Ֆրանչիսկոս Պապ. Անարդարութիւններէն վիրաւորուած մարդկութիւն, հրատապ միջոցներ աւելի լաւ կեանք վարելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 16 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձ մը յղեց ՖԱՕ-ի տնօրէնին, պարէնի 44-րդ համաշխարհային օրուան կապակցութեամբ։
Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց, որ պարէնի համաշխարհային 44-րդ օրը մեզ կը հրաւիրէ խորհելու աւելի լաւ կեանքի եւ ապագային համար՝ սնունդի իրաւունքի վերաբերեալ։
«Սա առաջնահերթութիւն է, քանի որ կը բաւարարէ մարդկային էակի սնուելու հիմնական կարիքներէն մէկը՝ ապրելու համար համապատասխան չափանիշերով, որոնք կ՝երաշխաւորեն մարդ էակի արժանապատիւ գոյութիւնը»։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ յաճախ կը տեսնենք թէ այս իրաւունքը կիրարկուած չէ՝ վնասակար հետեւանքներով ու ՖԱՕ -ին կ՝առաջարկէ պարէնային համակարգերու փոփոխութիւն մը, որ հաշուի կ՝առնէ սննդարար, մատչելի, առողջ, կայուն եւ սնունդի բազմազանութիւնն ու զանազանութիւն՝ հասնելու համար պարէնային անվտանգութեան, առողջ սննդակարգի բոլորին համար։
«Մեր ժամանակի պարէնային խնդիրները դիմակայելու եւ լուծելու ազդու լուծումները կը պահանջեն, որ նկատի առնենք զարգացումի եւ զօրակցութեան սկզբունքները՝ որպէս հիմք մեր զարգացման ծրագիրներուն, որպէսզի անլսելի չմնան վարէն եկողներուն, աղքատներուն, անօթիներուն, հողագործներուն պահանջները, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց պահանջները որոնք կ՝ապրին անբարենպաստ պայմաններու մէջ ու մեկուսացուած գիւղերուն մէջ», գրեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Մարդկութիւնը՝ վիրաւորուած բազմաթիւ անարդարութիւններէն, շտապ կոչ կ՝ընէ արդիւնաւէտ միջոցներ ձեռնարկելու աւելի լաւ կեանք վարելու համար, գործելով միասին, աշխուժանալով միեւնոյն եղբայրութեան ոգիով, եւ գիտնալով որ այս մոլորակը զոր Տէրը մեզի տուաւ պէտք է խաղաղ գոյացութեան բաց այգի ըլլայ»։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ընդգծեց, որ միայն արդարութեան իտէալը որպէս ուղեցոյց ունենալով մեր գործողութիւններու մէջ պիտի կարողանանք բաւարարել մարդոց կարիքները։
«Խոչընդոտներով եւ դժուարութիւններով, միեւնոյն ժամանակ ոգեւորիչ եւ մարտահրաւէրով լի ուղեւորութեան մէջ, միջազգային ընտանիքը կրնայ հաշուի առնել Սուրբ Աթոռի եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ քաջալերանքը, որ երբեք չդադրեցներ իրենց ներդրումը, որպէսզի բոլորը ունենան քանակով եւ որակաւոր սնունդ եւ որպէսզի իւրաքանչիւր անձ վարէ արժանավայել կեանք եւ որպէսզի աշխարհի մէջ աղքատութեան ու սովի ցաւալի պատուհասը յաղթահարուի», գրեց Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ