է, որ «սինոդականութիւնը դիւրին չէ, այն պատճառով որ շատ անգամ հեղինակաւոր գործիչներ  թոյլ չեն տար որ երկխօսութիւնը առաջանայ։ Ֆրանչիսկոս Պապ վստահեցուցած է, որ սինոդին հետ, «ամէն ինչ կը յստականայ սինոդական մեթոտով։ Եկեղեցւոյ մէջ սինոդականութիւնը շնորհք է։ Իշխանութիւնը կը ստեղծուի սինոդականութեան մէջ»։

Երանացումի եկեղեցական դատեր

Ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Պապ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներու հետ անդրադարձած է Յիսուսեան միաբանութեան անդամ հայր Փետրօ Առուփէի, հայր ՀԷնրի Տէ Լուպաքի երանացման դատերուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2024, 12:07