«Քալենք միասին, մենք մեզ դնենք Տիրոջ ունկնդրութեան տակ ու թոյլ տանք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիի քամիով». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Չորեքշաբթի` 2 Հոկտեմբեր 2024ի առաւօտեան ժամը ինին, Պաշտպան Հրեշտակներու ծիսական տօնին օրը, շուրջ 20 հազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորած Սուրբ Պատարագով, հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած եւ անցեալ տարուայ շարունակութեամբ եպիսկոպոսական սիւնհոդոսի երկրորդ նստաշրջանին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին բոլոր սիւնհոդոսական հայրերը` թիւով 272 ապա սիւնհոդոսին մասնակցող այլ 96 անձինք, որոնց շարքին աշխարհականներ, որոնք կը ներկայացնեն աշխարհի զանազան եկեղեցական համայնքները։ Կային նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ։
Սրբազան Պապին քարոզը
Սուրբ Զոհի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը որ երէկ երեկոյեան գլխաւորած էր նաեւ Սիւնհոդոսի պատրաստութեան երեկոյեան հսկումի աղօթքը, յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց ներշնչում քաղելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումներէն ու խօսքը կենդրոնացուց այդ գրութիւններէն քաղուած երեք պատկերներու վրայ` «ձայն, ապաստանարան եւ մանուկ»։
Ձայնը
Դէպի խոստացեալ Երկիր ուղեւորութեան ժամանակ Աստուած ժողովուրդին կը յորդորէ մտիկ ընել հրեշտակին, զոր Ինք ուղարկած է։ Այս պատկերը մեզի կը դպչի մօտէն, որովհետեւ Սիւնհոդոսն ալ ուղեւորութիւն է, որուն ընթացքին Տէրը մեր ձեռքերուն էջ կը դնէ Մեծ Ժողովուրդի մը պատմութիւնը, երազներն ու յոյսը» ըսաւ Սրբազան Պապը խրախուսելով ներկաները իրենք եւս իրենք զիրենք դնելու Հրշտակի ձայնի ունկնդրութեան տակ եւ այդ ընել աղօթքի եւ Աստուծոյ Խօսքին ունկնդրութեան միջոցաւ։
«Այնպէս ինչպէս շատ անգամ յիշեցուցի, այս հաւաքը խորհրդարանի մը ժողով չէ, այլ վայր ունկնդրութեան հաղորդութեան մէջ, Սուրբ Հոգիի ներգործութեամբ» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը նշելով, որ «այս ընելու համար պայմանը այն է, որ մենք ազատինք այն բոլոր բաներէն, որոնք կարող են խոչընդոտ հանդիսանալ Սուրբ Հոգիի սիրոյն»։
«Ի վիճակի չէ լսել Տիրոջ ձայնը, ան` որ ամբարտաւանօրէն կ՛ենթադրէ և կը պնդէ, ունենալ բացառիկ իրաւունքներ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով այնպէս ընել «որ մեր ներդրումները չվերածուին պաշտպանելիք կամ պարտադրելիք օրակարգի, այլ առաջարկենք զանոնք` որպէս կիսուելիք նուէր, նոյնիսկ պատրաստ զոհաբերելու այն ինչ, որ առանձնայատուկ է, եթէ ան կարող է ծառայել միասին ստեղծելու նոր բան մը Աստուծոյ ծրագրին համաձայն»։
«Ապա թէ ոչ մենք պիտի փակուինք փակ երկխօսութիւններուն մէջ, ուր իւրաքանչիւրս պիտի ջանայ ջուրը իր ջաղացքին տանիլ, առանց ունկնդրելու միւսները ու մանաւանդ առանց ունկնդրելու Տիրոջ ձայնը» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ապաստանարանը
Մատնանշելով երկրորդ պատկերին, քաղուած 91րդ սաղմոսէն, Ամենակալի թեւերուն «որոնց տակ կարելի է ապաստան գտնել», Քահանայապետը նշեց, թէ ասիկա խորհրդանիշ մըն է, այն բանին զոր Աստուած կ՛ընէ մեզի համար, բայց նաեւ օրինակ` «որուն պէտք է հետեւիլ մեր հաւաքի ընթացքին»։
«Մեր միջեւ կան շատ մը պատրաստուած եւ ուժեղ անձեր, կարող վեր բարձրացնելու մտորումներու բուռն շարժումներով և փայլուն գուշակումներով եւ այս բոլորը հարստութիւն մըն է...բայց նաեւ պարգեւ` զոր պէտք է միացնել ... որպէսզի նուիրուինք մէկը միւսին։ Արդարեւ մեզմէ իւրաքանչիւրս կարող է արտայայտուիլ ազատօրէն եւ ինքնաբուխ կերպով անքանով, որ ան իր շուրջ պիտի զգայ բարեկամներու ներկայութիւնը, որոնք զինք կը սիրեն, կը յարգեն ու կը գնահատեն եւ կը ցանկանան մտիկ ընել իր ըսածներուն» ըսաւ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «ողջագուրելը, պաշտպանելը ու հոգ տանիլը Եկեղեցւոյ էութեան մաս է, որ կոչումով վայր է` հիւրընկալութեան եւ ուր «հաւաքական բարեսիրութիւնը կը պահանջէ կատարեալ ներդաշնակութիւն, որմէ կը բխի անոր բարոյական ուժը, հոգևոր գեղեցկութիւնը եւ օրինակելի բնոյթը»։
Ընդգծելով հուսկ ներդաշնակութեան կարեւորութիւնը Քահանայապետը հաստատեց, թէ «չկայ մեծամասնութիւն ու փոքրամասնութիւն» ու նշեց` որ «միայն Սուրբ Հոգին` որ ներդաշնակութեան վարպետն է կարող է ստեղծել զայն ու կարող տարբերութիւններէն ստեղծել միայն մէկ ձայն»։
Մանուկը
Ան ապա ակնարկեց երրորդ պատկերին` մանուկին ըսելով, որ «նոյնինքն Յիսուսն է, որ Աւետարանին մէջ մանուկը կը դնէ մէջտեղ զայն ներկայացնելով աշակերտներուն ու հրաւիրելով զանոնք դարձի գալու եւ փոքր դառնալու անոր նման։ Անոնք հարց տուած էին թէ ո՞վ էր իրենց միջեւ մեծը եւ ան առաջարկած էր դառնալ փոքր, ժառանգելու համար Աստուծոյ Արքայութիւնը։
«Սիւնհոդոսը, իր կարեւորութեամբ, մեզմէ կը պահանջէ որ մեծ ըլլանք որովհետեւ մեծ են նաեւ քննարկուելիք հարցերը։ Բայց ճիշտ այդ պատճառով է, որ մենք չենք կրնար թոյլ տալ մեր աչքերը այլուր սեւեռել մանուկէն, զոր Յիսուս կը շարունակէ դնել մեր հանդիպումներու և մեր աշխատանքային սեղաններու մէջտեղ, մեզի յիշեցնելու համար, որ միակ ճանապարհը` որպէսզի «ի վիճակի ըլլանք» մեզի վստահուած պարտականութիւնը յառաջ տանելու, մեզ փոքրացնելն է մէկը միւսը ընդունելով որպէս փոքր՝ խոնարհութեամբ»։
Սրբազան Պապը առ այդ հրաւիրեց եկեղեցական ուղեւորութիւնը վերսկսիլ հայեացքը ուղղուած աշխարհին, որովհետեւ «Քրիստոնէական հասարակութիւնը միշտ մարդկութեան ծառայութեան ի սպաս է, բոլորին հռչակելու համար Աւետարանի ուրախութիւնը... որուն կարիքը կայ մասնաւորապէս մեր պատմութեան այս խաւար պահու ընթացքին, մինչ Պատերազմի քամիները եւ բռնութեան կրակը կը շարունակեն ցնցել համայն ժողովուրդներ ու Պետութիւնները»։
Խղաղութեան համար Սուրբ Վարդարան եւ ծոմի ու աղօթքի օր
Այս առնչութեամբ Սրբազան Պապը յայտարարեց որ յառաջիկայ Կիրակի օր Ինք Սուրբ վարդարանի աղօթքը պիտի գլխաւորէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքային մէջ, Տիրամօր բարեխօսութեամբ հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը։ Ապա հրաւիրեց աշխարհի հաւատացեալները եօթը հոկտեմբերին ծոմ պահել ու աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։
«Քալենք միասին, Մենք մեզ դնենք Տիրոջ ունկնդրութեան տակ ու թոյլ տանք առաջնորդուիլ Սուրբ Հոգիի քամիով» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ