Ֆրանչիսկոս Պապ կը վերակազմակերպէ Հռոմի թեմերը ամբողջացնելու համար կեդրոն ու արուարձանները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
1 Հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ «Իսկական գեղեցկութիւն» վերտառութեամբ ինքնագիր նամակով մը վերասահմանեց Հռոմի թեմի մէջ բաժնուած թեմական հատուածներու սահմանները՝ անոնց պատկանող ժողովրդապետութիւններուն ներդաշնակումին համար։ Կեդրոնական հատուածի ներկայի հինգ կեդրոնները կը ներառուին միւս հատուածներուն մէջ, տարածքային կազմակերպութիւնը հասցնելով չորս կարդինալական կէտերու։
Նպաստել աւելի մեծ եկեղեցական հաղորդութեան
Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը պարզաբանէ, որ Յոբելեանին սեմին, Հռոմի թեմի կողմէն տարածքի ներկայութեան վերագրուող հովուական ծառայութեան վերընթերցումը դարձած է «անհրաժեշտ եւ կարելի չէ յետաձգել շարք մը պատճառներու համար, որոնք կը վերաբերին մեր ապրած դարաշրջանի փոփոխութեան եւ կեդրոնի ու արուարձաններու միջեւ աւելի ուժեղ տեսլական ստեղծելու անհրաժեշտութեան։ Այս փոփոխութեան հիմքի հոգի ինչպէս ընդգծած է Սրբազան Հայրը այն է խթանել եկեղեցական հաղորդութեան աւելի մեծ հոգի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ