Քահանայապետին աղօթքը Տիրամօր ի հայցումն խաղաղութեան. Ով Մայր, Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն. Աղօթէ մեզի համար։

«Դուն, որ միշտ պատրաստ ես ընդունելու մեր ցաւերը, եկուր մեր օգնութեան անարդարութիւններով ճնշուած և պատերազմներէ աւերուած մեր այս ժամանակներուն» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ գլխաւորած Սուրբ Վարդարանի աղօթքին ընթացքին, որուն առիթով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցեց խաղաղութեան պարգեւը։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Կիրակի 6 հոկտեմբեր 2024ի երեկոյեան ժամը 5ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը` որպէս աղերսանք, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ հայցելու համար խաղաղութեան պարգեւը։

Աղօթքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին մասնակցողները ու բազմաթիւ հաւատացեալներ որոնք ընդառաջեցին Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրին։

Սուրբ Վարդարանի աղօթքին առիթով Քահանայապետը Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր դիմեց հետեւեալ աղօթքով.

«Ով Մարիամ, մեր Մայրը, դարձեալ կանգնած ենք քու առջեւդ։ Դուն կը ճանչնաս մեր յոգնութիւնները ու մեր ցաւերը, որոնք այս պահուն կը ծանրանան մեր սրտին վրայ։ Մենք մեր հայեացքը կ՛ուղղենք քեզի ու կը խորասուզուինք քու աչքերուդ մէջ և կը վստահինք քու սրտիդ»:

«Քեզ ալ, ով Մայր, կեանքը վերապահեց դժուար փորձանքներ ու մարդկային վախեր, բայց դուն եղար քաջ ու համարձակ՝ Աստուծոյ վստահեցար ամէն ինչ, Անոր պատասխանեցիր սիրով, դուն քեզ նուիրելով առանց խնայողութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը, աղօթքին սկիզբը, ակնարկելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մատուցած ծառայութիւններուն` Եղիսաբեթին, Կանայի հարսանիքի ժամանակ ու նաեւ Գողգոթայի լերան վրայ ուր «ցաւի գիշերը լուսաւորեց զատկական յոյսով» հուսկ քնքշութեամբ քաջութիւն տուաւ Վերնատան մէջ ապաստանած աշակերտներուն, անոնց հետ միասին ընդունելով Սուրբ Հոգիին շնորհքը։

«Այժմ մենք քեզի կ՛աղաչենք. Ընկալէ մեր աղաղակը: Մենք պէտք ունինք քու սիրառատ հայեացքիդ, որ մեզ կը հրաւիրէ վստահելու Քու Որդոյդ` Յիսուսին:

Դուն, որ միշտ պատրաստ ես ընդունելու մեր ցաւերը, եկուր մեր օգնութեան անարդարութիւններով ճնշուած և պատերազմներէ աւերուած մեր այս ժամանակներուն, սրբէ արցունքները` իրենց սիրելիներուն մահը սգացող անձերու տանջուող դէմքերէն, արթնցուր մեզ այն տագնապէն, որ խաւարած է մեր կեանքը եւ ուղղէ ու զինաթափ ըրէ մեր սրտերը բռնութեան զէնքերէն, որպէսզի անմիջապէս իրականանայ Եսայի մարգարէութիւնը. «Ան դատաստան պիտի տեսնէ հեթանոսներու մէջ ու պիտի յանդիմանէ բազում ժողովուրդներուն: Անոնց իրենց սուսերներէն խոփեր պիտի ձուլեն, եւ իրենց սուիններէն՝ մանգաղներ. ազգ ազգի վրայ սուր չպիտի բարձրացնէ, եւ անոնք այլեւս պատերազմելու արուեստը պիտի չսորուին :

«Քու մայրական հայեացքդ ուղղէ մարդկային ընտանիքին վրայ, որ կորսնցուց խաղաղութեան ուրախութիւնը եւ մոլորեց եղբայրութեան իմաստը։ Բարեխօսէ մեր այս վտանգի մէջ գտնուող աշխարհին համար, որպէսզի պաշտպանէ կեանքը ու մերժէ պատերազմը, հոգ տանի անոր` որ կը տառապի, աղքատներուն, անպաշտպաններուն, հիւանդներուն, թշուառներուն ու պաշտպանէ մեր Հասարակաց տունը» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը` Խաղաղութեան Թագուհիէն հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը։

«Դարձի բեր սրտերն անոնց որոնք ատելութիւն կը հրահրեն, լռեցուր մահ ստեղծող զէնքերուն աղմուկը, մարէ մարդու սրտին մէջ բորբոքող ատելութիւնը եւ խաղաղութեան նախագիծեր ներշնչէ Ազգերը կառավարողներու գործողութիւններուն »։

«Սուրբ վարդարանի Մարիամ , հալեցուր եսասիրութեան հանգոյցները ու փարատէ չարին մութ ամպերը. Մեզ լեցուր քու քնքշութեամբդ, մեզ վերականգնէ քու հոգատար ձեռքերով ու մեզի, քու զաւակներուն, պարգեւէ Մօր շոյանքը, որ մեզի յոյս կու տայ նոր մարդկութեան մը գալստեան, ուր «… անապատը պիտի դառնայ պարտէզ ու ..պարտէզին մէջ պիտի բնակի օրէնքը ու պիտի թագաւորէ արդարութիւնը...եւ արդարութիւն գործադրելը խաղաղութիւն պիտի տայ (Եսայի 32,15-17). Ով մայր, Հռոմի ժողովուրդի փրկութիւն. Աղօթէ մեզի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2024, 18:00