Սինոդ. Համամիութենական աղօթքի հսկում Սուրբ Պետրոս առաքեալի նահատակութեան վայրին մօտ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Անցեալ 2 հոկտեմբերին սկիզբ առած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի ծիրէն ներս, ուրբաթ՝ 11 Հոկտեմբեր 2024ին, կէսօրէ ետք ժամը 7-ին, Վատիկանի «Piazzale dei protomartiri Romani» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ Համամիութենական աղօթք, որ ուղիղ եթերով հեռարձակուեցաւ Վատիկանի լրատուամիջոցներու միջոցաւ։
Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին վերոնշեալ սիւնհոդոսին որպէս հիւր մասնակցող քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, որոնց շարքին էր նաեւ Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Գերշ. Խաժակ Արք. Պարսամեանը բացի Սիւնհոդոսական հայրերէն ու սիւնհոդոսի մասնակցողներէն։
«Piazza dei Protomartiri» Սուրբ Պետրոս առաքեալի նահատակութեան վայր
Յայտնենք` որ «Piazza dei Protomartiri» հրապարակը ըստ աւանդութեան ճանչցուած է որպէս վայրը, ուր Պետրոս Առաքեալ նահատակուեցաւ։ Արդարեւ Անոր դամբանը կը գտնուի այդ վայրէն մի քանի մեթր անդին։
Նշենք նաեւ, որ ընտրուած թուականը եւս` 11 հոկտեմբեր, խորհրդանշական է, տրուած ըլլալով` որ ճիշտ նոյն թուականին, այսինքն 11 Հոկտեմբեր 1962ին, բացումը կատարուած էր Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ Ժողովին։
Աղօթքը սկսաւ թափօրով, որ սկիզբ առաւ Վատիկանի Պօղոս Զ սրահէն, ուղղուելով սրահին մօտակայքը գտնուող «Piazzale dei protomartiri Romani» հրապարակ, ուր զետեղուած էր Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի խաչը եւ ուր տեղի ունեցաւ հսկումը, որուն ընթացքին ընթերցուեցան տարբեր լեզուներով աղօթքներ քաղուած Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի «Lumen Gentium» սահմանադրութիւնէն եւ «Unitatis Redintegratio» փաստաթուղթէն, հուսկ ընթերցումը կատարուեցաւ Յովհաննէս Աւետարանիչէն քաղուած աւետարանական հատուածին, ուր Յիսուս կը խօսի միութեան մասին «որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան»։
Աղօթքներն ու մտածականները ընդմիջուեցան շարականներով ու հոգեւոր մեղեդիներով։
Աղօթքը վերջ գտաւ Հայր մեր աղօթքով ու Քահանայապետի առաքելական օրհնութեամբ։
Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներուն յիշատակը
Աղօթքին առիթով ներկաներուն յանձնուեցաւ Նորին Սրբութեան պատրաստած յաւուր պատշաճի քարոզը, որուն սկիզբը Ան ակնարկեց Յովհաննէս աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի Քահանայական աղօթքի խօսքերուն, նախ քան չարչարանքները. «Տուի անոնց փառքը, որ դուն տուած ես ինծի» (Յովհ. 17,22)։
Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը խօսեցաւ Հռոմի Եկեղեցւոյ առաջին նահատակներուն, «որոնց արիւնով կառուցուեցաւ այս պազիլիքան ու կերտուեցաւ Եկեղեցին»։
Քրիստոնեաներու միութիւնը եւ սիւնհոդոսականութիւնը իրար կապուած են
Ան ակնարկեց ապա Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի բացման թուականին` կրկնելով Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետին, Ժողովի բացման առիթով արտասանած խօսքերը, ապա հաստատեց` որ «քրիստոնեաներու միութիւնը եւ սիւնհոդոսականութիւնը իրար կապուած են»։
Սուրբ Հոգին դերակատար
«Միութիւնը շնորհք է, չնախատեսուած նուէր։ Որուն դերակատարը մենք չենք, այլ Սուրբ Հոգին, որ մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի հաղորդութիւն։ Եւ այնպէս ինչպէս նախապէս չենք գիտեր, որը պիտի ըլլայ սիւնհոդոսին արդիւնքը, նոյնպէս չենք գիտեր ճշգրիտ կերպով ինչպէս պիտի ըլլայ միութիւնը որուն կանչուած ենք» նշեց Քահանայապետը քարոզին մէջ։
Միութիւնը` պարգեւ Երկնքէն
«Միութիւնը ապա Երկնքի արդիւնք է, պարգեւ, որ պէտք է ընկալենք առանց ոչ մէկ արգելք դնելու Նախախնամութեան եւ առանց կանխորոշելու Սուրբ Հոգիի ապագայ առաջարկները» աւելցուց Ան ակնարկելով սիւնհոդոսի գործընթացէն բխած այլ մէկ ուսուցումին` այն է, թէ «միութիւնը ուղեւորութիւն է, կը հասուննայ շարժումի մէջ, ճանապարհի ընթացքին։ Կ՛աճի փոխադարձ ծառայութեան մէջ, կեանքի երկխօսութեան մէջ, բոլոր քրիստոնեաներու համագործակցութեամբ։ Բայց պէտք է քալել Սուրբ Հոգիի հոգիով...»։
Միութիւնը ներդաշնակութիւն
«Երրորդ ուսուցումը այն է` որ միութիւնը ներդաշնակութիւն է եւ Սիւնհոդոսը մեզի կ՛օգնէ վերաբացայայտելու Եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը իր դիմագիծերու տարբերութեան մէջ» դիտել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով` որ «միութիւնը միաձեւութիւն չէ, ոչ ալ փոխզիջումներու պտուղ։ Անիկա ներդաշնակութիւն է` Սուրբ Հոգիին պարգեւած շնորհապարգեւներու տարբերութեան մէջ»... «Ներդաշնակութիւնը Սուրբ Հոգիին ուղին է, որովհետեւ ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Բարսեղը, Ան նոյնինքն ներդաշնակութիւնն է» եղան Նորին Սրբութեան քարոզին խօսքերը։
Արեան Համամիութիւնը
Ի վերջոյ նման սիւնհոդոսականութեան` քրիստոնեաներու միութիւնը անհրաժեշտ է վկայութեան համար։ Համամիութենական շարժումը ծնունդ առաւ միասին վկայելու ցանկութենէն, միւսներուն հետ եւ ոչ թէ միւսներէն հեռու... «այս վայրին մէջ նախնական նահատակները մեզի կը յիշեցնեն թէ այսօր աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ, տարբեր աւանդութիւններու քրիստոնեաներ, իրենց կեանքը կը զոհեն միասին, Յիսուս Քրիստոսի մէջ իրենց հաւատքին համար, ապրելով արեան համամիութիւնը» ընդգծեց Քահանայապետը հաստատելով, որ «Անոնց վկայութիւնը աւելի զօրեղ է խօսքերէն, որովհետեւ միութիւնը ի յայտ կու գայ Տիրոջ Խաչէն»։
Շրջանցել բաժնող պատերը
Ակնարկելով ապա Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի նախօրէին տեղի ունեցած ապաշխարութեան արարողութեան Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադրաձաւ այն ամօթի մասին, որ յառաջ կու գայ քրիստոնեաներու բաժանումի գայթակղութենէն, «գայթակղութիւնը միասնաբար չվկայելու Տէրը` Յիսուս»։ Ասկէ մեկնելով ան նշեց, որ «այս Սիւնհոդոսը հնարաւորութիւն է` աւելի լաւ ընելու, շրջանցելով մեր միջեւ տակաւին գոյութիւն ունեցող պատերը» ապա հրաւիրեց կեդրոնանալ սուրբ Մկրտութեան միասնական հիմքին վրայ` որ «մեզ կը մղէ դառնալու Քրիստոսի միսիոներ աշակերտներ՝ միասնական առաքելութեամբ»։
Աշխարհը պէտք ունի միասնական վկայութեան
«Աշխարհը պէտք ունի միասնական վկայութեան, աշխարհը պէտք ունի, որ մենք հաւատարիմ մնանք մեր ընդհանուր առաքելութեան» եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հաստատումը, մինչ քարոզի աւարտին հայցեց` որ «Քրիստոսին խաչը ամէն օր ընկերանայ մեզի, դէպի լիակատար միութիւն տանող ուղեւորութեան մէջ, իրար միջեւ ու արարչագործութեան հետ ներդաշնակութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ