Բացուինք Սուրբ Հոգիին` մեր առաջնորդին. Ֆրանչիսկոս Պապին բացման խօսքը Եպիսկոպոսներու !6րդ Սիւնհոդոսին

2-27 հոկտեմբեր 2024ին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ Եպիսկոպոսներու ԺԶ Սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր ժողովի` երկրորդ նստաշրջանը, շարունակելու համար անցեալ տարուայ հոկտեմբերին կայացած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Սինոդի աշխատանքները` «Սիւնհոդոսական եկեղեցւոյ ի սպաս. հաղորդութիւն, մասնակցութիւն և առաքելութիւն» թեմայի շուրջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 2 Հոկտեմբեր 2024-ի առաւօտեան Սուրբ Պետրոս հրապարակի վրայ կայացած Սիւնհոդոսի բացման պատարագէն ետքը կէսօրէն ետք ժամը չորսին Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ Եպիսկոպոսներու ԺԶ Սիւնհոդոսի սովորական ընդհանուր ժողովի` աշխատանքային նիստերուն, որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսք մը ուղղեց սիւնհոդոսի մասնակիցներուն ակնարկելով 2021ի հոկտեմբերէն սկսած սիւնհոդոսական գործընթացին, որուն ընթացքին «կտրեցինք երկար ուղեւորութենէն մաս մը» ըսաւ Ան աւելցնելով, որ «այս հաւաքը, առաջնորդութեամբ Սուրբ Հոգիին, պէտք է իր ներդրումը կատարէ, որպէսզի իրականանայ «առաքելութեան մէջ իսկապէս սինոդալ եկեղեցի մը, որ գիտէ, ինչպէս դուրս գալ ինքն իրմէ և բնակիլ աշխարհագրական և գոյութենական արուարձաններուն մէջ, մտահոգութիւնն ունենալով բոլորի հետ կապեր հաստատելու` մեր Եղբայր և Տէր Քրիստոսով»:

Սուրբ Հոգին` ապահով առաջնորդ

«Սուրբ Հոգին ապահով առաջնորդ է ու մեր առաջին պարտականութիւնն է սորվիլ զանազանել անոր ձայնը» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

«Սուրբ Հոգին մեր արցունքները կը սրբէ ու կը մխիթարէ որովհետեւ Աստուծոյ յոյսը կը հաղորդէ»...Ան կրակ մը կը վարէ` կրակը ուրախութեան ու սիրոյ որ կը զեղէ անխտիր բոլորի սրտին մէջ, բարիներուն ու չարերուն» որովհետեւ Աստուած կը հիւրընկալէ բոլորը, միշտ եւ բոլորին կը նուիրէ կեանքի նոր կարելիութիւններ» յարեց Քահանայապետը ակնարկելով մէկ օր առաջ, երեքշաբթի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ կայացած Սիւնհոդոսի պատրաստութեան ապաշխարութեան հսկումն որուն արարողութեան ընթացքին «ներում հայցեցինք... որով դարձանք խոնահ» յարեց Ան, դիտել տալով` որ «խոնարհութիւնն ալ Սուրբ Հոգիին պարգեւն է» որ մեզի թոյլ կու տայ դիտել աշխարհը գիտակցելով որ «մենք միւսներէն աւելի լաւ չենք»։

Կոչուած ցոլացնելու արեւին լոյսը, որ Քրիստոսն է

«Եկեղեցին չի կրնար քալել եւ բարենորոգուիլ առանց Սուրբ Հոգիին ու անոր անակնկալներուն, առանց` որ ան թոյլ տայ կաղապարուելու Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ» շարունակեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով վերսկսիլ ուղեւորութիւնը, որպէս Աստուծոյ ժողովուրդ, այն գիտակցութեամբ` թէ «կոչուած ենք ցոլացնելու մեր արեւին լոյսը, որ Քրիստոսն է»։

Քահանայապետը առ այդ անդրադարձաւ Եպիսկոպոսներու 16րդ Սիւնհոդոսին, որ կը գումարէ իր երկրորդ նստաշրջանը, եւ որ «ինքնատիպ կերպով կը ներկայացնէ Աստուծոյ ժողովուրդին «միասին քայլելը»։

Եպիսկոպոսը սկիզբ ու տեսանելի հիմք յատուկ Եկեղեցւոյն

«Պօղոս Զ Քահանայապետի ներշնչումը` որ 1965ին հաստատեց Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը պտղաբեր եղաւ եւ անցած վաթսուն տարիներու ընթացքին մենք սորվեցանք Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին մէջ տեսնել «բազմակի և սինֆոնիք ենթակայ մը, որ կարող է աջակցիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ուղիին և առաքելութեան, արդիւնաւէտ կերպով օգնելով Հռոմի եպիսկոպոսին` բոլոր Եկեղեցիներու և համայն Եկեղեցւոյ հաղորդութեան ի սպաս ծառայութեան գործին մէջ», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը նշելով` որ Սուրբ Պօղոս Զ գիտակից էր, որ «Սիւնհոդոսը եւ որեւէ մարդկային այլ հաստատութիւն ժամանակի ընթացքին կարող էր աւելիով կատարելագործուիլ» եւ ասկէ մեկնելով դիտել տուաւ թէ` ինք երբ որոշեց Սիւնհոդոսի գործընթացին համար հրաւիրել աշխարհականներու զգալի թիւ մը, զայն ըրաւ համաձայն Վատիկանեան Բ. Տիեզերական Ժողովի ցուցմունքներուն, ուր կը հաստատուի, որ «Եպիսկոպոսը սկիզբ ու տեսանելի հիմք յատուկ Եկեղեցւոյն չի կարող ապրիլ իր ծառայութիւնը եթէ ոչ Աստուծոյ Ժողովուրդին մէջ, Աստուծոյ Ժողովուրդին հետ, քալելով անոր առջեւէն անոր մէջ ու հետեւելով իրեն յանձնուած Աստուծոյ Ժողովուրդի մէկ բեկորին»։

Միասին քալել ներդաշնակութեամբ` իւրաքանչիւրը իր կարողութիւններով

«Մեզմէ խնդրուած է, միասին, սինֆոնիք արւեստով, ծրագիր մը, որ կը միաւորէ մեզ բոլորս Աստուծոյ ողորմութեան ծառայութեան մէջ՝ իւրաքանչիւրը ըստ տարբեր ծառայութեան և խարիզմներու, զոր եպիսկոպոսը պէտք է ճանչնայ և յառաջ մղէ» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, հաստատելով, որ «Միասին քալելը, բոլորս միասին, գործընթաց մըն է` որուն մէջ Եկեղեցին, ունկնդրելով Սուրբ Հոգիին ձայնը, որ զգայուն է հասկնալու ժամանակի նշանները, կը նորոգուի մշտական կերպով ու կը կատարելագործէ իր ծիսակատարութիւնը, դառնալու համար հաւատալի վկայ այն առաքելութեան, որուն համար կանչուած է, համախմբելու համար երկրի բոլոր ազգերը մէկ ժողովուրդի մէջ, որ կը ձգտի աւարտին, երբ նոյնինքն Աստուած մեզ նստեցնել պիտի տայ իր իսկ պատրաստած սեղանին շուրջ»։

Ժողովի «եպիսկոպոսական» բնոյթը չէ խաթարուած

«Ասոր համար այս 16րդ հաւաքին կազմը պայմանական փաստ է, թէ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին, այնպէս ինչպէս Եպիսկոպոսը ու որեւէ այլ քրիստոնեայ չի կարող ինքնիրեն մտածել «առանց միւսին», որովհետեւ փրկութեան աւետիսը կարիքը ունի բոլորին ու բոլորն ալ պէտք է, որ ունկնդրուին» եղաւ Նորին Սրբութեան ներկայացուցած մտածումներէն մին7 որուն հիման վրայ հաստատեց` թէ « Եպիսկոպոս չհանդիսացող անդամներու ներկայութիւնը Եպիսկոպոսներու այս Սինոդի Ժողովին չի խաթարեր Ժողովի «եպիսկոպոսական» բնոյթը... Ոչ ալ սահմաններ կամ շեղումներ կը դնէ Եպիսկոպոսի և Եպիսկոպոսներու դասի իւրայատուկ լիազօրութիւններուն»։

Սուրբ Հոգին է, որ այնպէս կ՛ընէ` որ Եկեղեցին հաւատարիմ մնայ Տիրոջ

«Ընդհակառակը ան կը յուշէ ձեւը` որ կոչուած է ստանձնելու եպիսկոպոսական իշխանութիւնը Եկեղեցւոյ մը մէջ, որ գիտակից է ըլլալ սկզբունքօրէն յարաբերական` հետևաբար սիւնհոդոսական» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու անգամ մը եւս շեշտեց, «որ Սուրբ Հոգին ներդաշնակութիւն է», հրաւիրելով մտաբերել Պենտեկոստէի օրը երբ Ան խառնաշփոթութեան ընթացքին ներդաշնակութիւն հաստատեց»։

«Սուրբ Հոգին է, որ այնպէս կ՛ընէ որ Եկեղեցին մշտապէս հաւատարիմ մնայ Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի պատուէրին, ու շարունակաբար ունկնդիր Անոր Խօսքին։  Սուրբ Հոգին աշակերտները կ՛առաջնորդէ դէպի ճշմարտութիւնը ու կ՛առաջնորդէ նաեւ մեզ, այս հաւաքին մէջ, երեք տարի ետք, պատասխաններ տալու համար այն հարցումին թէ «ի՞նչպէս ըլլալ սիւնհոդոսական միսիոնար Եկեղեցի մը» ըսաւ ապա Քահանայապետը, որ սիւնհոդոսի բոլոր մասնակիցներուն մաղթեց որ «բացուին Սուրբ Հոգիի ներգործութեան», վստահելի առաջնորդ ու մխիթարութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2024, 17:04