Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւն. Սրբազան Պապը կը խնդրէ աղօթել որդեկորոյս ծնողներուն համար

Նոյեմբերի ամսուայ համար իր աղօթքի դիտաւորութեան մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթել` «որպէսզի բոլոր ծնողները, որոնք կը սգան իրենց որդոյն կամ դուստրի մահը, կարողանան աջակցութիւն գտնել հասարակութեան մէջ և մխիթարիչ Հոգիէն ստանան սրտի խաղաղութիւն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Նոյեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամը որ այս ամիս նուիրուած է որդեկորոյս ծնողներուն։

Աղօթքի դիտաւորութեան լսատեսողական պատգամին մէջ Քահանայապետը կը հրաւիրէ աղօթել` «որպէսզի բոլոր ծնողները, որոնք կը սգան իրենց որդոյն կամ դուստրի մահը, կարողանան աջակցութիւն գտնել հասարակութեան մէջ և մխիթարիչ Հոգիէն ստանան սրտի խաղաղութիւնը»:

Զաւկի մը մահը, նկատել կու տայ Սրբազան Պապը, «այնքան մեծ ցաւ է», որ զայն նկարագրելու համար «գոյութիւն չունի ոչ մէկ բառ»: Եւ որուն դիմաց «մխիթարական խօսքերը, թէկուզ ըսուած ամենալաւ մտադրութիւններով, ոչ մէկ օգուտ կու տան»։

Ասկէ մեկնելով Ան կը հրաւիրէ «պատասխանատուութեամբ» ուղեկցելու իրենց զաւակները կորսնցուցած ծնողներուն, եւ փոխանակ անոնց հետ խօսելու` «ունկնդրել զանոնք» անոնց կողքին կենալով «սիրով» եւ «պատասխանատուութեամբ հոգ տանելով անոնց ցաւերուն», որպէս տիպար ունենալով մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս` երբ «մխիթարեց անոնք` որոնք կը տառապին»։

Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կ՛ըսէ.

«Ի՞նչ կարելի է ըսել ծնողներուն` որոնք կորսնցուցին իրենց զաւակը։ Ի՞նչպէս մխիթարել զանոնք։ Չկան խօսքեր։ Խորհեցէք. Երբ ամուսիններէն մին միւսը կը կորսնցնէ ան այրի մարդ կամ այրի կին է։ Զաւակ մը` որ կը կորսնցնէ իր ծնողքը, որբ է։ Բառ մը կայ ասոնց համար։ Բայց ծնողքի մը` որ իր զաւակը կը կորսնցնէ չկայ ոչ մէկ բառ։ Անիկայ այդքան մեծ ցաւ է, որ ոչ մէկ բառ գոյութիւն ունի անոր համար։

«Զաւկէն աւելի երկար ապրիլն ալ բնական չէ։ Անոր կորուստին պատճառած ցաւը խորապէս ուժեղ է» նկատել կու տայ Նորին Սրբութիւնը ու կը շարունակէ. «Մխիթարական խօսքերը` որոնք երբեմն անիմաստ ու զգացական են ոչ մէկ բանի կը ծառայեն: Նոյնիսկ եթէ անոնք բնականաբար կ՛ըսուին լաւագոյն մտադրութիւններով, կարող են ի վերջոյ աւելիով ծանրացնել ցաւը:

Իրենց զաւակը կորսնցուցած ծնողները մխիթարելու համար մենք պէտք է ունկնդրենք զանոնք, սիրով մնանք անոնց կողքին, պատասխանատուութեամբ հոգ տանելով անոնց ցաւին, ընդօրինակելով այն ձևը, որով Յիսուս Քրիստոսը մխիթարեց անոնք` որոնք կը տառապէին։ Եւ այս ծնողները, հաւատքի թիկունքով, կարող են անշուշտ մխիթարութիւն գտնել այլ ընտանիքներու մէջ, որոնք նման սարսափելի ողբերգութիւն կրելէն յետոյ վերածնեցան յոյսի մէջ» նշեց հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ու հրաւիրեց աղօթել «որպէսզի բոլոր ծնողները, որոնք կը սգան իրենց որդոյն կամ դուստրի մահը, կարողանան աջակցութիւն գտնել հասարակութեան մէջ և մխիթարիչ Հոգիէն ստանան սրտի խաղաղութիւն»։

Յայտնենք որ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ ներկայացուած են տարբեր ծնողներու տարբեր պատմութիւններ ուր չեն պակսիր նաեւ յոյսի պատկերներ որոնք ներկայացուած են Նային խումբի միջոցաւ որ կը ներառէ իրենց զաւակը կորսնցուցած ծնողները որոնք ամիսը մէկ անգամ կը հանդիպին կիսելու համար ցաւը ու ապագայի յոյսերը։

Ֆրանչիսկոս Պապին համար զաւկի մը կորուստին ցաւը այնքան տանջալից և բացատրութիւններէ զուրկ է, որ ան միայն պէտք ունի կառչելու աղօթքի թելին»: Դէպի Աստուած բարձրացած աղաղակ մը, որ չի լուծեր ողբերգութիւնը բայց բնակեցուած է հարցումներով որոնք կը կրկնուին, հարցում հասկնալու թէ ուր էր Աստուած այդ պահուն, ու միեւնոյն պահուն ուժ կը պարգեւեն յառաջ ընթանալու ու մխիթարութիւն գտնելու աղօթքին մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2024, 16:00