Քահանայապետին կոչը` Եօթը Հոկտեմբերին աղօթքի ու ծոմապահութեան օր խաղաղութիւն հայցելու աշխարհի համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այնպէս ինչպէս պատահած էր, Սուրիոյ, Լիբանանի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան, Հարաւային Սուտանի, Աֆղանիստանի, Ուքրանիոյ ու Սուրբ Երկիրն համար 2013 թուականէն մինչեւ օրս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, չորեքշաբթի 2 Հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ նախագահած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի բացման պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի աւարտին յառաջիկայ երկուշաբթի` 7 հոկտեմբերը հռչակեց ծոմապահութեան եւ աղօթքի օր, վասն աշխարհի խաղաղութեան։
Լարուածութիւններու ու պատերազմական քամիներու սրումին ի տես Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՛ուղղէ զինուելու «աղօթքով ու ծոմապահութեամբ» Աստուծմէ հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը` աշխարհի մը համար, որ կը գտնուի անդունդի եզրին։
Ան նոյն քարոզին մէջ յայտարարեց ապա, որ յառաջիկայ Կիրակի օր Ինք խաղաղութեան աղերսանքի Սուրբ Վարդարանը պիտի աղօթէ Սանթա Մարիա Մաճճորէ Տիրամօր նուիրուած պազիլիքային մէջ, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը, այս ուղղութեամբ հրաւիրելով Սիւնհոդոսի մասնակցողներն ու հաւացեալները միանալու իր այս աղերսական աղօթքին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ