Սան Ճովաննի Ին Լաթերանօ տաճարը Սան Ճովաննի Ին Լաթերանօ տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի եզրափակէ ան«հաւասարութիւններու» միջոցառումներու շարքը

25 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ելոյթ պիտի ունենայ Հռոմի թեմի կողմէ կազմակերպուած Հանդիպումին՝ «Հռոմի չարիքներ» թեմայով համաժողովի 50 ամեակի առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն աւարտին կապակցութեամբ։ Համաժողովը գումարուած է 12-15 փետրուար 1974ին։ Հանդիպումին հրաւիրուած են հաստատութիւններուն, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հռոմի Առաջնորդարանը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ 25 հոկտեմբերին, յետմիջօրէին ժամը 5ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ, Սան Ճովաննի Ին Լաթերանօ տաճարին մէջ կազմակերպուած Հռոմի թեմի ընդհանուր ժողովին, որուն միջոցաւ կ՝աւարտի Ան«հաւասարութիւններու» միջոցառումներու գործընթացը, զոր սկիզբ առած է անցեալ Փետրուարին, «Քրիստոնեաներուն պատասխանատուութիւնը եղբայրսիրութեան եւ արդարութեան ակնկալիքներուն դիմաց, Հռոմ քաղաքին մէջ»համաժողովին 50 ամեակի առիթով։ Համաժողովը տեղի ունեցած է 12-15 փետրուար 1974ին ու յայտնի է որպէս «Հռոմի չարիքներու» մասին համաժողով։

Հաղորդագրութեան մէջ Հռոմի թեմը հրաւէր կ՝ուղղէ հաստատութիւններու, քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցելու ժողովին ու կը տեղեկացնէ որ ժողովին բացումը պիտի կատարէ Գերապ Պալտօ Ռէայն ,իսկ լրագրող Մարքօ Տամիլնօ ժողովին մասնակցիներուն պիտի ներկայացնէ անհաւասարութիւններուն միջոցառումի կապուած վերջին երկու ամիսներուն կատարուած ուղեւորութիւնը, երկու վկաներով, որմէ ետք ելոյթ Պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապը ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2024, 12:48