Ֆրանչիսկոս Պապ. Ամօթով ներում խնդրենք մեր մեղքերէն վիրաւորուածէն

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ աւարտեցաւ ապաշխարութեան հսկումը առ ի պատրաստութիւն սիւնոդի նուիրուած եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին։ Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ խօսքը կեդրոնացուց խոստովանութեան վրայ ու հրաւիրեց ամօթով ներում խնդրել մեր գործած մեղքերէն վիրաւորուածներէն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 1 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախագահեց ապաշխարութեան հսկումին, կազմակերպուած սիւնոդի նուիրուած եպիսկոպոսաց սիւնոդի ընդհանուր ժողովին նախապատրաստական հոգեւոր կրթութեան համար։

Ապաշխարութեան հսկումին արարողութեան ընթացքին եօթը ծիրանաւորներ կարդացին ներողամտութեան խնդրանքներ՝ սեռային շահագործումի եւ իշխանութեան մեղքերուն համար, գաղթականներուն հանդէպ անտարբերութեան համար, կանանց, խաղաղութեան եւ բնիկ ժողովուրդներու դէմ մեքերուն համար ինչպէս նաեւ Կաթողիկէ վարդապետութիւնը՝ որպէս քար նետելու օգտագործելուն համար։ Վկայութիւններ տունին նաեւ երեք վերապրածներ՝ քահանայի բռնութիւններէն եւ Սուրիայէն պատերազմէն ու ցամաք հասնելէն։

Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կայացած, Սիւնոդի համար կազմակերպուած Հոգեւոր կրթութեան ապաշխարութեան հսկումին ներկայ գտնուեցան շուրջ 2500 Հաւատացեալներ, որոնց շարքին սիւնոդի մասնակիցները։

Արտասանած պատգամին սկիզբը Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ«Մենք այստեղ ողորմածութեան մուրացկաններ ենք»։ Եկեղեցին «հոգիով միշտ աղքատներուն եւ ներում փնտռող մեղաւորներուն եկեղեցին է» ոչ միայն սուրբերու եւ արդարներուն։

«Ոչ մէկը մինակը կը փրկուի եւ նոյնքան ճշմարիտ է, որ մէկու մը մեղքը ազդեցութիւն կը ձգէ շատերուն վրայ, ինչպէս ամէն ինչ կապուած է բարիին մէջ այպէս ալ չարիին մէջ»։ «Միայն հիւանդ յարաբերութիւնները բուժելով կրնանք սինոդական եկեղեցի դառնալ» Եւ խոստովանելով գործած մեղքերը, մենք կը կարենանք վերագտնել առաքելութեան մէջ վստահութիւնը եւ բուժել մեղքերը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ ապա խօսքը կեդրոնանացուց Ղուկասի աւետարանիչէն քաղուած Փարիսէցիի եւ Մաքսաւորի առակին վրայ ուր՝ առաջինը կ՝ենթադրէ, որ կ՝աղօթէ, սակայն իրականութեան մէջ ինքզինքն է որ կը գովէ, մինչ Մաքսաւորը կը ողբայ եւ կը զղջայ։

«Մենք, այսօր հոս ենք որպէս մաքսաւոր, մեր աչքերը խոնարհուած են ու ամօթ կը զգանք մեր մեղքերուն համար» ըսաւ Սրբազան համար։ Մաքսաւորին «նման ետեւը մնանք, ազատելով ենթադրութիւններով, կեղծաւորութեամբ եւ հպարտութեամբ զբաղեցուցած տարածքը։ Մենք եւս եպիսկոպոսներս, քահանաներս, կրօնաւորներս ու կրօնաւորուհիներս։ Չենք կրնար Աստուծոյ անունը կանչել առանց ներում խնդրելու մեղ եղբայրներէն եւ քոյրերէն, երկիր մոլորակէն եւ ողջ արարածներէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով, որ սկիզբ պիտի առնէ սիւնոդը հարց տուաւ ըսելով, «թէ ի՞նչպէս կրնանք սիւնոդական եկեղեցին դառնալ առանց հաշտութեան։ Չարին եւ անմեղ տառապանքի առջեւ արդեօ՞ք կը հարցնենք Տէ՛րը ո՞ւր է» ըսաւ Սրբազան հայրը շեշտելով «Պէտք է, որ մենք հարցումը մենք մեզի ուղղենք ու հարցնենք թէ ինչ պատասխանատուութիւն ունինք երբ չենք կրնար բարիի առջեւ չարը կասեցնել, Ինչպէ՞ս կրնանք հետեւիլ երջանկութեան, որուն համար վճարած են մեր եղբայրներն ու քոյրերը դժբախտութեան գինով։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց ճառը ըսելով, որ խոստովանութիւնը հնարաւորութիւն է վերականգնելու համար վստահութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ մեր անձին հանդէպ, վստահութիւն մը որ կտրուած է մեր մեղքերէն եւ սխալներէն ու բուժելու համար մեղքերը՝ որ երբեք չեն դադրիր արիւնահոս ըլլալէ, պէտք է կտրել « չարութեան շղթաները»։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով աղօթելու ու ներում խնդրելու՝ ամօթ զգալով անոնցմէ, որ մեր մեղքերէն վիրաւորուեցան։ Բոլորս ներում խնդրենք։ Բոլորս մեղաւորներ ենք, սակայն յոյս ունինք Տիրոջ սիրոյ մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 10:02