Սինոդ․ Համամիութենական աղօթք՝ Ֆրանչիսկոս Պապի եւ եղբայրական պատուիրակներու ներկայութեամբ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
«2021-2024 թուականներու Սինոդի ամենակարեւոր պտուղներէն մին, որ կը զանազանէ զայն, եռանդի եւ համամիութենական խոստումին հզօրութիւնն է» (Instrumentum Laboris-Աշխատանքային թղթածրար 2, 107): Յիրաւի, սինոտալ գործընթացի ողջ ընթացքին, տեղական խորհրդակցութիւններէ մինչեւ ցամաքամասային ժողովներ, ընդհուպ մինչեւ Սինոդի ԺԶ Ընդհանուր Ժողովի առաջին Նստաշրջան, միասնութեան եւ համամիութենական յարաբերութիւններու ուղին շարունակելու կոչը միշտ աւելի զօրաւոր դարձած է:
Այդ պատճառաւ է, որ 2024ի Հոկտեմբերի Սինոդի այս երկրորդ Նստաշրջանին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որոշած է աւելցնել քոյր եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակներուն թիւը, որ 16 դարձած է նախորդ նստաշրջանի 12ի փոխարէն ։
Բացի այդ, հաշուի առնելով, որ 30 Սեպտեմբեր 2023ի Սինոդի բացման նախօրէին տեղի ունեցած «Together» խորագիրով համամիութենական աղօթքի հսկումը շատերու կողմէ պատմական պահ ճանչցուած է, որոշում կայացուած է նաեւ այս անգամ կազմակերպել համամիութենական աղօթքի պահ Սինոդի բոլոր մասնակիցներու համար՝ Սրբազան Հօր եւ եղբայրական պատուիրակներու, ինչպէս նաեւ Հռոմի մէջ գտնուող համամիութենական այլ ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ։
Համամիութենական այդ աղօթքը պիտի կայանայ, առաջիկայ ուրբաթ օրը՝ 11 Հոկտեմբեր 2024ին, ժամը 19.00էն 20ը, Սինոտալ դահլիճէն ոչ հեռու գտնուող՝ «Piazza dei Protomartiri» հրապարակին վրայ։ Վայր, ուր ըստ աւանդոյթի, Պետրոս Առաքեալ նահատակուած է։
Ընտրուած ամսաթիւը եւս խորհրդանշական է, քանի որ 11 Հոկտեմբեր 1962ին բացումը կատարուած է Վատիկանի Տիեզերական Երկրորդ Ժողովին։
Այս աղօթքը, ինչպէս եւ անցեալ տարի, պատրաստած են Սինոդի Ընդհանուր Քարտուղարութիւնը եւ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանումի Վերատեսչութիւնը՝ Թեզէի հասարակութեան (Comunità di Taizé) եղբայրներու հետ միասին, որոնք առաջարկած են այդ առթիւ համամիութենական աղօթքներ կազմակերպել նաեւ տեղական համայնքներէն ներս։
Աղօթքը Վատիկանի լրատուամիջոցներու կողմէ պիտի հեռարձակուի ուղիղ եթերով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ