«Գիրքն ու Հոգին» ցուցահանդէսին առիթով Քահանայապետին պատգամը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պանիորեճոյի Սուրբ Պոնավենթուրայի եւ Աքուինացիի Սուրբ Թովմասի մահուան 750 տարելիցին առիթով Վատիկանի Առաքելական Գրադարանի Քըրք Քըրքորեան սրահին մէջ կազմակերպուած է «Գիրքն ու Հոգին» ցուցահանդէսը, որուն կապակցութեամբ Նորին Սրբութիւնը պատգամ մը յղեց Մատենադարանի Գրադարանապետ Գերապ. Վինեչցօ Ծանիի, իր խնդակցութիւնը արտայայտելով Երկու Վարդապետներուն նուիրուած ցուցահանդէսին համար ու յիշելով` թէ ինչպէս 1475 Սիքստոս Դ Քահանայապետը բացումը կատարած էր Վատիկանի Գրադարանին երկու վերոնշեալ Սուրբերու մահուան երկու հարիւր ամեակի զուգադիպութեամբ։
Եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար լոյսի աղբիւրներ
«Անոնք արդարեւ կը շարունակեն ներկայացնել Եկեղեցւոյ ու մշակոյթին համար լոյսի աղբիւրներ. Անոնք «լուսաւորիչներ» են գիտելիքի և, մասնաւորապէս, աստուածաբանութեան մօտեցումին համար, որտեղ մտաւոր խորութիւնն ու հոգևոր կեանքը, գիտութիւնն ու իմաստութիւնը, խոնարհութիւնն ու գթութիւնը փոխադարձաբար կը ներթափանցեն և սնուցեն մէկը միւսը, այն տրամադրուածութեամբ իրենք իրենց համար չպահելու շահարկումներու պտուղները, այլ զանոնք կիսելու հովուական ու միսիոներական առատաձեռն խանդավառութեամբ» գրեց Սրբազան Պապը պատգամին մէջ աւելցնելով, որ Անոնք «դէպի Քրիստոս ճանապարհորդող ուխտաւորներուն համար ուղի կ՛ առաջարկեն՝ ընդգծելով հաւատքով լուսաւորուած բանականութեան «ուղին» և առ Աստուած խորհրդածելու «երթուղին»:
Վատիկանի գրադարանի կողմէն կազմակերպուած ցուցահանդէսը կը ներառէ երկու Վարդապետներուն նուիրուած ուսումնասիրութիւններ, մասնակցութեամբ տարբեր ակադեմիական հաստատութիւններու ու համագործակցութեամբ կարևոր միջազգային կառոյցներու:
Աշխարհին համար ըլլայ իսկական «յոյսի թթխմոր»
Յիսուն տարիներ առաջ Սուրբ Պօղոս Զ ապա վերջերս Պենետիկտոս ԺԶ Պապը գովաբանած են սուրբ Թովմասն ու Սուրբ Պոնավենթուրան՝ ընդգծելով անոնց առաքինութիւնն ու բարեգործութիւնը եւ այս ցուցահանդէսը կ՛ուզէ սատարել «այսօր եւս գտնելու համապատասխան լեզուներ և գործիքներ, որպէսզի Կաթողիկէ վարդապետութեան երկու «հսկաներու» միտքը շարունակուի տարածուիլ՝ հասնելով բոլորին», գրեց ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ «այս երկու սուրբ վարդապետները մեզի կը սորվեցնենք դիտել յաւիտենական երջանկութիւնը, որպէս իմաստութեան, գիտութեան ու սիրոյ գերազանց պտուղ, մեզ խրախուսելով դառնալ հաւատքի ուխտաւորներ, որպէսզի հաւատացեալի վկայութիւնը աշխարհին համար ըլլայ իսկական «յոյսի թթխմոր», բոց` որ կը լուսաւորէ գծելով ճանապարհը»։
Սրբազան Պապը պատգամը աւարտեց գնահատանք արտայայտելով ձեռնարկին համար ու լաւագոյն յաջողութեան մաղթանքներ ուղղելով բոլոր կազմակերպիչներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ