Աւստրիայի դահուկային մարզանքի ընկերակցութեան անդամները Սրբազան Պապին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 10 Հոկտեմբեր 2024ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր առօրեայ պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ առաւօտեան կանուխ իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունելով Կարդինալներ Ժոզէֆ Ուիլլիամ Թոպին, Պլազ Ժոզէֆ Քուփիքը եւ ԿՌոպէր Վալթէր ՄաքԸլրոյը, ապա ընդունեց Պաղտատի Քաղդէացիներու Պատրիարք` Կարդինալ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, հուսկ Քիեւ – Հալիչ Թեմի Աւագ Արքեպիսկոպոս Գերերջանիկ Զվիաթոզլաւ Շեվչուք, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Չեզենա – Սարսինա թեմին Եպիսկոպոս` Գերապայծառ Տուկլաս Ռիկաթթերիին, Սուրբ Աթոռի մօտ Կանայի դեսպան` Տիկ Անճելինա Պայտըն-Ամիսսահին, հրաժեշտի այցելութեան առիթով, ապա Աւստրիայի դահուկային մարզանքի ընկերակցութեան անդամներուն, 2025 դահուկային մարզանքի աշխարհի ախոյանութեան առիթով։
Այս վերջիններուս ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը յիշեց, թէ ինչպէս ընկերակցութիւնը Աւստրիայի մէջ ծնունդ առած է` 1905 թուականին ապա քաջալերեց բոլորը «իրենց պարտաւորութեան մէջ միշտ զարգացնել մարզանքի բնորոշ այնպիսի արժէքներ, ինչպիսիք են հետեւողականութիւնը, անկեղծութիւնը, բարեկամութիւնը և զօրակցութիւնը», որպէսզի իրենց ներդրումը կատարեն «աւելի եղբայրական աշխարհի մը ի նպաստ»։
«Տէրը ձեզի ընկերանայ ու պահապան Հրեշտակները ձեզ պաշտպանեն ամէն չարէ։ Ես կ՜աղօթեմ ձեզի համար ու դուք աղօթեցէք ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ