Ամենուրէք տարածեցէք «ընտանիք» ըլլալու արժէքը. Ֆրանչիսկոս Պապը Իտալացի ձեռնարկատէրերուն
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Շաբաթ` 5 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը օրուան աշխատանքային հանդիպումները սկսաւ առաւօտ կանուխ` ունենալով տարբեր հանդիպումներ, նախ Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Ռոպէր Ֆրանսիս Փրեվոսթի հետ, ապա Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարրելի, հուսկ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսայի` Քահանայապետական Տան Քարոզիչը։ Այս հանդիպումներուն հետեւեցան շարք մը ունկնդրութիւններ, որոնց շարքին էին Տոմինիքեան Հանրապետութեան դեսպան Տիար Լուիս Էմիլիօ Մոնթալվօ Արծէնոյին, Ամենապատիւ ու Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն, հուսկ «Italian Family Business - Իտալական ընտանեկան գործառնութեան» ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամներուն։
Իսկ երեկոյեան ժամը 5ին Սրբազան Պապը` Վատիկանի Պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրի դիմաց կը գլխաւորէ Վատիկանեան Ոստիկանութեան համար սուրբ պատարագը։
Ընտանեկան ձեռնարկութիւններու իտալական ընկերակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը անոնց ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց, որ «Եկեղեցին Աստուծոյ ընտանիքն է ու համակրանքով կը նայի այն բոլոր բաներուն, որոնք ընտանեկան են» եւ ասկէ մեկնելով ակնարկեց Ընկերակցութեան պարագային «ընտանիքի ու աշխատանքի միջեւ գոյութիւն ունեցող նուրբ հաւասարակշռութեան» որ կը պահանջէ «ձեռնարկատիրական քաջութիւն եւ պատասխանատուութիւն»։
Քահանայապետը առ այդ կարեւորեց քաջութիւնն ու պատասխանատուութիւնը նշելով, որ «գործը` որ կը ծնի սրտէն արի է ու գիտէ նայիլ հեռու, իսկ պատասխանատուութիւնը տնտեսութեան գաղտնիքն է եւ խնամքի արտայայտութիւն»։
«Նման Եկեղեցւոյ առաքելութեան ձեր գործունէութիւնն ալ ընդհանրապէս արմատաւորուած է տարածքի մը մէջ, զոր դուք կոչուած էք հարստացնելու՝ թէ ընտանեկան կապերու վկայութեամբ, թէ՛ ձեր մասնագիտական յանձնառութեան լրջութեամբ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մաղթելով, որ հաւատքին շնորհքը միշտ աւելիով կողմնորոշէ անոնց ներկայութիւնը։
«Ամէն ինչ իրար կապուած է նոյնիսկ եթէ մարդոց ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութիւնը վիրաւոր է ու հասարակաց տունը կը կրէ մարդկային անարդար ժլատութեան նշանները» յարեց Սրբազան Պապը ներկաները խրախուսելով ամենուրէք տարածելու «ընտանիք» ըլլալու արժէքը, ապա քաջալերեց զանոնք յառաջ ընթանալու եւ իրենք զիրենք մշտապէս զգալու մաս Եկեղեցւոյ ու մաս աւելի մեծ ձեռնարկի ու ընտանիքի` որ է Աստուծոյ Թագաւորութեան ու արդարութեան ծառայութիւնը։
«Այս իսկ պատճառով կը հրաւիրեմ ձեզ լայնցել ձեր սիրտն ու հայեացքը, զարգացնել լսողութիւնը տարբեր սերունդներու միջև, տան եւ ընկերութեան մէջ, հաւատալ ձեր զաւակներու կոչման, ինչ ալ որ ըլլայ ան, և բանալ դռներն ու պատուհանները անոնց առջեւ` որոնք կարող են ձեր հետ ճանապարհի կտոր մը կտրել: Յիշենք տաղանդներու առակը. մեզի վստահուած ոչ մէկ բան պէտք է թաղուի» եղաւ Նորին Սրբութեան «Italian Family Business - Իտալական ընտանեկան գործառնութեան» ընկերակցութեան պատուիրակութեան անդամներուն ուղղած վերջին յորդորը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ